Joshua 17
Deuteronomy « Joshua 16 ‹ Joshua 17 › Joshua 18 » Judges
ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷ
1Մանասէի տոհմին ալ վիճակ 1ելաւ, քանի որ ան Յովսէփի անդրանիկն էր։ Մանասէի անդրանիկը՝ Մաքիր, Գաղաադի հայրը, պատերազմիկ մըն էր. ուստի Գաղաադն ու Բասանը ունեցաւ։
2Մանասէի միւս որդիներուն ալ վիճակ ելաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ.— Աբիեզերի որդիներուն, Քեղեքի որդիներուն, Ասրիէլի որդիներուն, Սիւքէմի որդիներուն, Ոփերի որդիներուն ու Սեմիդայի որդիներուն։ Ասո՛նք էին Յովսէփեան Մանասէի արու 2զաւակները՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
3Սակայն Մանասէի որդիին՝ Մաքիրի որդիին՝ Գաղաադի որդիին՝ Ոփերի որդին Սալպաադ որդիներ չունէր, հապա միայն աղջիկներ։ Ահա՛ւասիկ անոր աղջիկներուն անունները.— Մահալա, Նուա, Էգղա, Մեղքա ու Թերսա։
4Ասոնք Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուի եւ իշխաններուն ներկայանալով՝ ըսին. «Տէրը Մովսէսի հրամայեց որ մեզի ժառանգութիւն տրուի մեր եղբայրներուն մէջ»։ Ուստի Յեսու՝ Տէրոջ հրամանին համաձայն՝ անոնց ժառանգութիւն տուաւ իրենց հօր եղբայրներուն մէջ։
5Մանասէի տասը բաժին 3ելաւ՝ Յորդանանի միւս կողմը եղող Գաղաադի ու Բասանի երկրէն զատ,
6որովհետեւ Մանասէի աղջիկները անոր որդիներուն մէջ ժառանգութիւն առին. իսկ Գաղաադի երկիրը Մանասէի միւս որդիներուն եղաւ։
7Մանասէի սահմանը 4Ասերէն մինչեւ Մաքմեթաթ՝՝ եղաւ, որ Սիւքէմի դիմաց է։ Այս սահմանը աջ կողմը կ’երթայ, դէպի Թափուայի աղբիւրին քով բնակողները.
8Թափուայի երկիրը Մանասէի եղաւ, բայց Մանասէի սահմանին վրայ եղող Թափուա քաղաքը Եփրեմի որդիներուն եղաւ։
9Այս սահմանը Կանա վտակը կ’իջնէ, վտակին հարաւային կողմէն։ Մանասէի քաղաքներուն մէջ՝ ասոնք Եփրեմի քաղաքներն են. Մանասէի հողամասը վտակին հիւսիսային կողմն է ու ծովը կը յանգի։
10Հարաւային կողմը՝ Եփրեմի, իսկ հիւսիսային կողմը՝ Մանասէի ըլլալով, անոնց սահմանը ծովը եղաւ. հիւսիսային կողմը՝ Ասերի կը հասնէին, իսկ արեւելեան կողմը՝ Իսաքարի։
11Իսաքարի ու Ասերի հողամասերուն մէջ՝ Մանասէ ունեցաւ Բեթսանը եւ անոր 5գիւղերը, Յեբղաամը եւ անոր գիւղերը, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղերը, Ենդովրի բնակիչներն ու անոր գիւղերը, Թանաքի բնակիչներն ու անոր գիւղերը, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղերը. այս երեք բարձրաւանդակները։
12Բայց Մանասէի որդիները չկրցան այս քաղաքներուն բնակիչները վտարել. ուստի Քանանացիները կամապաշտութեամբ այդ երկրին մէջ բնակեցան։
13Երբ Իսրայէլի որդիները ուժովցան՝ Քանանացիներուն վրայ հարկ դրին, բայց զանոնք իսպառ չվտարեցին։
ԵՓՐԵՄ ԵՒ ԱՐԵՒՄՏԵԱՆ ՄԱՆԱՍԷ ԱՒԵԼԻ ՀՈՂ Կ’ՈՒԶԵՆ
14Յովսէփի որդիները Յեսուի հետ խօսեցան, եւ ըսին. «Ինչո՞ւ ինծի միայն մէկ վիճակ ու մէկ բաժին տուիր իբր ժառանգութիւն։ Ես բազմաթիւ ժողովուրդ մըն եմ. քանի Աստուած մինչեւ հիմա զիս օրհնեց»։
15Յեսու անոնց պատասխանեց. «Եթէ դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, անտա՛ռը բարձրացիր, եւ հոն քեզի համար տե՛ղ 6ըրէ՝ Փերեզացիներու ու Ռափայիններու երկրին մէջ, եթէ Եփրեմի լեռը քեզի շատ նեղ է»։
16Յովսէփի որդիները ըսին. «Լեռը մեզի համար բաւական չէ, ու հովիտի երկրին մէջ, Բեթսանի մէջ եւ անոր գիւղերուն մէջ, ու Յեզրայէլի հովիտին մէջ բնակող բոլոր Քանանացիները երկաթէ կառքեր ունին»։
17Յեսու Յովսէփի տան, այսինքն Եփրեմի ու Մանասէի հետ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Դուն բազմաթիւ ժողովուրդ ես, ու մեծ ոյժ ունիս. միայն մէկ վիճակ պիտի չունենաս,
18հապա լեռը քուկդ պիտի ըլլայ. եւ քանի ան անտառ է, զայն կտրէ՛, ու մինչեւ ծայրը քուկդ թող ըլլայ. արդարեւ դուն Քանանացիները անկէ պիտի վտարես, թէպէտ անոնք երկաթէ կառքեր ունին եւ ուժեղ են»։