Judges 1
Joshua « Joshua 24 ‹ Judges 1 › Judges 2 » Ruth
ՅՈՒԴԱՅԻ ԵՒ ՇՄԱՒՈՆԻ ՏՈՀՄԵՐԸ ԿԸ ԿԱԼԱՆԱՒՈՐԵՆ ԱԴՈՆԻԲԵԶԵԿԸ
1Յեսուի մեռնելէն ետք՝ Իսրայէլի որդիները 1Տէրոջ հարցուցին. «Մեզմէ ո՞վ առաջին անգամ Քանանացիներուն դէմ թող բարձրանայ՝ անոնց դէմ պատերազմելու»։
2Տէրը ըսաւ. «Յուդա թող բարձրանայ. ահա՛ երկիրը անոր ձեռքը մատնեցի»։
3Յուդա իր եղբօր՝ Շմաւոնի ըսաւ. «Ինծի հետ ի՛մ վիճակս բարձրացիր, ու Քանանացիներուն դէմ պատերազմինք. ես ալ քեզի հետ քու վիճակդ պիտի երթամ»։ Ուստի Շմաւոն անոր հետ գնաց։
4Յուդա բարձրացաւ, եւ Տէրը Քանանացիներն ու Փերեզացիները իրենց ձեռքը մատնեց, եւ Բեզեկի մէջ՝ անոնցմէ տասը հազար մարդ զարկին։
5Բեզեկի մէջ Ադոնիբեզեկը գտնելով՝ անոր դէմ պատերազմեցան, ու Քանանացիները եւ Փերեզացիները զարկին։
6Ադոնիբեզեկ փախաւ. բայց անոնք զայն հետապնդելով՝ զայն բռնեցին, եւ անոր ձեռքերուն ու ոտքերուն բթամատները կտրեցին։
7Ադոնիբեզեկ ըսաւ. «Իրենց ձեռքերուն եւ ոտքերուն բթամատները կտրուած եօթանասուն թագաւորներ իմ սեղանիս տակ ինկած փշրանքները կը ժողվէին. ես ինչպէս ըրի, Աստուած ալ նոյնպէս հատուցանեց ինծի»։ Զինք Երուսաղէմ տարին, ու հոն մեռաւ։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՏՈՀՄԸ ԿԸ ՏԻՐԷ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՈՒ ՔԵԲՐՈՆԻ
8Յուդայի որդիները Երուսաղէմի դէմ պատերազմելով զայն գրաւեցին, ու զայն սուրի բերանէ անցընելով՝ քաղաքը 2կրակով այրեցին՝՝։
9Յետոյ Յուդայի որդիները իջան, որպէսզի լեռնակողմը, հարաւային կողմը եւ դաշտագետինը բնակող Քանանացիներուն դէմ պատերազմին։
10Յուդա Քեբրոն բնակող Քանանացիներուն դէմ գնաց, (Քեբրոնի անունը առաջ Կարիաթ-Արբա էր,) ու Սէսին, Աքիմանը եւ Թոլմին զարկին։
ԳՈԹՈՆԻԷԼ ԿԸ ՏԻՐԷ ԴԱԲԻՐԻ (Յես. 15. 13-19)
11Անկէ Դաբիրի բնակիչներուն դէմ գնաց. (Դաբիրի անունը առաջ Կարիաթ-Սեփեր էր.)
12Քաղէբ ըսաւ. «Ո՛վ որ Կարիաթ-Սեփերը զարնէ ու զայն գրաւէ, աղջիկս՝ Աքսան անոր պիտի տամ իբր կին»։
13Գոթոնիէլ, Քաղէբի պզտիկ եղբօր՝ Կենեզի որդին, զայն գրաւեց եւ Քաղէբ իր աղջիկը՝ Աքսան անոր տուաւ իբր կին։
14Երբ անոր քով հասաւ, զայն դրդեց որ իր հօրմէն արտ մը խնդրէ։ Իշուն վրայէն իջաւ, ու Քաղէբ իրեն ըսաւ. «Ի՞նչ կը խնդրես»։
15Ինք ալ անոր ըսաւ. «Ինծի 3ընծա՛յ մը տուր. քանի ինծի հարաւային երկիր մը տուիր, ինծի 4ջուրի աղբիւրնե՛ր՝՝ ալ տուր»։ Ուստի Քաղէբ անոր տուաւ վերին աղբիւրներն ու ստորին աղբիւրները։
ՅՈՒԴԱՅԻ ՈՒ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՏՈՀՄԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿՆԵՐԸ
16Մովսէսի աներոջ՝ Կենեցիին որդիները Յուդայի որդիներուն հետ Արմաւենիներու քաղաքէն բարձրացան Արադի հարաւային կողմը եղող Յուդայի անապատը. գացին եւ ժողովուրդին հետ բնակեցան։
