Loading...

Judges 20

Joshua  «  Judges 19  ‹  Judges 20  ›  Judges 21  »  Ruth


ԻՍՐԱՅԷԼ ԿԸ ՊԱՏՐԱՍՏՈՒԻ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ

1

Իսրայէլի բոլոր որդիները դուրս ելան, Դանէ մինչեւ Բերսաբէ եւ Գաղաադի երկիրը, ու համայնքը մէկ մարդու պէս Մասփայի մէջ Տէրոջ առջեւ համախմբուեցաւ։

2

Ամբողջ ժողովուրդին — Իսրայէլի բոլոր տոհմերուն — 1գլխաւոր մարդիկը՝՝, չորս հարիւր հազար սուր քաշող հետեւակ 2զօրք, Աստուծոյ ժողովուրդին համախմբումին ներկայացան։

3

(Բենիամինի որդիները լսեցին թէ Իսրայէլի որդիները Մասփա բարձրացեր են։) Իսրայէլի որդիները ըսին. «Մեզի պատմեցէ՛ք թէ այս չարիքը ի՛նչպէս եղաւ»։

4

Այդ Ղեւտացի մարդը, սպաննուած կնոջ ամուսինը, պատասխանեց. «Ես ու իմ հարճս Բենիամինի Գաբաան հասանք, որպէսզի հոն գիշերենք։

5

Գաբաայի 3բնակիչները ինծի դէմ կանգնեցան, եւ գիշերը իմ եղած տունս շրջապատեցին. կը մտածէին զիս սպաննել ու հարճս լլկեցին, եւ մեռաւ։

6

Ես ալ հարճս բռնեցի, զայն կտորներու բաժնեցի ու Իսրայէլի ժառանգութեան ամբողջ դաշտավայրը ղրկեցի, քանի որ անոնք Իսրայէլի մէջ լրբութիւն եւ անզգամութիւն գործեցին։

7

Ահա՛ դուք բոլորդ ալ Իսրայէլի որդիներ էք. հոս խօսակցեցէ՛ք ու խորհրդակցեցէ՛ք»։

8

Ամբողջ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս կանգնեցաւ՝ ըսելով. «Մեզմէ ո՛չ մէկը իր վրանը պիտի երթայ, եւ ո՛չ մէկը իր տունը պիտի 4ուղղուի։

9

Ահա՛ հիմա ի՛նչ պիտի ընենք Գաբաայի. անոր դէմ վիճակով պիտի երթանք,

10

եւ Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն՝ հարիւրէն տասը, հազարէն՝ հարիւր, ու տասը հազարէն՝ հազար մարդ պիտի առնենք՝ ժողովուրդին պաշար տանելու համար, որպէսզի երբ Բենիամինի Գաբաան հասնին՝ անոր բնակիչներուն հետ վարուին Իսրայէլի մէջ իրենց գործած ամբողջ անզգամութեան համեմատ»։

11

Այդ քաղաքին դէմ երթալու համար՝ Իսրայէլի բոլոր մարդիկը հաւաքուեցան, մէկ մարդու պէս իրարու 5միացած։

12

Իսրայէլի տոհմերը Բենիամինի ամբողջ տոհմին մարդիկ ղրկեցին եւ ըսին. «Այս ի՞նչ չարիք է՝ որ ձեր մեջ եղաւ։

13

Հիմա Գաբաայի մէջ եղող այդ 6անօրէն մարդիկը՝՝ յանձնեցէ՛ք, որպէսզի զանոնք մեռցնենք, ու չարութիւնը Իսրայէլէն բնաջնջենք»։ Բայց Բենիամինեանները իրենց եղբայրներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն խօսքը մտիկ ընել չուզեցին.

14

հապա Բենիամինի որդիները իրենց քաղաքներէն Գաբաայի մէջ հաւաքուեցան, որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն դէմ 7պատերազմին։

15

Այդ օրը իրենց քաղաքներէն եկող Բենիամինի որդիները թուարկուեցան, եւ քսանվեց հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ, բացի Գաբաայի բնակիչներէն, որոնք եօթը հարիւր ընտիր մարդիկ թուարկուեցան։

16

Այս ամբողջ ժողովուրդին մէջ եօթը հարիւր ընտիր 8ձախլիկ մարդիկ կային, որոնցմէ իւրաքանչիւրը պարսատիկով մազի վրայ քար կը նետէր՝ առանց վրիպելու։

17

Իսրայէլի մարդիկն ալ թուարկուեցան՝ Բենիամինէն զատ. չորս հարիւր հազար սուր քաշող մարդ գտնուեցաւ. բոլորն ալ պատերազմիկներ էին։


ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ԴԷՄ ՊԱՏԵՐԱԶՄ

18

Իսրայէլի որդիները կանգնեցան, 9Բեթէլ բարձրացան, եւ Աստուծոյ հարցուցին. «Մեզմէ ո՞վ առաջինը թող բարձրանայ՝ Բենիամինի դէմ պատերազմելու համար»։ Տէրը ըսաւ. «Յուդա՛ թող ըլլայ առաջինը»։

19

Իսրայէլի որդիները առտուն կանգնեցան, ու Գաբաայի դիմաց բանակեցան։

20

Իսրայելացիները դուրս ելան՝ Բենիամինի դէմ պատերազմելու, եւ Գաբաայի քով անոնց դիմաց շարուեցան՝ պատերազմի համար։

21

Բենիամինի որդիները Գաբաայէն ելան, ու այդ օրը Իսրայելացիներէն քսաներկու հազար մարդ գետին 10փռեցին։

22

Ժողովուրդը՝ այսինքն Իսրայելացիները ուժովցան, եւ պատերազմելու համար վերստին շարուեցան այն տեղը՝ ուր առաջին օրը շարուեր էին։

23

(Իսրայէլի որդիները բարձրացան, Տէրոջ առջեւ մինչեւ իրիկուն լացին, ու Տէրոջ հարցուցին. «Մեր եղբօր՝ Բենիամինի դէմ պատերազմելու համար վերստին մօտենա՞նք»։ Տէրը ըսաւ. «Բարձրացէ՛ք անոր դէմ»։)

24

Երկրորդ օրը՝ Իսրայէլի որդիները Բենիամինի որդիներուն մօտեցան։

25

Երկրորդ օրը՝ Բենիամինեանները Գաբաայէն ելան՝ անոնց դէմ պատերազմելու համար, եւ Իսրայէլի որդիներէն դարձեալ տասնութ հազար մարդ գետին փռեցին. բոլորն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։

26

Այն ատեն Իսրայէլի բոլոր որդիները, այսինքն՝ ամբողջ ժողովուրդը, բարձրացան, Բեթէլ գացին, ու հոն լացին՝ Տէրոջ առջեւ կենալով. այդ օրը մինչեւ իրիկուն ծոմ պահեցին, եւ Տէրոջ առջեւ ողջակէզներ ու խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։

27

Իսրայէլի որդիները Տէրոջ հարցուցին (արդարեւ այդ օրերը Աստուծոյ ուխտին տապանակը հոն էր,

28

եւ այդ օրերը անոր առջեւ Ահարոնեան Եղիազարի որդին՝ Փենեհէս կը կայնէր) ու ըսին. «Մեր եղբօր՝ Բենիամինի որդիներուն դէմ պատերազմելու համար 11վերստին դուրս ելլե՞նք, թէ հրաժարինք»։ Տէրը ըսաւ. «Բարձրացէ՛ք, քանի վաղը զանոնք ձեր ձեռքը պիտի մատնեմ»։

29

Իսրայելացիները Գաբաայի շուրջը դարանակալներ դրին։

30

Երրորդ օրը՝ Իսրայէլի որդիները Բենիամինի որդիներուն դէմ բարձրացան, ու միւս անգամներուն պէս Գաբաայի դիմացը շարուեցան։

31

Ուստի Բենիամինի որդիները դուրս ելան՝ ժողովուրդին դէմ, քաղաքէն 12հեռացան, եւ միւս անգամներուն պէս սկսան ժողովուրդը զարնել. երեսունի չափ Իսրայելացի մեռցուցին այն պողոտաներուն վրայ, որոնցմէ մէկը Բեթէլ կը բարձրանայ, իսկ միւսը՝ Գաբաա, դաշտավայրին մէջ։

32

Բենիամինի որդիները ըսին. «Ահա՛ անոնք մեր առջեւ կը պարտուին՝ առաջին անգամներուն պէս»։ Իսկ Իսրայէլի որդիները ըսին. «Փախչի՛նք, ու զանոնք քաղաքէն հեռացնենք՝ դէպի պողոտաները»։

33

Իսրայէլի բոլոր մարդիկը իրենց տեղէն կանգնեցան, ու Բահաղ-Թամարի առջեւ շարուեցան. նաեւ Իսրայէլի դարանակալները իրենց տեղէն՝ Գաբաայի 13դաշտագետինէն խոյացան։

34

Գաբաայի դէմ՝ ամբողջ Իսրայէլէն տասը հազար ընտիր մարդ եկաւ. պատերազմը սաստկացաւ, բայց 14անոնք չէին գիտեր թէ իրենց վրայ չարիք հասած է։

35

Տէրը Իսրայէլի առջեւ Բենիամինը պարտութեան մատնեց, եւ այդ օրը Իսրայէլի որդիները Բենիամինեաններէն քսանհինգ հազար հարիւր մարդ կոտորեցին. ասոնք բոլորն ալ սուր քաշող մարդիկ էին։


