Joshua 23
Deuteronomy « Joshua 22 ‹ Joshua 23 › Joshua 24 » Judges
ՅԵՍՈՒԻ ՀՐԱԺԵՇՏԻ ՈՒՂԵՐՁԸ
1Երկար ժամանակէ ի վեր Տէրը Իսրայէլը հանգստացուցած էր անոր բոլոր շրջակայ թշնամիներէն։ Յեսու ծերացած էր ու 1տարիքով յառաջացած՝՝։
2Ուստի Յեսու կանչեց ամբողջ Իսրայէլը, անոր երէցները, գլխաւորները, դատաւորներն ու ոստիկանները, եւ անոնց ըսաւ.
3«Ես ծերացայ ու տարիքով յառաջացայ։ Դուք տեսաք ամէն ինչ որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը այս բոլոր ազգերուն ըրաւ ձեր պատճառով. քանի Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ի՛նք ձեզի համար պատերազմեցաւ։
4Նայեցէ՛ք, այս մնացած ազգերը ձեզի իբր ժառանգութիւն վիճակով բաժնեցի՝ ձեր տոհմերուն համեմատ, նաեւ իմ կոտորած բոլոր ազգերս՝ Յորդանանէն մինչեւ Մեծ ծովը, դէպի արեւմուտք։
5Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ի՛նք ձեր առջեւէն պիտի քշէ զանոնք. ձեր առջեւէն պիտի վտարէ զանոնք, եւ անոնց երկրին պիտի տիրանաք, ինչպէս Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի խոստացաւ։
6Ուստի շա՛տ ուժովցէք, որպէսզի Մովսէսի Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած ամէն ինչ զգուշութեամբ գործադրէք, ու անկէ աջ կողմ կամ ձախ կողմ չշեղիք.
7որպէսզի ձեր քով մնացած այս ազգերուն 2չխառնուիք, անոնց աստուածներուն անունները չյիշատակէք եւ անոնցմով երդում չընէք, զանոնք չպաշտէք եւ անոնց չերկրպագէք.
8հապա Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն յարիք, ինչպէս մինչեւ այսօր ըրիք։
9Տէրը ձեր առջեւէն մեծ ու հզօր ազգեր վտարեց, ու մինչեւ այսօր ո՛չ մէկը կրցաւ 3ձեզի դիմադրել՝՝։
10Ձեզմէ մէկը անոնց հազարը կը հալածէ, որովհետեւ Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ի՛նք ձեզի համար կը պատերազմի, ինչպէս ձեզի խոստացաւ։
11Ուստի շա՛տ ուշադիր եղէք ձեր անձերուն, որպէսզի Տէրը՝ ձեր Աստուածը սիրէք։
12Բայց եթէ անկէ հեռանաք ու ձեր քով մնացած այս ազգերուն մնացորդին յարիք, անոնց խնամի ըլլաք, անոնց խառնուիք եւ անոնք ալ՝ ձեզի,
13ստո՛ւգապէս գիտցէք թէ Տէրը՝ ձեր Աստուածը անգա՛մ մըն ալ այս ազգերը ձեր առջեւէն պիտի չվտարէ. հապա անոնք ձեզի վարմ ու որոգայթ պիտի ըլլան, ձեր կողերուն՝ խարազաններ եւ ձեր աչքերուն՝ փուշեր, մինչեւ որ կորսուիք այս լաւ 4երկրին վրայէն, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի տուաւ։
14Ահա՛ ես այսօր ամբողջ երկրի ճամբան կ’երթամ, ու դուք ձեր ամբողջ սիրտով եւ ձեր ամբողջ անձով գիտէք թէ ոչինչ 5պակսեցաւ այն բոլոր բարի խօսքերէն, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեր մասին ըսեր էր. բոլորն ալ ձեր վրայ իրագործուեցան. անոնցմէ ո՛չ մէկ խօսք պակսեցաւ։
15Հետեւաբար, ինչպէս Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձեզի համար ըսած բոլոր բարի խօսքերը ձեր վրայ 6իրագործուեցան, նոյնպէս Տէրը բոլոր չար խօսքերը ձեր վրայ պիտի բերէ, մինչեւ որ ձեզ բնաջնջէ այս լաւ 7երկրին վրայէն, որ Տէրը՝ ձեր Աստուածը ձեզի տուաւ։
16Եթէ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն ձեզի պատուիրած ուխտը անտեսէք ու երթաք ուրիշ աստուածներ պաշտէք եւ անոնց երկրպագէք, Տէրոջ բարկութիւնը ձեզի դէմ պիտի բորբոքի ու ձեզի տուած լաւ երկրին վրայէն շուտով պիտի կորսուիք»։