Loading...

Joshua 21

Deuteronomy  «  Joshua 20  ‹  Joshua 21  ›  Joshua 22  »  Judges


ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՔԱՂԱՔՆԵՐԸ

1

Ղեւտացիներուն նահապետները՝ Եղիազար քահանային, Նաւեան Յեսուի եւ Իսրայէլի որդիներուն տոհմերու նահապետներուն ներկայացան,

2

անոնց խօսեցան Քանանի երկիրը՝ Սելովի մէջ, ու ըսին. «Տէրը Մովսէսի 1միջոցով հրամայեց որ մեզի քաղաքներ տրուին՝ բնակելու համար, եւ անոնց արուարձանները՝ մեր անասուններուն համար»։

3

Ուստի Իսրայէլի որդիները՝ Տէրոջ հրամանով՝ իրենց ժառանգութիւններէն սա՛ քաղաքներն ու անոնց արուարձանները տուին Ղեւտացիներուն.—

4

Առաջին վիճակը Կահաթեաններու գերդաստաններուն ելաւ։ Ղեւտացիներէն Ահարոն քահանային որդիները՝ վիճակով տասներեք քաղաք ունեցան, Յուդայի տոհմէն, Շմաւոնի տոհմէն ու Բենիամինի տոհմէն։

5

Կահաթի միւս որդիներուն՝ վիճակով տասը քաղաք տրուեցաւ, Եփրեմի տոհմին գերդաստաններէն, Դանի տոհմէն եւ Մանասէի կէս տոհմէն։

6

Գերսոնի որդիներուն՝ վիճակով տասներեք քաղաք տրուեցաւ, Իսաքարի տոհմին գերդաստաններէն, Ասերի տոհմէն, Նեփթաղիմի տոհմէն, ու Բասանի մէջ եղող Մանասէի կէս տոհմէն։

7

Մերարիի որդիներուն՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ՝ տասներկու քաղաք տրուեցաւ, Ռուբէնի տոհմէն, Գադի տոհմէն եւ Զաբուղոնի տոհմէն։

8

Իսրայէլի որդիները այս քաղաքներն ու անոնց արուարձանները վիճակով տուին Ղեւտացիներուն, ինչպէս Տէրը պատուիրեր էր Մովսէսի 2միջոցով։

9

Յուդայի որդիներուն տոհմէն ու Շմաւոնի որդիներուն տոհմէն՝ իրենց անունով 3յիշուած սա՛ քաղաքները տուին,

10

որոնք Ահարոնի որդիներուն եղան, (ասոնք Ղեւիի որդիներէն եղող Կահաթեաններու գերդաստաններէն էին,) քանի որ առաջին վիճակը անոնցն էր։

11

Անոնց տուին Յուդայի լեռնակողմը եղող Ենակի հօր՝ Արբայի քաղաքը, այսինքն՝ Քեբրոնը, իր շրջակայ արուարձաններով։

12

Իսկ քաղաքին արտերն ու անոր աւանները Յեփոնեան Քաղէբի տուին՝ իբր 4կալուած։

13

Ուստի Ահարոն քահանային որդիներուն տուին՝ որպէս մարդասպանին համար որոշուած ապաստանի քաղաք՝ Քեբրոնը իր արուարձաններով, նաեւ Լեբնան իր արուարձաններով,

14

Յաթիրը իր արուարձաններով, Եսթեմովը իր արուարձաններով,

15

Քողոնը իր արուարձաններով, Դաբիրը իր արուարձաններով,

16

Այինը իր արուարձաններով, Յետտան իր արուարձաններով, եւ Բեթսամիւսը իր արուարձաններով. այս երկու տոհմերէն ինը քաղաք տուին։

17

Իսկ Բենիամինի տոհմէն՝ Գաբաւոնը իր արուարձաններով, Գաբան իր արուարձաններով,

18

Անաթովթը իր արուարձաններով, ու Գաղմոնը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

19

Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն բոլոր քաղաքները տասներեք քաղաք էին, եւ իրենց արուարձանները։

20

Կահաթի որդիներէն եղող միւս Ղեւտացիները — Կահաթեաններու գերդաստաններէն — Եփրեմի տոհմէն ունեցան իրենց վիճակին քաղաքները։

21

Անոնց՝ որպէս մարդասպանին համար որոշուած ապաստանի քաղաք՝ Եփրեմի լեռնակողմը եղող Սիւքէմը տուին իր արուարձաններով, նաեւ Գազերը իր արուարձաններով,

22

Կաբսեմը իր արուարձաններով, ու Բեթորոնը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

