Judges 4
Joshua « Judges 3 ‹ Judges 4 › Judges 5 » Ruth
ԴԵԲՈՐԱ ԵՒ ԲԱՐԱԿ
1Աւովդի մեռնելէն ետք՝ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ 1առջեւ վերստին չարիք գործեցին։
2Ուստի Տէրը զանոնք Քանանացիներու Յաբին թագաւորին ձեռքը 2մատնեց, որ Հասորի մէջ կը թագաւորէր. անոր սպարապետը Սիսարա էր, որ 3ազգերու Արիսոթին մէջ կը բնակէր։
3Իսրայէլի որդիները Տէրոջ աղաղակեցին, որովհետեւ ան ինը հարիւր երկաթէ կառքեր ունէր ու քսան տարի Իսրայէլի որդիները սաստիկ տանջեց։
4Այդ ատեն Դեբորա մարգարէուհին՝ Ղափիդոթի կինը՝ Իսրայէլի մէջ դատաւոր էր։
5Ան Եփրեմի լեռնակողմը կը բնակէր, Ռամայի ու Բեթէլի մէջտեղ, Դեբորայի արմաւենիին տակ։ Իսրայէլի որդիները դատաստանի համար անոր քով կը բարձրանային։
6Դեբորա մարդ ղրկեց, Նեփթաղիմի Կադէսէն Աբինոամի որդին՝ Բարակը կանչեց, եւ անոր ըսաւ. «Տէրը՝ Իսրայէլի Աստուածը քեզի չպատուիրե՞ց. “Գնա՛, Թաբոր լե՛ռը 4ելիր, ու Նեփթաղիմի որդիներէն եւ Զաբուղոնի որդիներէն քեզի հետ տա՛սը հազար մարդ առ։
7Ես Յաբինի սպարապետը՝ Սիսարան, եւ անոր կառքերն ու զօրքերու բազմութիւնը քու դիմացդ պիտի 5հանեմ՝ Կիսոնի ձորը, եւ զայն քու ձեռքդ պիտի մատնեմ”»։
8Բարակ անոր ըսաւ. «Եթէ դուն ալ ինծի հետ երթաս, կ’երթամ. բայց եթէ ինծի հետ չերթաս, չեմ երթար»։
9Ան ալ ըսաւ. «Անշուշտ քեզի հետ պիտի երթամ, բայց երթալիք ճամբադ քեզի պանծալի պիտի չըլլայ. քանի որ Տէրը Սիսարան կնոջ մը ձեռքը պիտի 6մատնէ»։ Դեբորա կանգնեցաւ ու Բարակի հետ Կադէս գնաց։
10Բարակ Զաբուղոնը եւ Նեփթաղիմը Կադէս 7կանչեց, ու տասը հազար մարդ 8իրեն հետեւելով՝՝ բարձրացաւ. Դեբորա ալ անոր հետ բարձրացաւ։
11(Մովսէսի աներոջ՝ Յոբաբի որդիներէն Կենեցի Քաբեր Կենեցիներէն զատուած էր, եւ իր վրանը Կադէսի մօտ՝ Սանանիմի կաղնիին քով լարած էր։)
12Սիսարայի իմացուցին թէ Աբինոամի որդին՝ Բարակ Թաբոր լեռը բարձրացած է։
13Սիսարա իր բոլոր կառքերը — ինը հարիւր երկաթէ կառքերը — ու իրեն հետ եղող ամբողջ ժողովուրդը ազգերու Արիսոթէն Կիսոնի ձորը 9կանչեց։
14Դեբորա Բարակի ըսաւ. «Ոտքի՛ ելիր, քանի ա՛յսօր Տէրը Սիսարան քու ձեռքդ մատնեց. միթէ Տէրը քու առջեւէդ դուրս չելա՞ւ»։ Բարակ Թաբոր լեռնէն իջաւ, եւ իր ետեւէն՝ տասը հազար մարդ։
15Տէրը Սիսարան, բոլոր կառքերն ու ամբողջ բանակը Բարակի առջեւ խուճապի մատնեց՝ սուրի բերանով։ Սիսարա կառքէն իջաւ եւ ոտքով փախաւ։
16Բարակ կառքերն ու բանակը մինչեւ ազգերու Արիսոթը հալածեց, եւ Սիսարայի ամբողջ բանակը սուրի բերանով ինկաւ. ո՛չ մէկը ողջ մնաց։
17Սիսարա ոտքով Կենեցի Քաբերի կնոջ՝ Յայէլի վրանը փախաւ. քանի որ Հասորի Յաբին թագաւորին ու Կենեցի Քաբերի տան միջեւ խաղաղութիւն կար։
18Ուստի Յայէլ դուրս ելաւ՝ Սիսարան դիմաւորելու, եւ անոր ըսաւ. «Իմ տէ՛րս, 10եկո՛ւր, ինծի՛ եկուր, մի՛ վախնար»։ Ուստի ան դէպի վրանը՝ անոր 11գնաց, ու կինը զայն վերմակով մը ծածկեց։
19Ան կնոջ ըսաւ. «Կ’աղերսե՛մ, ինծի քիչ մը ջո՛ւր տուր՝ որ խմեմ, քանի ծարաւ եմ»։ Ան ալ կաթին տիկը բացաւ եւ անոր խմցուց. յետոյ զայն ծածկեց։
20Նաեւ անոր ըսաւ. «Վրանին մո՛ւտքը կայնէ, ու եթէ մարդ մը գայ, քեզ հարցուփորձէ եւ ըսէ. “Հոս մարդ կա՞յ”, ըսէ՛. “Ո՛չ”»։
21Ապա Քաբերի կինը՝ Յայէլ վրանին մէկ ցիցը առաւ, մուրճն ալ ձեռքը 12բռնելով՝ կամաց մը անոր քով գնաց, ու ցիցը անոր քունքը մխելով՝ զայն գետինը խրեց։ Ան պարտասած ըլլալով՝ խորունկ կը քնանար. այսպէս մեռաւ։
22Ահա՛ Բարակ Սիսարան կը հետապնդէր երբ Յայէլ դուրս ելաւ՝ զինք դիմաւորելու, եւ իրեն ըսաւ. «Եկո՛ւր, քու փնտռած մարդդ քեզի ցուցնեմ»։ Ինք ալ անոր հետ վրանը մտաւ, ու ահա՛ Սիսարա պառկած էր՝ մեռած, ցիցը իր քունքին մէջ։
23Աստուած այդ օրը Քանանացիներու Յաբին թագաւորը Իսրայէլի որդիներուն առջեւ ընկճեց։
24Քանանացիներու Յաբին թագաւորին դէմ Իսրայէլի որդիներուն ձեռքը 13հետզհետէ կը ծանրանար, մինչեւ որ Քանանացիներու Յաբին թագաւորը բնաջնջեցին։