Joshua 22
Deuteronomy « Joshua 21 ‹ Joshua 22 › Joshua 23 » Judges
ՅԵՍՈՒ ՏՈՒՆ ԿԸ ՂՐԿԷ ԱՐԵՒԵԼՔԻ ՏՈՀՄԵՐԸ
1Այն ատեն Յեսու իրեն կանչեց Ռուբէնեանները, Գադեաններն ու Մանասէի կէս տոհմը,
2եւ անոնց ըսաւ. «Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ինչ որ ձեզի հրամայեր էր, դուք անոնց բոլորն ալ պահեցիք, ու իմ խօսքս մտիկ ըրիք ամէն բանի մէջ՝ որ ձեզի պատուիրեցի։
3Այսչափ երկար ժամանակ՝ մինչեւ այսօր ձեր եղբայրները չլքեցիք եւ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն պատուիրանին հրահանգները պահեցիք։
4Հիմա Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր եղբայրները հանգստացուցած է, ինչպէս անոնց խոստացեր էր. ուստի հիմա վերադարձէ՛ք ու գացէ՛ք ձեր վրանները, ձեր կալուածին երկիրը, որ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ձեզի տուաւ Յորդանանի միւս կողմը։
5Միայն թէ շա՛տ զգուշութեամբ գործադրեցէք այն պատուիրանն ու Օրէնքը, որ Տէրոջ ծառան՝ Մովսէս ձեզի պատուիրեց, որպէսզի Տէրը՝ ձեր Աստուածը սիրէք, անոր բոլոր ճամբաներէն ընթանաք, անոր պատուիրանները պահէք, անոր յարիք ու ձեր ամբողջ սիրտով եւ ձեր ամբողջ անձով զայն պաշտէք»։
6Յեսու զանոնք օրհնեց եւ զանոնք արձակեց. անոնք ալ իրենց վրանները գացին։
7(Մանասէի կէս տոհմին Մովսէս կալուած տուեր էր Բասանի մէջ. իսկ միւս կէսին Յեսու կալուած տուաւ Յորդանանի այս կողմը՝ դէպի արեւմուտք, անոնց եղբայրներուն հետ։) Երբ Յեսու զանոնք իրենց վրանները ղրկեց, զանոնք օրհնեց
8եւ անոնց ըսաւ. «Ձեր վրանները վերադարձէ՛ք շատ ինչքով ու յոյժ շատ խաշինքով, արծաթով, ոսկիով, պղինձով, երկաթով եւ յոյժ շատ հանդերձներով, ու ձեր թշնամիներուն աւարը բաժնեցէ՛ք ձեր եղբայրներուն հետ»։
9Ուստի Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները եւ Մանասէի կէս տոհմը վերադարձան. Քանանի երկիրը՝ Սելովի մէջ Իսրայէլի որդիներէն 1զատուեցան, որպէսզի Գաղաադի երկիրը երթան, իրենց կալուածին երկիրը, որ իբր կալուած ստացած էին Մովսէսի 2միջոցով՝ Տէրոջ հրամանին համաձայն։
ԶՈՀԱՍԵՂԱՆ ՅՈՐԴԱՆԱՆԻ ՔՈՎ
10Երբ Քանանի երկրին մէջ եղող Յորդանանի մօտակայ շրջանները հասան, Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիները եւ Մանասէի կէս տոհմը հոն՝ Յորդանանի քով՝ զոհասեղան մը կառուցանեցին, մեծ տեսքով զոհասեղան մը։
11Իսրայէլի որդիները լսեցին 3թէ Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիներն ու Մանասէի կէս տոհմը զոհասեղան մը կառուցաներ են Քանանի երկրին դիմաց, Յորդանանի մօտակայ շրջանները, Իսրայէլի որդիներուն 4կողմը։
12Երբ Իսրայէլի որդիները լսեցին, Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքը Սելովի մէջ համախմբուեցաւ՝ բարձրանալու եւ անոնց դէմ պատերազմելու համար։
13Իսրայէլի որդիները Ռուբէնեաններուն, Գադեաններուն ու Մանասէի կէս տոհմին՝ Գաղաադի երկիրը ղրկեցին Եղիազարի որդին՝ Փենեհէս քահանան,
14եւ անոր հետ տասը իշխան, այսինքն՝ Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն իւրաքանչիւր նահապետութենէն իշխան մը. անոնցմէ իւրաքանչիւրը Իսրայէլի հազարաւորներուն մէջ նահապետութեան գլխաւոր էր։
15Անոնք Գաղաադի երկիրը գացին՝ Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն ու Մանասէի կէս տոհմին, անոնց հետ խօսեցան եւ ըսին.
16«Տէրոջ ամբողջ համայնքը սա՛ կ’ըսէ. “Այդ ի՞նչ ուխտազանցութիւն է՝ որ դուք Իսրայէլի Աստուծոյն հանդէպ ըրիք, այսօր 5Տէրոջմէն հեռանալով. դուք ձեզի զոհասեղան մը կառուցանելով՝ այսօր Տէրոջ դէմ ըմբոստացած էք։
17Միթէ Փէովրի անօրէնութիւնը քի՞չ բան էր մեզի, որմէ մինչեւ այսօր չմաքրուեցանք, թէպէտ Տէրոջ համայնքին վրայ հարուած մը 6եկաւ.
