Joshua 18
Deuteronomy « Joshua 17 ‹ Joshua 18 › Joshua 19 » Judges
ՄՆԱՑԵԱԼ ԵՐԿՐԻՆ ԲԱԺԱՆՈՒՄԸ
1Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Սելովի մէջ համախմբուեցաւ, ու Հանդիպումի վրանը հոն 1կանգնեցուցին. երկիրը անոնց առջեւ նուաճուեցաւ։
2Իսրայէլի որդիներուն մէջ եօթը տոհմ մնացած էր, որոնց բաժնուած չէր իրենց ժառանգութիւնը։
3Ուստի Յեսու Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ. «Մինչեւ ե՞րբ անհոգ պիտի ըլլաք եւ պիտի չերթաք տիրանալու այն երկրին, որ Տէրը՝ ձեր հայրերուն Աստուածը ձեզի տուաւ։
4Ամէն մէկ տոհմէ երե՛ք մարդ 2ընտրեցէք, որպէսզի զանոնք ղրկեմ. անոնք պիտի կանգնին, այդ երկրին մէջ պիտի շրջին, զայն իրենց ժառանգութեան համեմատ արձանագրեն, յետոյ ինծի գան։
5Զայն եօթը մասի պիտի բաժնեն. Յուդա իր հողամասին մէջ պիտի կենայ՝ հարաւային կողմը, եւ Յովսէփի տունը իր հողամասին մէջ պիտի կենայ՝ հիւսիսային կողմը։
6Ուստի երկիրը արձանագրեցէ՛ք՝ եօթը բաժինով, ու հոս՝ ինծի՛ բերէք արձանագրութիւնը, որպէսզի հոս՝ ձեզի համար վիճակ ձգեմ Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն առջեւ։
7Սակայն Ղեւտացիները ձեր մէջ բաժին չունին, որովհետեւ Տէրոջ քահանայութիւնն է անոնց ժառանգութիւնը։ Իսկ Գադ, Ռուբէն եւ Մանասէի կէս տոհմը իրենց ժառանգութիւնները ստացած են Յորդանանի միւս կողմը, դէպի արեւելք. Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս իրենց տուաւ զանոնք»։
8Այդ մարդիկը կանգնեցան ու գացին։ Յեսու այդ երկիրը արձանագրելու գացողներուն պատուիրեց. «Գացէ՛ք, այդ երկրին մէջ շրջելով զայն արձանագրեցէ՛ք եւ ինծի՛ վերադարձէք, որպէսզի հոս՝ Սելովի մէջ ձեզի համար վիճակ ձգեմ Տէրոջ առջեւ»։
9Այդ մարդիկը գացին, այդ երկրին մէջէն անցան, զայն եօթը բաժինով արձանագրեցին գիրքի մը մէջ՝ իր քաղաքներուն համեմատ, ու Յեսուի եկան՝ Սելովի բանակավայրը։
10Յեսու Սելովի մէջ անոնց համար վիճակ ձգեց Տէրոջ առջեւ, ու հոն՝ Յեսու երկիրը բաժնեց Ւսրայէլի որդիներուն՝ իրենց բաժիններուն համեմատ։
ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
11Նախ՝ Բենիամինի որդիներուն տոհմին վիճակը ելաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։ Իրենց վիճակին հողամասը՝ Յուդայի որդիներուն եւ Յովսէփի որդիներուն մէջտեղը ելաւ։
12Անոնց հիւսիսային կողմի սահմանը Յորդանանէն 3կը սկսի՝՝. այս սահմանը հիւսիսային կողմէն Երիքովի քով կը բարձրանայ, դէպի արեւմուտք՝ լեռը կը բարձրանայ, ու Բեթաւանի անապատը կը յանգի։
13Սահմանը անկէ Լուզ կ’անցնի, Լուզի՝ այսինքն Բեթէլի հարաւային կողմէն. այս սահմանը Ատարոթ-Ադար կ’իջնէ, որ Ստորին Բեթորոնին հարաւային կողմը եղող լերան քովն է։
14Այս սահմանը արեւմտեան ծայրը 4հասնելով՝ դէպի հարաւ կը դառնայ, Բեթորոնի դիմացի լեռնէն դէպի հարաւ, ու կը յանգի Կարիաթ-Բահաղ, որ Կարիաթ-Յարիմն է, Յուդայի որդիներուն քաղաքը։ Ա՛յս է արեւմտեան կողմը։
15Հարաւային կողմը Կարիաթ-Յարիմի ծայրէն կը սկսի. սահմանը դէպի արեւմուտք 5կ’երթայ եւ Նափթովայի ջուրին աղբիւրէն դուրս կ’ելլէ։
16Այս սահմանը՝ Ենովմի որդիին ձորին դիմացի լերան ծայրը կ’իջնէ. այս ձորը Ռափայիններու հովիտին մէջ է՝ հիւսիսային կողմը։ Սահմանը Ենովմի ձորէն կ’իջնէ դէպի հարաւ՝ Յեբուսի քովէն, ու Ռովգէլի աղբիւրը կ’իջնէ.
17յետոյ դէպի հիւսիս հասնելով՝ Ենսամիւսէն դուրս կ’ելլէ, ապա Եդովմինի զառիվերին դիմաց եղող Գալիլովթէն դուրս կ’ելլէ, եւ Ռուբէնեան Բահանի քարը կ’իջնէ։
18Յետոյ Արաբայի դիմացի կողմէն դէպի հիւսիս անցնելով՝ Արաբա կ’իջնէ։
19Ապա այս սահմանը Բեթագղայի քովէն կ’անցնի՝ դէպի հիւսիս, եւ այս սահմանը Աղի ծովուն հիւսիսային ծոցը ու Յորդանանի հարաւային ծայրը կը յանգի։ Ա՛յս է հարաւային սահմանը։
20Արեւելեան կողմի սահմանը Յորդանանն է։ Ա՛յս է Բենիամինի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ իր շրջակայ սահմաններով, անոնց գերդաստաններուն համեմատ։
21Հետեւեալները Բենիամինի որդիներուն տոհմին քաղաքներն են՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ.— Երիքով, Բեթագղա, Եմեկկասիս,
22Բեթարաբա, Սեմարիմ, Բեթէլ,
23Աւիմ, Փարա, Եփրա,
24Քեփարամոննա, Հոփնի ու Գաբա. տասներկու քաղաք, եւ անոնց աւանները։
25Գաբաւոն, Ռամա, Բերովթ,
26Մասփա, Կեփիրա, Մոսա,
27Ռեկէմ, Յերփայէլ, Թարաղա,
28Սելա, Էլէփ, Յեբուս, այսինքն՝ Երուսաղէմ, Գաբաաթ ու Կարիաթ. տասնչորս քաղաք, եւ անոնց աւանները։ Ա՛յս է Բենիամինի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։