Loading...

Judges 21

Joshua  «  Judges 20  ‹  Judges 21  ›  Ruth 1  »  Ruth


ԿԻՆԵՐ ԲԵՆԻԱՄԻՆԻ ՏՈՀՄԻՆ ՀԱՄԱՐ

1

Իսրայէլի մարդիկը Մասփայի մէջ երդում ըրեր էին՝ ըսելով. «Մեզմէ ո՛չ մէկը իր աղջիկը Բենիամինեանի մը պիտի տայ իբր կին»։

2

Ուստի ժողովուրդը Բեթէլ գնաց, ու հոն Աստուծոյ առջեւ կեցաւ՝ մինչեւ իրիկուն։ Իրենց ձայնը բարձրացնելով՝ 1դառնապէս լացին,

3

եւ ըսին. «Ո՛վ Տէր, Իսրայէլի Աստուածը, ինչո՞ւ ասիկա Իսրայէլի մէջ 2պատահեցաւ, որ այսօր Իսրայէլէն տոհմ մը պակսի»։

4

Հետեւեալ օրը՝ ժողովուրդը կանուխ ելաւ, ու հոն զոհասեղան մը կառուցանելով՝ ողջակէզներ եւ խաղաղութեան զոհեր մատուցանեցին։

5

Իսրայէլի որդիները ըսին. «Իսրայէլի բոլոր տոհմերէն ո՞վ համախմբումին հետ բարձրացած չէ Տէրոջ առջեւ»։ Արդարեւ Տէրոջ առջեւ Մասփա չբարձրացողին համար մեծ երդում ըրեր էին՝ ըսելով. «Ան անպատճառ պիտի մեռցուի»։

6

Իսրայէլի որդիները իրենց եղբօր՝ Բենիամինի վրայ արգահատելով ըսին. «Այսօր Իսրայէլէն տոհմ մը բնաջնջուեցաւ։

7

Ի՞նչ ընենք այս մնացածներուն՝ որ կիներ ունենան, քանի մենք Տէրոջ անունով երդում ըրինք՝ որ մեր աղջիկներէն անոնց կին չտանք»։

8

Ապա ըսին. «Իսրայէլի տոհմերէն ո՞ր մէկը Մասփա բարձրացած չէ՝ Տէրոջ առջեւ»։ Ահա՛ Գաղաադի Յաբիսէն ո՛չ մէկը բանակավայրը եկած էր՝ համախմբումին։

9

Ժողովուրդը աչքէ անցուցին, եւ ահա՛ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներէն ո՛չ մէկը կար հոն։

10

Ուստի համայնքը 3կտրիճներէն տասներկու հազար մարդ ղրկեց հոն, ու անոնց պատուիրեց. «Գացէ՛ք, եւ Գաղաադի Յաբիսի բնակիչները սուրի՛ բերանէ անցուցէք, կիներն ու մանուկներն ալ։

11

Ձեր ընելիքը սա՛ է. անճիտեցէ՛ք ամէն արու, եւ 4այր մարդու՝՝ անկողին գիտցող ամէն կին»։

12

Անոնք Գաղաադի Յաբիսի բնակիչներուն մէջ չորս հարիւր կոյս երիտասարդուհիներ գտան, որ արուի հետ պառկելով այր մարդ գիտցած չէին. ուստի զանոնք Քանանի երկրին մէջ՝ Սելովի բանակավայրը տարին։

13

Ամբողջ համայնքը մարդ ղրկեց՝ Ռեմոնի ժայռը եղող Բենիամինի որդիներուն խօսելու եւ զանոնք խաղաղութեան հրաւիրելու։

14

Այդ ատեն Բենիամինեանները վերադարձան, ու անոնց այն կիները տուին՝ որ Գաղաադի Յաբիսի կիներէն ողջ պահած էին. բայց անոնց բաւական չեղան։

15

Ուստի ժողովուրդը Բենիամինի վրայ արգահատեցաւ, քանի որ Տէրը Իսրայէլի տոհմերուն մէջ խրամատ 5բացած էր։

16

Համայնքին երէցները ըսին. «Ի՞նչ ընենք մնացածներուն՝ որ կիներ ունենան, որովհետեւ Բենիամինի տոհմէն կիները կոտորուեցան»։

17

Ապա ըսին. «Ազատած Բենիամինեանները ստացուածք թող ունենան, որպէսզի Իսրայէլէն տոհմ մը չբնաջնջուի։

18

Մենք անոնց չենք կրնար տալ մեր աղջիկներէն՝ իբր կին, որովհետեւ Իսրայէլի որդիները երդում ընելով ըսին. “Բենիամինի կին տուողը անիծեալ ըլլայ”»։

19

Բայց ըսին. «Ահա՛ ամէն տարի տօն կ’ըլլայ Տէրոջ՝ Սելովի մէջ, որ Բեթէլի հիւսիսային կողմը, Բեթէլէ Սիւքէմ բարձրացող պողոտային արեւելեան կողմը, ու Ղեբոնայի հարաւային կողմն է»։

20

Հետեւաբար Բենիամինի որդիներուն պատուիրեցին. «Գացէ՛ք եւ այգիներուն մէջ դարա՛ն մտէք.

21

երբ տեսնէք թէ Սելովի աղջիկները խումբով դուրս կ’ելլեն՝ պարելու, դո՛ւրս ելէք այգիներէն, ձեզմէ իւրաքանչիւրը թող յափշտակէ 6կին մը՝՝ Սելովի աղջիկներէն, ապա գացէ՛ք Բենիամինի երկիրը։

22

Եթէ անոնց հայրերը կամ եղբայրները մեզի գալով կռուին, անոնց կ’ըսենք. “Մեր սիրոյն համար՝ ողորմեցէ՛ք անոնց, որովհետեւ մենք պատերազմին մէջ անոնց իւրաքանչիւրին համար կին մը չառինք. 7հիմա դուք չտուիք անոնց՝ որ յանցաւոր ըլլաք”»։

23

Ուստի Բենիամինի որդիները այդպէս ըրին. իրենց թիւին համեմատ պարողներէն կիներ առին՝ զանոնք յափշտակելով. յետոյ գացին, իրենց ժառանգութիւնը վերադարձան, քաղաքները կառուցանեցին եւ անոնց մէջ բնակեցան։

24

Այդ ատեն Իսրայէլի որդիները անկէ գացին, իւրաքանչիւրը՝ իր տոհմին ու գերդաստանին մէջ. իւրաքանչիւրը անկէ իր ժառանգութիւնը գնաց։

25

Այդ օրերը Իսրայէլի մէջ թագաւոր չկար. իւրաքանչիւրը իր աչքերուն ուղիղ եղածը կ’ընէր։



1 Եբր.՝ մեծ լացով
2 Եբր.՝ եղաւ
3 Եբր.՝ կտրիճի որդիներէն
4 Եբր.՝ արուի
5 Եբր.՝ ըրած
6 Եբր.՝ իր կինը
7 Եբր.՝ այս ատեն