18ու դուք այսօր Տէրոջմէն հեռացած էք։ Ուստի եթէ դուք այսօր Տէրոջ դէմ ըմբոստանաք, ան ալ վաղը Իսրայէլի ամբողջ համայնքին դէմ պիտի զայրանայ։
19Եթէ իրապէս ձեր կալուածին երկիրը անմաքուր կը համարէք, Տէրո՛ջ կալուածին երկիրը անցէք, ուր Տէրոջ խորանը 7կանգնած է՝՝, ու մե՛ր մէջ կալուած ստացէք. բայց Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն զոհասեղանէն զատ զոհասեղան մը կառուցանելով ձեզի՝ մի՛ ըմբոստանաք Տէրոջ դէմ, եւ մեզի դէմ ալ մի՛ ըմբոստանաք։
20Երբ Զարայեան Աքար նզովքին հանդէպ ուխտազանց եղաւ, միթէ Տէրոջ զայրոյթը Իսրայէլի ամբողջ համայնքին վրայ չեղա՞ւ. եւ այդ մարդը մինակը շունչը չտուաւ իր անօրէնութեան մէջ”»։
21Ռուբէնի որդիները, Գադի որդիներն ու Մանասէի կէս տոհմը Իսրայէլի հազարաւորներուն գլխաւորներուն պատասխանեցին.
22«8Աստուածներուն Աստուածը՝ Եհովան, աստուածներուն Աստուածը՝ Եհովան ի՛նք գիտէ, եւ Իսրայէլ՝ ի՛նք ալ թող գիտնայ. եթէ այս բանը ըմբոստութեամբ կամ Տէրոջ հանդէպ ուխտազանցութեամբ ըրինք, մեզ այսօր 9թող չփրկէ՝՝։
23Եթէ մենք մեզի զոհասեղան կառուցանեցինք՝ Տէրոջմէն հեռանալու համար, կամ անոր վրայ ողջակէզ ու հացի ընծայ մատուցանելու համար, եւ կամ անոր վրայ խաղաղութեան զոհեր ընծայելու համար, Տէրը ի՛նք թող փնտռէ։
24Իսկ մենք ասիկա ըրինք՝ սա՛ բանէն մտահոգուելով. 10մտածեցինք թէ գուցէ վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն ըսեն. “Դուք Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն հետ ի՞նչ ունիք.
25Ո՛վ Ռուբէնեաններ ու Գադեաններ, Տէրը մեր եւ ձեր միջեւ սահման մը դրաւ՝ Յորդանանը. դուք Տէրոջ քով ո՛չ մէկ բաժին ունիք”։ Այսպէս՝ ձեր որդիները մեր որդիներուն մօտ պիտի դադրեցնեն Տէրոջմէն վախնալը։
26Հետեւաբար ըսինք. “Այժմ պատրաստուինք եւ մեզի զոհասեղան մը կառուցանենք, բայց ո՛չ թէ ողջակէզի համար, ո՛չ ալ զոհի համար,
27հապա որպէսզի ան մեր ու ձեր միջեւ, եւ մեզմէ ետք՝ մեր սերունդներուն միջեւ վկայ ըլլայ, թէ մեր ողջակէզներով, մեր զոհերով ու մեր խաղաղութեան զոհերով՝ Տէրո՛ջ պաշտամունքը կը կատարենք իր առջեւ. որպէսզի վաղը ձեր որդիները մեր որդիներուն չըսեն. "Դուք Տէրոջ քով ո՛չ մէկ բաժին ունիք"”։
28Ուստի ըսինք. “Եթէ վաղը մեզի կամ մեր սերունդին այսպէս ըսեն, մենք ալ պիտի ըսենք. "Տեսէ՛ք Տէրոջ զոհասեղանին կերպարը, որ մեր հայրերը շինեցին, ո՛չ թէ ողջակէզի համար, ո՛չ ալ զոհի համար, հապա մեր ու ձեր միջեւ վկայ մը ըլլալու համար"”։
29Հեռո՛ւ մեզմէ, որ մենք Տէրոջ դէմ ըմբոստանանք, եւ այսօր Տէրոջմէն հեռանանք՝ ողջակէզի համար, հացի ընծայի համար ու զոհի համար զոհասեղան մը կառուցանելով, Տէրոջ՝ մեր Աստուծոյն զոհասեղանէն զատ, որ իր խորանին առջեւ է»։
30Երբ Փենեհէս քահանան եւ անոր հետ եղող համայնքի իշխաններն ու Իսրայէլի հազարաւորներուն գլխաւորները՝ Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն եւ Մանասէի որդիներուն ըսած խօսքերը լսեցին, իրենց 11հաճելի եղաւ։
31Եղիազարի որդին՝ Փենեհէս քահանան Ռուբէնի որդիներուն, Գադի որդիներուն ու Մանասէի որդիներուն ըսաւ. «Այսօր գիտցանք թէ Տէրը մեր մէջ է, որովհետեւ դուք Տէրոջ հանդէպ այս ուխտազանցութիւնը չըրիք. 12ուստի Իսրայէլի որդիները Տէրոջ ձեռքէն ազատեցիք»։
32Այսպէս Եղիազարի որդին՝ Փենեհէս քահանան եւ իշխանները Ռուբէնի որդիներուն ու Գադի որդիներուն քովէն, Գաղաադի երկրէն, Իսրայէլի որդիներուն վերադարձան, Քանանի երկիրը, եւ անոնց լուր բերին։
33Այս լուրը Իսրայէլի որդիներուն հաճելի եղաւ. Իսրայէլի որդիները Աստուած օրհնեցին, ու անոնց դէմ պատերազմելու համար բարձրանալու մասին 13չմտածեցին՝ որպէսզի Ռուբէնի որդիներուն եւ Գադի որդիներուն բնակած երկիրը կործանեն։
34Ռուբէնի որդիներն ու Գադի որդիները այդ զոհասեղանը Վկայութիւն կոչեցին, որովհետեւ ըսին. «Ան մեր միջեւ վկայ է թէ մեր Աստուածը Եհովան է»։