Loading...

Joshua 24

Deuteronomy  «  Joshua 23  ‹  Joshua 24  ›  Judges 1  »  Judges


ՅԵՍՈՒ ԿԸ ԽՕՍԻ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ՝ ՍԻՒՔԷՄԻ ՄԷՋ

1

Յեսու Իսրայէլի բոլոր տոհմերը Սիւքէմի մէջ հաւաքեց, եւ Իսրայէլի երէցները, գլխաւորները, դատաւորներն ու ոստիկանները կանչեց. անոնք ալ Աստուծոյ ներկայացան։

2

Յեսու ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը սա՛ կը յայտարարէ. “Հին ատեն՝ ձեր հայրերը, Աբրահամի հայրը ու Նաքովրի հայրը՝ Թարա, 1Գետին միւս կողմը կը բնակէին եւ ուրիշ աստուածներ կը պաշտէին։

3

Ե՛ս ձեր հայրը՝ Աբրահամը Գետին միւս կողմէն առի ու Քանանի ամբողջ երկրին մէջ անոր քալել տուի, անոր զարմը բազմացուցի եւ Իսահակը անոր տուի։

4

Իսահակի՝ Յակոբն ու Եսաւը տուի։ Եսաւի Սէիրի լեռը տուի՝ որ անոր տիրանայ, իսկ Յակոբ եւ անոր որդիները Եգիպտոս իջան։

5

Մովսէսն ու Ահարոնը ղրկելով Եգիպտոսը հարուածեցի՝ անոր մէջ իրագործածիս համաձայն, յետոյ ձեզ դուրս հանեցի։

6

Ուստի ե՛ս ձեր հայրերը Եգիպտոսէն հանեցի, եւ դուք ծովը հասաք։ Եգիպտացիները կառքերով ու ձիաւորներով հետապնդեցին ձեր հայրերը՝ մինչեւ Կարմիր ծովը։

7

Երբ ձեր հայրերը Տէրոջ աղաղակեցին, ան ձեր ու Եգիպտացիներուն միջեւ մթութիւն դրաւ, եւ ծովը անոնց վրայ բերելով՝ զանոնք ծածկեց։ Ձեր աչքերը տեսան ինչ որ Եգիպտոսի մէջ իրագործեցի, ու երկար ժամանակ անապատին մէջ բնակեցաք։

8

Յետոյ ձեզ բերի Յորդանանի միւս կողմը բնակող Ամորհացիներուն երկիրը, եւ անոնք ձեզի դէմ պատերազմեցան։ Ե՛ս զանոնք ձեր ձեռքը մատնեցի, ու անոնց երկրին տիրացաք. ե՛ս զանոնք ձեր առջեւէն բնաջնջեցի։

9

Մովաբի թագաւորը՝ Սեպփորեան Բաղակ կանգնեցաւ, ու Իսրայէլի դէմ պատերազմեցաւ. մարդ ղրկեց եւ Բէովրեան Բաղաամը կանչեց, որպէսզի ձեզ անիծէ։

10

Բայց ես չուզեցի Բաղաամի մտիկ ընել, եւ ընդհակառակը ան ձեզ օրհնեց. ե՛ս ձեզ ազատեցի անոր ձեռքէն։

11

Ապա Յորդանանէն անցնելով Երիքով հասաք։ Երիքովի տէրերը — Ամորհացիները, Փերեզացիները, Քանանացիները, Քետացիները, Գերգեսացիները, Խեւացիներն ու Յեբուսացիները — ձեզի դէմ պատերազմեցան, սակայն ե՛ս զանոնք ձեր ձեռքը մատնեցի։

12

Ձեր առջեւէն իշամեղուներ ղրկեցի, որոնք զանոնք — Ամորհացիներուն երկու թագաւորները — ձեր առջեւէն վռնտեցին. ո՛չ քու սուրովդ եւ ո՛չ քու աղեղովդ վռնտուեցան։

13

Ե՛ս ձեզի տուի երկիր մը՝ որուն մէջ դուն չյոգնեցար, ու քաղաքներ՝ որ դուք չկառուցանեցիք եւ որոնց մէջ կը բնակիք. կ’ուտէք այն այգիներէն ու ձիթենիներէն՝ որ դուք չտնկեցիք”։

14

Ուստի հիմա Տէրոջմէ՛ն վախցէք եւ զա՛յն պաշտեցէք՝ 2հաւատարմութեամբ ու ճշմարտութեամբ. հանեցէ՛ք այն աստուածները, որ ձեր հայրերը Գետին միւս կողմը եւ Եգիպտոսի մէջ պաշտեցին, ու Տէ՛րը պաշտեցէք։

15

Բայց եթէ Տէրը պաշտելը 3ձեզի հաճելի չի թուիր՝՝, ձեզի ընտրեցէ՛ք այսօր թէ ո՛վ պիտի պաշտէք.— Գետին միւս կողմը ձեր հայրերուն պաշտած աստուածնե՞րը, թէ Ամորհացիներուն աստուածները՝ որոնց երկրին մէջ դուք կը բնակիք. բայց ես ու իմ տունս Եհովա՛ն պիտի պաշտենք»։

16

Ժողովուրդը պատասխանեց. «Հեռո՛ւ մեզմէ, որ մենք Եհովան լքենք եւ ուրիշ աստուածներ պաշտենք.

