Judges 5
Joshua « Judges 4 ‹ Judges 5 › Judges 6 » Ruth
ԴԵԲՈՐԱՅԻ ԵՒ ԲԱՐԱԿԻ ԵՐԳԸ
1Այդ օրը Դեբորա եւ Աբինոամի որդին՝ Բարակ երգեցին ու ըսին.
2«Իսրայէլի 1զօրապետներուն առաջնորդելուն համար, Ու ժողովուրդին յօժարակամ ըլլալուն համար՝ Տէ՛րը օրհնեցէք։
3Ո՛վ թագաւորներ, մտի՛կ ըրէք, Ո՛վ իշխանապետներ, ունկնդրեցէ՛ք. Ես Տէրոջ պիտի երգեմ, Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն սաղմոս պիտի ըսեմ։
4Ո՛վ Տէր, երբ դուն Սէիրէն ելար Ու Եդովմի դաշտէն յառաջացար, Երկիրը շարժեցաւ, երկինքը շաղ կաթեցուց, Թանձր ամպերն ալ ջուր կաթեցուցին.
5Տէրոջ 2առջեւէն լեռները 3հալեցան, Տէրոջ՝ Իսրայէլի Աստուծոյն առջեւէն այդ Սինան ալ հալեցաւ։
6Անաթի որդիին՝ Սամեգարի օրերը, Յայէլի օրերը, Ուղիները 4դատարկ էին, Եւ ճամբորդները խոտորնակ ուղիներէ կը քալէին։
7Իսրայէլի մէջ 5զօրապետներ պակսեցան, Պակսեցան, մինչեւ որ ես՝ Դեբորա՝ կանգնեցայ, Մինչեւ որ կանգնեցայ իբր մայր մը Իսրայէլի մէջ։
8Նոր աստուածներ ընտրեցին, Այն ատեն իրենց դռներուն մէջ պատերազմ եղաւ. Արդեօք Իսրայէլի քառասուն հազար զօրքին մէջ Վահան կամ գեղարդ տեսնուեցա՞ւ։
9Իմ սիրտս Իսրայէլի օրէնսդիրներուն վրայ է. Ո՛վ ժողովուրդին յօժարակամ եղողները, Տէ՛րը օրհնեցէք։
10Սպիտակ էշերու վրայ հեծնողնե՛ր, 6Դատարանը նստողնե՛ր, Ու ճամբան քալողնե՛ր, խօսեցէ՛ք։
117Աղեղնաւորներուն ձայնով՝ Ջուր քաշելու տեղերուն մէջ՝ Հոն Տէրոջ 8արդար գործերը՝՝, Եւ Իսրայէլի մէջ անոր զօրապետներուն արդար գործերը թող տարփողեն. Այն ատեն Տէրոջ ժողովուրդը թող դռները իջնէ։
12Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ո՛վ Դեբորա. Արթնցի՛ր, արթնցի՛ր, ու 9երգէ՛։ Ո՛վ Բարակ, կանգնէ՛. Ո՛վ Աբինոամի որդի, քու 10գերիներդ գերեվարէ՛։
13Այն ատեն ժողովուրդէն վերապրողին Տիրապետել տուաւ երեւելիներուն վրայ. Տէրը ինծի տիրապետել տուաւ Զօրաւորներուն վրայ։
14Եփրեմէ եկան Ամաղէկի մէջ արմատ ունեցողները. Բենիամին ետեւէդ եկաւ՝ քու ժողովուրդիդ մէջէն. Մաքիրէ օրէնսդիրներ իջան, Ու Զաբուղոնէ՝ գրագիրի գրիչ բռնողներ։
15Իսաքարի իշխանաւորները Դեբորայի հետ եղան, Եւ Իսաքար՝ Բարակի պէս՝ 11Անոր ետեւէն՝՝ հովիտը ղրկուեցաւ։ Ռուբէնի 12ազգատոհմերուն մէջ Մեծ էին սիրտի որոշումները.