23

Դանի տոհմէն՝ Ելթեկէն իր արուարձաններով, Գաբաթոնը իր արուարձաններով,

24

Այեղոնը իր արուարձաններով, ու Գեթռեմոնը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

25

Մանասէի կէս տոհմէն՝ Թանաքը իր արուարձաններով, եւ Գեթռեմոնը իր արուարձաններով. երկու քաղաք տուին։

26

Բոլորը՝ տասը քաղաք եւ անոնց արուարձանները տրուեցան Կահաթի միւս որդիներուն գերդաստաններուն։

27

Ղեւտացիներու գերդաստաններէն եղող Գերսոնի որդիներուն՝ որպէս մարդասպանին համար որոշուած ապաստանի քաղաք՝ Մանասէի կէս տոհմէն տուին Բասանի մէջ եղող Գովղանը իր արուարձաններով, նաեւ Բեեստարան իր արուարձաններով. երկու քաղաք տուին։

28

Իսաքարի տոհմէն՝ Կեսիոնը իր արուարձաններով, Դաբարաթը իր արուարձաններով,

29

Յերիմութը իր արուարձաններով, ու Ենգանիմը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

30

Ասերի տոհմէն՝ Մասաղը իր արուարձաններով,

31

Աբդոնը իր արուարձաններով, Քեղկաթը իր արուարձաններով, եւ Րոհոբը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

32

Նաեւ Նեփթաղիմի տոհմէն՝ որպէս մարդասպանին համար որոշուած ապաստանի քաղաք՝ Գալիլեայի մէջ եղող Կադէսը տուին իր արուարձաններով, նաեւ Եմաթ-Դովրը իր արուարձաններով, ու Կարթանը իր արուարձաններով. երեք քաղաք տուին։

33

Գերսոնեաններուն բոլոր քաղաքները՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ՝ տասներեք քաղաք էին, եւ անոնց արուարձանները։

34

Մնացեալ Ղեւտացիներուն — Մերարիի որդիներուն գերդաստաններուն — Զաբուղոնի տոհմէն Յեկնամը տուին իր արուարձաններով, Կարթան իր արուարձաններով,

35

Դեմնան իր արուարձաններով, ու Նահաղոլը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

36

Ռուբէնի տոհմէն՝ Բոսորը իր արուարձաններով, Յասսան իր արուարձաններով,

37

Կադեմոթը իր արուարձաններով, եւ Մեփայաթը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

38

Գադի տոհմէն՝ որպէս մարդասպանին համար որոշուած ապաստանի քաղաք՝ Գաղաադի մէջ եղող Ռամովթը տուին իր արուարձաններով, նաեւ Մանայիմը իր արուարձաններով,

39

Եսեբոնը իր արուարձաններով, ու Յազերը իր արուարձաններով. չորս քաղաք տուին։

40

Ղեւտացիներու գերդաստաններէն մնացած Մերարիի որդիներուն բոլոր քաղաքները՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ՝ տասներկու քաղաք եղան, իրենց վիճակով տրուած։

41

Ղեւտացիներուն բոլոր քաղաքները՝ Իսրայէլի որդիներուն կալուածներուն մէջ՝ քառասունութ քաղաք էին, եւ անոնց արուարձանները։

42

Այս քաղաքներէն իւրաքանչիւրը իր շուրջը արուարձաններ ունէր. այս բոլոր քաղաքներն ալ այդպէս էին։


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՏԻՐԱՆԱՅ ԵՐԿՐԻՆ

43

Այսպէս՝ Տէրը Իսրայէլի տուաւ այն ամբողջ երկիրը, որուն համար անոնց հայրերուն երդում ըրեր էր՝ իրենց տալու, եւ անոր տիրանալով՝ անոր մէջ բնակեցան։

44

Տէրը զանոնք իրենց շրջակայքին մէջ հանգստացուց, անոնց հայրերուն ըրած ամբողջ երդումին համաձայն. անոնց բոլոր թշնամիներէն ո՛չ մէկը կրցաւ անոնց 5դիմադրել, քանի որ Տէրը անոնց բոլոր թշնամիները իրենց ձեռքը մատնեց։

45

Ոչինչ 6պակսեցաւ այն բարի խօսքերէն, որ Տէրը Իսրայէլի տան ըսեր էր. բոլորն ալ իրագործուեցան։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ ձեռքով
3 Եբր.՝ կոչուած
4 Եբր.՝ իր կալուածը
5 Եբր.՝ առջեւ կայնիլ
6 Եբր.՝ ինկաւ