Loading...

Judges 3

Joshua  «  Judges 2  ‹  Judges 3  ›  Judges 4  »  Ruth


ԵՐԿԻՐԸ ՄՆԱՑՈՂ ԱԶԳԵՐԸ

1

Ահա՛ւասիկ այն ազգերը՝ որ Տէրը ձգեց, որպէսզի անոնցմով փորձարկէ Իսրայէլը, այսինքն բոլոր անոնք՝ որ Քանանի բոլոր պատերազմները գիտցած չէին.—

2

(միայն Իսրայէլի որդիներուն սերունդներուն պատերազմը գիտցնելու եւ սորվեցնելու համար, միայն՝ քանի զայն առաջուընէ գիտցած չէին.)

3

Փղշտացիներուն հինգ նախարարութիւնները, եւ բոլոր Քանանացիները, Սիդոնացիներն ու Խեւացիները, որ Լիբանանի լեռնակողմը կը բնակէին՝ Բահաղ-Հերմոն լեռնէն մինչեւ Եմաթի մուտքը։

4

Անոնք ձգուած էին՝ Իսրայէլը անոնցմով փորձարկելու համար, որպէսզի գիտնայ թէ արդեօք պիտի հնազանդի՛ն Տէրոջ պատուիրաններուն, որ Մովսէսի 1միջոցով անոնց հայրերուն հրամայեր էր։

5

Իսրայէլի որդիները Քանանացիներուն, Քետացիներուն, Ամորհացիներուն, Փերեզացիներուն, Խեւացիներուն ու Յեբուսացիներուն մէջ բնակեցան։

6

Անոնց աղջիկները իրենց կին առին, իրենց աղջիկներն ալ անոնց տուին, եւ անոնց աստուածները պաշտեցին։


ԳՈԹՈՆԻԷԼ

7

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 2առջեւ չարիք գործեցին, եւ Տէրը՝ իրենց Աստուածը մոռնալով՝ Բահաղներն ու Աստարովթը պաշտեցին։

8

Ուստի Տէրոջ բարկութիւնը Իսրայէլի դէմ բորբոքեցաւ, եւ զանոնք Միջագետքի Քուսարսաթայիմ թագաւորին ձեռքը 3մատնեց։ Իսրայէլի որդիները ութ տարի Քուսարսաթայիմի հպատակեցան։

9

Յետոյ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին, ու Տէրը Իսրայէլի որդիներուն փրկիչ մը հանեց, Քաղէբի պզտիկ եղբօր՝ Կենեզի որդին Գոթոնիէլը, որ զանոնք ազատեց։

10

Տէրոջ Հոգին անոր վրայ ըլլալով՝ Իսրայէլի մէջ դատաւոր էր. ու երբ պատերազմի 4գնաց, Տէրը Միջագետքի Քուսարսաթայիմ թագաւորը անոր ձեռքը մատնեց, եւ անոր ձեռքը Քուսարսաթայիմի դէմ զօրացաւ։

11

Երկիրը քառասուն տարի հանդարտեցաւ, ապա Կենեզեան Գոթոնիէլ մեռաւ։


ԱՒՈՎԴ

12

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ առջեւ վերստին չարիք գործեցին։ Տէրն ալ Մովաբի Էգղոն թագաւորը Իսրայէլի դէմ ուժովցուց, քանի որ Տէրոջ առջեւ չարիք գործեցին։

13

Ան Ամմոնի եւ Ամաղէկի որդիները իր քով հաւաքեց, ու գնաց Իսրայէլը զարկաւ եւ Արմաւենիներու քաղաքին տիրացաւ։

14

Իսրայէլի որդիները տասնութ տարի Մովաբի Էգղոն թագաւորին հպատակեցան։

15

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին, ու Տէրը անոնց փրկիչ մը հանեց, Բենիամինեան Գերայի որդին՝ Աւովդը, որ 5ձախլիկ էր. Իսրայէլի որդիները անոր ձեռքով Մովաբի Էգղոն թագաւորին ընծայ մը ղրկեցին։

16

Աւովդ մէկ 6կանգուն երկայնքով երկսայրի սուր մը շինեց իրեն, ու զայն վերարկուին տակէն՝ իր աջ ազդրին վրայ կապեց։

17

Ընծան Մովաբի Էգղոն թագաւորին մատուցանեց. (Էգղոն շատ գէր մարդ մըն էր.)

