Joshua 19
Deuteronomy « Joshua 18 ‹ Joshua 19 › Joshua 20 » Judges
ՇՄԱՒՈՆԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
1Երկրորդ վիճակը Շմաւոնի ելաւ, Շմաւոնի որդիներուն տոհմին՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ. անոնց ժառանգութիւնը Յուդայի որդիներուն ժառանգութեան մէջ եղաւ։
2Իրենց ժառանգութեան մէջ սա՛ քաղաքները ունեցան.— Բերսաբէ, (Սաբէ,) Մոլադա,
3Ասերսուաղ, Բաղա, Ասէմ,
4Էլթուղադ, Բաթուլ, Հորմա,
5Սիկելակ, Բեթմարքաբովթ, Ասեր-Սուսա,
6Բեթլաբաւովթ եւ Սարուհէն. տասներեք քաղաք, եւ անոնց աւանները։
7Ային, Ռեմոն, Եթեր եւ Ասան. չորս քաղաք, եւ անոնց աւանները։
8Նաեւ այս քաղաքներուն շուրջը եղող բոլոր աւանները՝ մինչեւ 1Բահաղէթ- Բէեր ու հարաւային Ռաման՝՝։ Ա՛յս է Շմաւոնի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
9Շմաւոնի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ Յուդայի որդիներուն բաժինէն առնուեցաւ, քանի որ Յուդայի որդիներուն բաժինը շատ էր իրենց համար. ուստի Շմաւոնի որդիներուն ժառանգութիւնը անոնց ժառանգութեան մէջ եղաւ։
ԶԱԲՈՒՂՈՆԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
10Երրորդ վիճակը Զաբուղոնի որդիներուն ելաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։ Անոնց ժառագութեան սահմանը մինչեւ Սարիդ եղաւ.
11անոնց սահմանը դէպի ծովը եւ Մարաղա կը բարձրանայ, Դաբասէթ կը հասնի, ապա Յեկնամի դիմաց եղող վտակը կը հասնի։
12Սարիդէն դէպի արեւելք կը դառնայ՝ արեւելեան կողմը, Քասղովթ-Թաբորի սահմանը, ու Դաբարաթէն դուրս ելլելով՝ Յափիէ կը բարձրանայ.
13անկէ դէպի արեւելք կ’անցնի՝ Գեթքոփերէն եւ Իթագասինէն, ու Ռեմոն-Մեթոարէն եւ Նուայէն դուրս կ’ելլէ.
14Յետոյ այս սահմանը անոր շուրջը կը դառնայ հիւսիսային կողմէն՝ դէպի Ենաթոն, ու Յեփթայէլի ձորը կը յանգի։
15Նաեւ Կատտաթ, Նահաղոլ, Սամրոն, Յադելա ու Բեթլեհէմ. տասներկու քաղաք, եւ անոնց աւանները։
16Ա՛յս է Զաբուղոնի որդիներուն ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։
ԻՍԱՔԱՐԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
17Չորրորդ վիճակը Իսաքարի ելաւ, Իսաքարի որդիներուն՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
18Անոնց սահմանը 2կ’երթայ դէպի Յեզրայէլ, Քասելովթ, Սունամ,
19Ափերէմ, Սիան, Անարէթ,
20Ռաբբիթ, Կեսիոն, Աբէս,
21Ռամաթ, Ենգանիմ, Ենքադդա ու Բեթփասէս։
22Այս սահմանը Թաբոր, Սասիմա ու Բեթսամիւս կը հասնի, եւ անոնց սահմանը Յորդանան կը յանգի. տասնվեց քաղաք, եւ անոնց աւանները։
23Ա՛յս է Իսաքարի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։
ԱՍԵՐԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
24Հինգերրրդ վիճակը Ասերի որդիներուն տոհմին ելաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
25Անոնց սահմանը 3կ’երթայ դէպի՝՝ Քեղկաթ, Աղի, Բետէն, Աքսափ,
26Ալամելէք, Ամադ, Մասաղ, եւ արեւմտեան կողմէն մինչեւ Կարմեղոս ու Սիոր-Լեբնաթ կը հասնի։
27Արեւելեան կողմէն դէպի Բեթդագոն կը դառնայ, Բեթամէկի եւ Նէիէլի հիւսիսային կողմէն՝ Զաբուղոն ու Յեփթայէլի ձորը կը հասնի, եւ ձախ կողմէն՝ Քաբողէն դուրս կ’ելլէ.
