Loading...

Judges 2

Joshua  «  Judges 1  ‹  Judges 2  ›  Judges 3  »  Ruth


ՏԷՐՈՋ ՀՐԵՇՏԱԿԸ ԲՈՔԻՄԻ ՄԷՋ

1

Տէրոջ հրեշտակը Գաղգաղայէն Բոքիմ բարձրացաւ եւ ըսաւ. «Ե՛ս ձեզ Եգիպտոսէն բարձրացուցի, ձեզ այն երկիրը բերի՝ որուն համար ձեր հայրերուն երդում ըրեր էի, եւ ըսի. “Ձեզի հետ ըրած ուխտս երբե՛ք պիտի չխզեմ.

2

իսկ դուք՝ այս երկրին բնակիչներուն հետ դաշինք մի՛ կնքէք, անոնց բագինները փլցուցէ՛ք”. բայց դուք իմ խօսքս մտիկ չըրիք։ Ինչո՞ւ ասիկա ըրիք։

3

Ես ալ ըսի. “Զանոնք ձեր առջեւէն պիտի չվռնտեմ, հապա անոնք ձեր կողերուն տատասկներ պիտի ըլլան, եւ անոնց աստուածները ձեզի որոգայթ պիտի ըլլան”»։

4

Երբ Տէրոջ հրեշտակը Իսրայէլի բոլոր որդիներուն այս խօսքերը ըսաւ, ժողովուրդը ձայնը բարձրացնելով լացաւ։

5

Այդ տեղին անունը 1Բոքիմ կոչեցին, ու հոն Տէրոջ զոհ մատուցանեցին։

6

Երբ Յեսու ժողովուրդը արձակեց, Իսրայէլի որդիներէն իւրաքանչիւրը իր ժառանգութեան գնաց՝ երկրին տիրանալու համար։

7

Ժողովուրդը Տէրը պաշտեց Յեսուի բոլոր օրերուն մէջ, ու Յեսուէն ետք 2ողջ մնացող՝՝ եւ Իսրայէլի համար Տէրոջ կատարած բոլոր մեծ գործերը տեսնող երէցներուն բոլոր օրերուն մէջ։


ՅԵՍՈՒԻ ՄԱՀԸ

8

Տէրոջ ծառան՝ Նաւեան Յեսու մեռաւ, հարիւր տասը տարեկան ըլլալով։

9

Զայն իր ժառանգութեան հողամասին մէջ թաղեցին, Եփրեմի լեռնակողմը եղող 3Թամնաթ- Հարէսի մէջ, Գաաս լերան հիւսիսային կողմը։

10

Այդ ամբողջ սերունդը իր հայրերուն քով ամփոփուեցաւ. անկէ ետք ուրիշ սերունդ մը ելաւ, որ Տէրը եւ Իսրայէլի համար անոր ըրած գործերը չէր ճանչնար։


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ԴԱԴՐԻ ՏԷՐԸ ՊԱՇՏԵԼԷ

11

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 4առջեւ չարիք գործեցին ու Բահաղները պաշտեցին.

12

լքեցին Տէրը՝ իրենց հայրերուն Աստուածը, որ զիրենք Եգիպտոսի երկրէն հաներ էր, եւ ուրիշ աստուածներու հետեւեցան, այսինքն՝ իրենց շրջակայ ժողովուրդներուն քանի մը աստուածներուն. անո՛նց երկրպագեցին եւ Տէրը գրգռեցին։

13

Բահաղն ու Աստարովթը պաշտեցին՝ Տէրը լքելով.

14

ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ ու զանոնք կողոպտիչներու ձեռքը մատնեց, որոնք զիրենք կողոպտեցին։ Զանոնք շրջակայ թշնամիներուն 5ծախեց, եւ ա՛լ չէին կրնար իրենց թշնամիներուն 6դիմադրել։

15

Ո՛ւր որ երթային, Տէրոջ ձեռքը անոնց վրայ էր՝ չարիք ընելու համար, ինչպէս Տէրը ըսեր էր եւ ինչպէս Տէրը անոնց երդում ըրեր էր. ուստի չափազանց տագնապեցան։

16

Տէրը դատաւորներ հանեց, որոնք կողոպտիչներուն ձեռքէն ազատեցին զանոնք։

17

Սակայն իրենց դատաւորներուն ալ մտիկ չըրին, եւ ուրիշ աստուածներու հետ պոռնկեցան ու անոնց երկրպագեցին։ Շուտով շեղեցան այն ճամբայէն, որուն մէջ իրենց հայրերը կը քալէին՝ Տէրոջ պատուիրաններուն հնազանդելով. բայց ասոնք այնպէս չըրին։

18

Երբ Տէրը անոնց դատաւորներ կը հանէր, Տէրը դատաւորին հետ ըլլալով՝ դատաւորին բոլոր օրերը զանոնք իրենց թշնամիներուն ձեռքէն կ’ազատէր. արդարեւ զանոնք տանջողներուն ու ճնշողներուն 7պատճառով անոնց բարձրացուցած հեծեծանքներուն համար Տէրը կ’արգահատէր։

19

Երբ այդ դատաւորը մեռնէր, ապականութեան կը վերադառնային՝ իրենց հայրերէն աւելի. ուրիշ աստուածներու կը հետեւէին, զանոնք կը պաշտէին եւ անոնց կ’երկրպագէին. իրենց չար արարքներէն ու 8ծուռ ճամբայէն չէին հրաժարեր։

20

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքելով՝ ըսաւ. «Քանի այս ազգը իրենց հայրերուն պատուիրած ուխտս անտեսեց եւ խօսքս մտիկ չըրաւ,

21

ես ալ ասկէ ետք անոնց առջեւէն ո՛չ մէկը պիտի վտարեմ այն ազգերէն՝ որ Յեսու թողուց երբ մեռաւ.

22

որպէսզի անոնցմով Իսրայէլը փորձարկեմ, թէ արդեօք Տէրոջ ճամբան պիտի պահե՛ն՝ անոր մէջէն ընթանալու համար — ինչպէս իրենց հայրերը պահեցին —, թէ ոչ»։

23

Ուստի Տէրը այս ազգերը ձգեց եւ շուտով չվտարեց. զանոնք Յեսուի ձեռքը չմատնեց։



1 Այսինքն՝ լացողներ
2 Եբր.՝ իրենց օրերը երկարող
3 Կամ՝ Թամնաթ-Սարայի
4 Եբր.՝ աչքերուն
5 Եբր.՝ ձեռքը ծախեց
6 Եբր.՝ առջեւ կայնիլ
7 Եբր.՝ երեսէն
8 Եբր.՝ կարծր