ԻՍՐԱՅԵԼԱՑԻՆԵՐՈՒՆ ՅԱՂԹԱՆԱԿԸ

36

Բենիամինի որդիները տեսան թէ անոնք կը պարտուին, քանի որ Իսրայելացիները Բենիամինեաններուն տեղ տուին՝ Գաբաայի շուրջը իրենց դրած դարանակալներուն վստահելով։

37

Դարանակալները արտորալով Գաբաայի վրայ յարձակեցան. դարանակալները չորս կողմը 15տարածուեցան եւ ամբողջ քաղաքը սուրի բերանէ անցուցին։

38

Իսրայելացիները դարանակալներուն հետ 16ժամանակ մը որոշեր՝՝ էին, որպէսզի քաղաքէն 17թանձր մուխ՝՝ բարձրացնեն։

39

Երբ Իսրայելացիները պատերազմին մէջ 18դիմաշրջեցին, Բենիամինեանները սկսան Իսրայելացիները զարնել ու երեսունի չափ մարդ մեռցուցին, քանի որ ըսին. «Անտարակոյս անոնք մեր առջեւ պիտի պարտուին՝ ինչպէս առաջին պատերազմին եղաւ»։

40

Բայց երբ քաղաքէն թանձր մուխի սիւնը սկսաւ բարձրանալ՝ Բենիամինեանները ետեւ դարձան, եւ ահա՛ քաղաքին 19հրդեհը երկինք կը բարձրանար։

41

Երբ Իսրայելացիները դարձեալ դիմաշրջեցին, Բենիամինեանները սոսկացին, որովհետեւ տեսան թէ չարիքը իրենց վրայ հասած էր։

42

Ուստի անոնք Իսրայելացիներուն առջեւ կռնակ դարձուցին՝ դէպի անապատին ճամբան. բայց պատերազմը անոնց ետեւէն հասաւ, ու քաղաքներէն ելլողները զանոնք իրենց մէջ կոտորեցին։

43

Այսպէս Բենիամինեանները շրջապատեցին, զանոնք հալածեցին, եւ զանոնք դիւրութեամբ ոտնակոխ ըրին մինչեւ Գաբաայի դիմաց՝ արեւելեան կողմը։

44

Բենիամինէ տասնութ հազար մարդ ինկաւ. ասոնք բոլորն ալ կտրիճ մարդիկ էին։

45

Մնացածները կռնակ դարձուցին ու անապատը՝ Ռեմոնի ժայռը փախան։ Իսրայելացիները անոնցմէ հինգ հազար մարդ ճռաքաղ ըրին պողոտաներուն վրայ, եւ անոնց ետեւէն հասնելով մինչեւ Գեդոմ՝ անոնցմէ երկու հազար մարդ ալ զարկին։

46

Բենիամինէ այդ օրը բոլոր ինկածները՝ քսանհինգ հազար սուր քաշող մարդիկ էին. ասոնք բոլորն ալ կտրիճ մարդիկ էին։

47

Վեց հարիւր մարդ կռնակ դարձուց ու անապատը՝ Ռեմոնի ժայռը փախաւ, եւ հոն չորս ամիս մնացին։

48

Իսրայելացիները Բենիամինի որդիներուն վերադառնալով՝ զանոնք սուրի բերանէ անցուցին, քաղաքներուն մէջի մարդոցմէն մինչեւ անասունները, ու ինչ որ գտնուեցաւ։ Իրենց հանդիպած բոլոր քաղաքներն ալ 20կրակով այրեցին՝՝։



1 Եբր.՝ անկիւնի քարերը
2 Եբր.՝ մարդ
3 Եբր.՝ տէրերը
4 Եբր.՝ շեղի
5 Եբր.՝ ընկերակցած
6 Եբր.՝ մարդիկը՝ Բելիարի որդիները
7 Եբր.՝ դուրս ելլեն՝ պատերազմելու
8 Եբր.՝ աջ ձեռքը գոցուած
9 Կամ՝ Աստուծոյ տունը
10 Եբր.՝ կոտորեցին
11 Եբր.՝ անգա՛մ մըն ալ վերստին
12 Եբր.՝ դուրս հանուեցան
13 Եբր.՝ արօտէն
14 Այսինքն՝ Բենիամինեանները
15 Եբր.՝ քաշուեցան
16 Կամ՝ նշան մը սահմաներ
17 Եբր.՝ մուխի բարձրացող նշան
18 Այսինքն՝ իրենց երեսը դարձուցին
19 Եբր.՝ ողջակէզը
20 Եբր.՝ կրակի վրայ դրին