28ապա կ’երթայ դէպի Եբրոն, Րոհոբ, Համմոն ու Կանա, մինչեւ Մեծն Սիդոն։
29Յետոյ այս սահմանը դէպի Ռամա կը դառնայ՝ մինչեւ Տիւրոս պարսպապատ քաղաքը. եւ այս սահմանը դէպի Ուսա դառնալով՝ Աքեզիբի նահանգին մէջէն կը յանգի ծովը,
30Ամմա, Ափէկ ու Րոհոբ. քսաներկու քաղաք, եւ անոնց աւանները։
31Ա՛յս է Ասերի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։
ՆԵՓԹԱՂԻՄԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
32Վեցերորդ վիճակը Նեփթաղիմի որդիներուն ելաւ, Նեփթաղիմի որդիներուն՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
33Անոնց սահմանը Հելէփէն եւ Ալոնէն 4կ’երթայ դէպի Սանանիմ, Ադամի-Նագէբ ու Յաբնէլ, մինչեւ Լակում, ու Յորդանան կը յանգի։
34Այս սահմանը արեւմտեան կողմէն դէպի Ազանոթ-Թաբոր կը դառնայ, եւ անկէ դուրս կ’ելլէ դէպի Հուկոկ. հարաւային կողմէն մինչեւ Զաբուղոն կը հասնի, արեւմտեան կողմէն մինչեւ Ասեր կը հասնի, իսկ արեւելեան կողմէն՝ մինչեւ Յորդանանի Յուդան։
35Պարսպապատ քաղաքներն են՝ Ասեդիմ, Սեր, Ամաթ, Ռեկկաթ,
36Քեներէթ, Ադամա, Ռամա, Հասոր,
37Կադէս, Եդրայի, Ենհասոր, Յարոն,
38Մակդաղիէլ, Հարէմ, Բեթանաթ ու Բեթսամիւս. տասնինը քաղաք, եւ անոնց աւանները։
39Ա՛յս է Նեփթաղիմի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։
ԴԱՆԻ ՅԱՏԿԱՑՈՒԱԾ ԵՐԿԻՐԸ
40Եօթներորդ վիճակը Դանի որդիներուն տոհմին ելաւ՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ։
41Անոնց ժառանգութեան 5սահմանին մէջ են՝՝ Սարաա, Եսթաւուղ, Իրսամէս,
42Սաղաբին, Այեղոն, Յեթլա,
43Ելոն, Թամնաթա, Ակկարոն,
44Ելթեկէ, Գաբաթոն, Բաալոթ,
45Եհուդ, Բանէ-Բարակ, Գեթռեմոն,
46Մէարկոն եւ Ռակկոն, Յոպպէի դիմաց եղող հողամասով։
47Սակայն Դանի որդիներուն հողամասը իրենց պզտիկ 6եղաւ. ուստի Դանի որդիները բարձրացան ու Լեսէմի դէմ պատերազմեցան. զայն գրաւեցին, զայն սուրի բերանէ անցուցին, եւ անոր տիրանալով՝ անոր մէջ բնակեցան, ու Լեսէմը իրենց հօր՝ Դանի անունով Դան կոչեցին։
48Ա՛յս է Դանի որդիներուն տոհմին ժառանգութիւնը՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ, այս քաղաքներն ու անոնց աւանները։
ԵՐԿՐԻՆ ՎԵՐՋԻՆ ՅԱՏԿԱՑՈՒՄԸ
49Երկիրը իր սահմաններով 7բաժնելը աւարտելէն ետք, Իսրայէլի որդիները Նաւեան Յեսուի ժառանգութիւն տուին իրենց մէջ.
50Տէրոջ հրամանին համաձայն՝ անոր տուին իր խնդրած քաղաքը, Թամնաթ-Սարան՝ Եփրեմի լեռնակողմը. ան ալ քաղաքը կառուցանեց եւ անոր մէջ բնակեցաւ։
51Ասոնք են այն ժառանգութիւնները, որ Եղիազար քահանան, Նաւեան Յեսու եւ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերուն նահապետները վիճակով բաժնեցին Սելովի մէջ՝ Տէրոջ առջեւ, Հանդիպումի վրանին մուտքը. ու երկիրը բաժնելը աւարտեցին։