17

որովհետեւ 4Եհովան՝ ի՛նք է մեր Աստուածը՝՝, որ մեզ ու մեր հայրերը Եգիպտոսի երկրէն՝ ստրկութեան տունէն բարձրացուց։ Ի՛նք մեր աչքերուն առջեւ այս մեծ նշանները ըրաւ, եւ մեզ պահպանեց մեր գացած ամբողջ ճամբային մէջ ու բոլոր ժողովուրդներուն մէջ, որոնց մէջէն անցանք։

18

Եհովա՛ն բոլոր ժողովուրդները եւ այս երկրին մէջ բնակող Ամորհացիները մեր առջեւէն վռնտեց. մենք ալ Եհովա՛ն պիտի պաշտենք, որովհետեւ ի՛նք է մեր Աստուածը»։

19

Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք չէք կրնար Եհովան պաշտել, քանի որ ան սուրբ Աստուած է. ան նախանձախնդիր Աստուած ըլլալով՝ ձեր յանցանքներն ու մեղքերը չի ներեր։

20

Եթէ Եհովան լքէք եւ օտար աստուածներ պաշտէք, ան ձեզի դէմ պիտի դառնայ՝ ձեզի չարիք ընելու համար, ու ձեզ պիտի սպառէ՝ ձեզի բարիք ընելէ ետք»։

21

Ժողովուրդը Յեսուի ըսաւ. «Ո՛չ, հապա մենք Եհովա՛ն պիտի պաշտենք»։

22

Ուստի Յեսու ժողովուրդին ըսաւ. «Դուք ձեզի դէմ վկայ էք թէ դուք ձեզի Եհովան ընտրեցիք՝ զայն պաշտելու համար։ (Անոնք ըսին. “Վկայ ենք”։)

23

Ուրեմն հիմա ձեր մէջ եղող օտար աստուածները հանեցէ՛ք, ու ձեր սիրտը Տէրոջ՝ Իսրայէլի՛ Աստուծոյն հակեցուցէք»։

24

Ժողովուրդը Յեսուի ըսաւ. «Մենք Տէրը՝ մեր Աստուածը պիտի պաշտենք, եւ անոր խօսքը մտիկ ընենք»։

25

Այդ օրը Յեսու ժողովուրդին հետ ուխտ մը կնքեց, ու Սիւքէմի մէջ անոր կանոն եւ 5դատավճիռ դրաւ։

26

Յեսու այս խօսքերը Աստուծոյ Օրէնքի գիրքին մէջ գրեց։ Մեծ քար մը առաւ, զայն Տէրոջ սրբարանին քով եղող բեւեկնիին տակ կանգնեցուց,

27

ու Յեսու ամբողջ ժողովուրդին ըսաւ. «Ահա՛ այս քարը մեզի դէմ վկայ պիտի ըլլայ, քանի որ ան Տէրոջ մեզի ըսած բոլոր խօսքերը լսեց. ուստի ան ձեզի դէմ թող վկայ ըլլայ, որպէսզի ձեր Աստուածը չուրանաք»։

28

Յետոյ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, եւ իւրաքանչիւրը իր ժառանգութեան գնաց։


ՅԵՍՈՒ ԵՒ ԵՂԻԱԶԱՐ ԿԸ ՄԵՌՆԻՆ

29

Այս բաներէն ետք, Տէրոջ ծառան՝ Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։

30

Զայն իր ժառանգութեան հողամասին մէջ թաղեցին, Եփրեմի լեռնակողմը եղող Թամնաթ-Սարայի մէջ, Գաաս լերան հիւսիսային կողմը։

31

Իսրայէլ Տէրը պաշտեց Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ, ու Յեսուէն ետք 6ողջ մնացող՝՝ եւ Իսրայէլի համար Տէրոջ կատարած բոլոր գործերը գիտցող երէցներուն բոլոր օրերուն մէջ։

32

Յովսէփի ոսկորները, որ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսէն բարձրացուցեր էին, Սիւքէմի մէջ թաղեցին. այն արտի բաժինին մէջ, որ Յակոբ Սիւքէմի հօր՝ Եմովրի որդիներէն գներ էր հարիւր 7կտոր արծաթի՝՝։ Ան Յովսէփի որդիներուն ժառանգութիւնը եղաւ։

33

Ահարոնի որդին՝ Եղիազար ալ մեռաւ, ու զայն իր որդիին՝ Փենեհէսի տրուած բլուրին վրայ թաղեցին, Եփրեմի լեռնակողմը։



1 Այսինքն՝ Եփրատի
2 Եբր.՝ պարկեշտութեամբ
3 Եբր.՝ ձեր աչքերուն գէշ է
4 Կամ՝ մեր Աստուածը՝ Եհովան՝ ի՛նք է
5 Կամ՝ սովորութիւն
6 Եբր.՝ իրենց օրերը երկարող
7 Կամ՝ գառնուկի