Joshua 20
Deuteronomy « Joshua 19 ‹ Joshua 20 › Joshua 21 » Judges
ԱՊԱՍՏԱՆԻ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ
1Տէրը Յեսուի ըսաւ.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Դուք ձեզի ապաստանի քաղաքնե՛ր 1որոշեցէք, որոնց մասին ձեզի խօսեցայ Մովսէսի 2միջոցով,
3որպէսզի սխալմամբ եւ անգիտակցաբար անձ մը 3սպաննող մարդասպանը հո՛ն փախչի. անոնք ձեզի ապաստանարան պիտի ըլլան արիւնի վրէժխնդիրէն։
4Մարդասպանը այդ քաղաքներէն մէկուն մէջ թող փախչի, քաղաքին դրան մուտքը կայնի, եւ իր խնդիրը այդ քաղաքին երէցներուն 4հաղորդէ, որպէսզի լսեն՝՝ ու զինք քաղաքին մէջ իրենց քով 5ընդունին, անոր տեղ մը տան, եւ ան իրենց հետ բնակի։
5Երբ արիւնի վրէժխնդիրը զայն հետապնդէ, մարդասպանը անոր ձեռքը թող չմատնեն, քանի ան իր ընկերը անգիտակցաբար 6մեռցուցեր է. 7առաջուընէ զայն չէր ատեր։
6Ան այդ քաղաքը պիտի բնակի, մինչեւ որ դատաստանի համար համայնքին ներկայանայ, ու մինչեւ որ այդ օրերու քահանայապետը մեռնի։ Յետոյ մարդասպանը թող վերադառնայ, եւ իր քաղաքն ու տունը երթայ, այսինքն այն քաղաքը՝ ուրկէ փախեր էր”»։
7Ուստի Կադէսը 8որոշեցին Գալիլեայի մէջ՝ Նեփթաղիմի լեռնակողմը, Սիւքէմը՝ Եփրեմի լեռնակողմը, եւ Կարիաթ-Արբան՝ այսինքն Քեբրոնը՝ Յուդայի լեռնակողմը.
8իսկ Երիքովի դիմաց՝ Յորդանանի միւս կողմը, դէպի արեւելք, Ռուբէնի տոհմէն՝ Բոսորը տուին, անապատը՝ լեռնադաշտին մէջ, Գադի տոհմէն՝ Գաղաադի մէջ Ռամովթը, ու Մանասէի տոհմէն՝ Բասանի մէջ Գովղանը։
9Ասոնք են բոլոր Իսրայէլի որդիներուն համար ու անոնց մէջ պանդխտացած գաղթականին համար սահմանուած քաղաքները, որպէսզի ո՛վ որ սխալմամբ անձ մը 9սպաննէ, հո՛ն փախչի եւ արիւնի վրէժխնդիրին ձեռքով չմեռնի, մինչեւ որ դատաստանի համար համայնքին ներկայանայ։