17Յուդա իր եղբօր՝ Շմաւոնի հետ գնաց, ու Սեփաթ բնակող Քանանացիները զարկին. զայն նզովեցին, եւ այդ քաղաքին անունը 5Հորմա կոչեցին։
18Յետոյ Յուդա Գազան ու անոր հողամասը, Ասկաղոնը եւ անոր հողամասը, Ակկարոնը եւ անոր հողամասը գրաւեց։
19Տէրը Յուդայի հետ էր ու ան լերան տիրացաւ. բայց հովիտներուն բնակիչները չկրցաւ վտարել, քանի որ անոնք երկաթէ կառքեր ունէին։
20Քեբրոնը Քաղէբի տուին, ինչպէս Մովսէս ըսեր էր, եւ ան Ենակի երեք որդիները անկէ վտարեց։
21Բենիամինի որդիները Երուսաղէմ բնակող Յեբուսացիները չվտարեցին. ուստի Յեբուսացիները մինչեւ այսօր Երուսաղէմ բնակեցան՝ Բենիամինի որդիներուն հետ։
ԵՓՐԵՄԻ ՈՒ ՄԱՆԱՍԷԻ ՏՈՀՄԵՐԸ ԿԸ ՏԻՐԵՆ ԲԵԹԷԼԻ
22Յովսէփի տունն ալ բարձրացաւ՝ Բեթէլի դէմ, ու Տէրը անոնց հետ էր։
23Յովսէփի տունը Բեթէլը հետախուզեց. (այդ քաղաքին անունը առաջ Լուզ էր.)
24հսկիչները մարդ մը տեսան, որ այդ քաղաքէն կ’ելլէր, եւ անոր ըսին. «Կ’աղերսե՛նք, ցուցո՛ւր մեզի թէ ուրկէ՛ քաղաքը կը մտնեն, ու քեզի հետ կարեկցութեամբ կը վարուինք։
25Ան ալ ցուցուց անոնց թէ ուրկէ՛ քաղաքը կը մտնեն։ Քաղաքը սուրի բերանէ անցուցին, բայց այդ մարդը եւ անոր ամբողջ գերդաստանը ուղարկեցին։
26Այդ մարդը Քետացիներուն երկիրը գնաց, հոն քաղաք մը կառուցանեց եւ անոր անունը Լուզ կոչեց. ա՛յդ է անոր անունը մինչեւ այսօր։
ԺՈՂՈՎՈՒՐԴՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐԷՆ ՉՎՏԱՐՈՒԵՑԱՆ
27Մանասէ Բեթսանը եւ անոր 6գիւղերը, Թանաքն ու անոր գիւղերը, Դովրի բնակիչներն ու անոր գիւղերը, Յեբղաամի բնակիչներն ու անոր գիւղրը, Մակեդդովի բնակիչներն ու անոր գիւղերը 7չզարկաւ. հետեւաբար Քանանացիները կամապաշտութեամբ այդ երկրին մէջ բնակեցան։
28Երբ Իսրայէլ ուժովցաւ, Քանանացիներուն վրայ հարկ դրաւ, բայց զանոնք բոլորովին չվտարեց։
29Եփրեմ ալ Գազեր բնակող Քանանացիները չվտարեց. ուստի Քանանացիները անոր հետ Գազեր բնակեցան։
30Զաբուղոն Կեթրոնի բնակիչներն ու Նահաղոլի բնակիչները չվտարեց. Քանանացիներն ալ անոնց մէջ բնակելով հարկատու եղան։
31Ասեր Ակքովի բնակիչները չվտարեց, ո՛չ ալ Սիդոնի, Աքղաբի, Աքեզիբի, Ելբայի, Ափէկի ու Րոհոբի բնակիչները.
32հապա Ասերեանները այդ երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցան, որովհետեւ զանոնք չվտարեցին։
33Նեփթաղիմ Բեթսամիւսի բնակիչներն ու Բեթանաթի բնակիչները չվտարեց. հապա այդ երկիրը բնակող Քանանացիներուն մէջ բնակեցաւ, եւ Բեթսամիւսի ու Բեթանաթի բնակիչները իրեն հարկատու եղան։
34Ամորհացիները Դանի որդիները լերան վրայ կաշկանդեցին, քանի անոնց չթոյլատրեցինոր հովիտները իջնեն։
35Ամորհացիները կամապաշտութեամբ Հարէս լեռը, Այեղոնի եւ Սաղաբինի մէջ բնակեցան. բայց երբ Յովսէփի տան ձեռքը 8ուժովցաւ, անոնք հարկատու եղան։
36Ամորհացիներուն հողամասը Ակրաբիմի զառիվերէն՝ Ժայռէն դէպի վեր էր։