18

երբ ընծան մատուցանելը աւարտեց, ընծան կրող 7մարդոց ուղեկցեցաւ։

19

Բայց ինք Գաղգաղայի մօտ եղող 8քարահանքէն վերադարձաւ, եւ ըսաւ. «Ո՛վ թագաւոր, քեզի ծածուկ խօսք մը ունիմ»։ Ան ալ ըսաւ. «9Լռէ՛»։ Բոլոր անոր քով կայնողները դուրս ելան։

20

Աւովդ անոր քով եկաւ, երբ ինք նստած էր 10իր յատուկ ամառնային վերնատան մէջ՝՝։ Աւովդ անոր ըսաւ. «Քեզի Աստուծմէ պատգամ մը ունիմ»։ Ան ալ գահէն ոտքի ելաւ։

21

Աւովդ իր ձախ ձեռքը երկարելով՝ սուրը իր աջ ազդրին վրայէն 11քաշեց եւ անոր փորը խոթեց.

22

շեղբին ետեւէն նոյնիսկ կոթն ալ մտաւ, ու ճարպը շրջափակեց շեղբը, քանի որ սուրը անոր փորէն չկրցաւ քաշել, եւ 12կղկղանքը դուրս ելաւ։

23

Աւովդ նախասրահէն ելաւ, վերնատան դռները անոր վրայ գոցեց, ու զանոնք կղպեց։

24

Երբ ինք դուրս ելաւ, անոր ծառաները եկան, նայեցան, եւ ահա՛ վերնատան դռները կղպուած էին։ Անոնք ըսին. «Անտարակոյս ան 13հարկաւորութեան գացած է՝՝ իր 14ամառնային ներքին սենեակին մէջ»։

25

Սպասեցին՝ մինչեւ որ 15յամեցան. բայց ահա՛ վերնատան դռները չէր բանար։ Ուստի բանալին առին, բացին, եւ ահա՛ իրենց տէրը գետինը ինկած էր՝ մեռած։

26

Մինչ անոնք կը տնտնային՝ Աւովդ խոյս տուաւ, ու քարահանքէն անցնելով 16ողջ առողջ Սէիր հասաւ՝՝։

27

Երբ հասաւ՝ Եփրեմի լեռնակողմը շեփոր հնչեցուց, եւ Իսրայէլի որդիները իրեն հետ այդ լեռնէն իջան. ինք անոնց առջեւէն կ’երթար։

28

Անոնց ըսաւ. «Հետապնդեցէ՛ք իմ ետեւէս, քանի Տէրը ձեր թշնամիները՝ Մովաբացիները՝ ձեր ձեռքը մատնեց»։ Ուստի անոր ետեւէն իջան, Մովաբի եղող Յորդանանի անցքերը գրաւեցին, եւ ո՛չ մէկուն թոյլատրեցին որ անցնի։

29

Այդ ատեն Մովաբէն տասը հազարի չափ մարդ 17մեռցուցին. բոլորն ալ 18յաղթանդամ, բոլորն ալ կտրիճ մարդիկ էին. ո՛չ մէկը կրցաւ խոյս տալ։

30

Այդ օրը Մովաբ Իսրայէլի ձեռքին տակ ընկճուեցաւ, ու երկիրը ութսուն տարի հանդարտեցաւ։


ՍԱՄԵԳԱՐ

31

Իրմէ ետք, Անաթի որդին՝ Սամեգար 19ելաւ, ու եզներու խթանով մը Փղշտացիներէն վեց հարիւր մարդ մեռցուց. ան ալ Իսրայէլը ազատեց։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ աչքերուն
3 Եբր.՝ ծախեց
4 Եբր.՝ դուրս ելաւ
5 Եբր.՝ աջ ձեռքը գոցուած մարդ
6 Կամ՝ թիզ
7 Եբր.՝ ժողովուրդին
8 Կամ՝ քանդակուած պատկերներէն, այսինքն՝ կուռքերէն
9 Կամ՝ Լռեցէ՛ք
10 Եբր.՝ զով վերնատան մը մէջ, որ յատուկ էր իրեն
11 Եբր.՝ առաւ
12 Կամ՝ ծակէն
13 Եբր.՝ ոտքերը ծածկած է
14 Եբր.՝ զով
15 Կամ՝ ամչցան
16 Եբր.՝ Սէիր խոյս տուաւ
17 Եբր.՝ զարկին
18 Եբր.՝ պարարտ
19 Եբր.՝ եղաւ