16Ինչո՞ւ գոմերուն մէջ կեցար, Որ 13հօտերուն մայե՞լը՝՝ լսես. Ռուբէնի ազգատոհմերուն մէջ Մեծ էին սիրտի հետազօտութիւնները։
17Գաղաադ Յորդանանի միւս կողմը կը բնակէր, Ու Դան ինչո՞ւ նաւերու մէջ պանդխտացաւ։ Ասեր ծովուն եզերքը կը մնար, Եւ իր նաւահանգիստներուն քով կը բնակէր։
18Զաբուղոն ու Նեփթաղիմ այնպիսի ժողովուրդ մըն են, Որ դաշտի բարձունքներուն վրայ իրենց անձը մահուան վտանգին մէջ կը դնեն։
19Թագաւորները եկան, պատերազմեցան. Այն ատեն Քանանացիներուն թագաւորները Մակեդդովի ջուրին քով՝ Թանաքի մէջ պատերազմեցան. Բայց դրամի շահ չստացան։
20Երկինքէն պատերազմեցան. Աստղերը իրենց 14շրջածիրերէն Սիսարայի դէմ պատերազմեցան։
21Կիսոն վտակը — այդ վաղեմի վտակը —, Կիսոն վտակը զանոնք քշեց տարաւ։ Ո՛վ իմ անձս, անոնց զօրութիւնը ոտնակոխ ըրիր։
22Այն ատեն ձիերուն սմբակները Սրընթաց վազքէն գետինը ծեծեցին, Անոնց հզօրներուն սրընթաց վազքէն։
23Տէրոջ հրեշտակը ըսաւ. “Անիծեցէ՛ք Մարովզը, Անոր բնակիչները սաստի՛կ անիծեցէք, Քանի որ Տէրոջ օգնութեան չեկան, Տէրոջ օգնութեան՝ զօրաւոր թշնամիներուն դէմ ”։
24Կենեցի Քաբերի կինը՝ Յայէլ Կիներուն մէջ բոլորէն աւելի օրհնեա՜լ ըլլայ. Վրաններու մէջ բնակող կիներէն Աւելի օրհնեա՜լ ըլլայ։
25Սիսարա ջուր խնդրեց, կաթ տուաւ. Երեւելիներուն գաւաթով՝ կոգի մատուցանեց։
26Ան իր ձեռքը ցիցին երկարեց, Եւ իր աջ ձեռքը՝ աշխատաւորի մուրճին, Սիսարայի զարնելով՝ անոր գլուխը ճեղքեց, Անոր քունքը կոտրեց ու խոցեց։
27Յայէլի ոտքերուն մէջտեղը ծռեցաւ, ինկաւ, փռուեցաւ. Անոր ոտքերուն մէջտեղը ծռեցաւ, ինկաւ. Ուր որ ծռեցաւ, հոն ինկաւ՝ բնաջնջուած։
28Սիսարայի մայրը պատուհանէն նայեցաւ, Ու վանդակափեղկին ետեւէն գոչեց. “Ինչո՞ւ անոր կառքը կը յամենայ գալու, Ինչո՞ւ անոր կառքերուն գնացքը կ’ուշանայ”։
29Անոր իմաստուն իշխանուհիները իրեն պատասխանեցին, Ինք ալ ինքնիրեն 15պատասխանեց.
30“Անշուշտ անոնք աւար գտան, Եւ զայն կը բաժնեն. Ամէն 16կտրիճի՝ մէկ կամ երկու 17երիտասարդուհի, Իսկ Սիսարայի՝ գոյնզգոյն աւար մը, Գոյնզգոյն նկարազարդ աւար մը, Երկու կողմէն գոյնզգոյն ու նկարազարդ՝ աւար առնողներուն վիզին համար”։
31Ո՛վ Տէր, քու բոլոր թշնամիներդ Այսպէս թող կորսուին. Իսկ 18քեզ սիրողները՝ Իր զօրութեամբ ելլող արեւին պէս ըլլան»։ Ու երկիրը քառասուն տարի հանդարտեցաւ։