Leviticus 1
Exodus « Exodus 40 ‹ Leviticus 1 › Leviticus 2 » Numbers
ՈՂՋԱԿԷԶԻ ՊԱՏԱՐԱԳՆԵՐԸ
1Տէրը կանչեց Մովսէսը, ու Հանդիպումի վրանէն խօսեցաւ անոր՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Եթէ ձեզմէ մարդ մը անասուններէն մատաղ մատուցանէ Տէրոջ, ձեր մատաղը արջառներէ՛ն կամ ոչխարներէ՛ն մատուցանեցէք”։
3Եթէ անոր մատաղը արջառներէ՛ն ողջակէզ է, անարատ արու մը թող մատուցանէ. Հանդիպումի վրանին մուտքը թող մատուցանէ զայն, Տէրոջ առջեւ ընդունելի ըլլալու համար։
4Իր ձեռքը ողջակէզին գլուխին վրայ թող դնէ, որ ան իրեն քաւութիւն ըլլալու համար ընդունելի ըլլայ։
5Արջառներէն զուարակը թող մորթէ Տէրոջ առջեւ, եւ Ահարոնի որդիները՝ քահանաները՝ արիւնը թող մատուցանեն, ու Հանդիպումի վրանին մուտքը եղող զոհասեղանին վրայ արիւնը թող սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
6Ողջակէզին մորթը թող հանէ, եւ ողջակէզը թող կտորներու բաժնէ։
7Ահարոն քահանային որդիները զոհասեղանին վրայ կրակ թող դնեն, ու կրակին վրայ փայտեր զետեղեն։
8Յետոյ Ահարոնի որդիները՝ քահանաները՝ կտորները, գլուխը եւ ճարպը թող զետեղեն զոհասեղանի կրակին վրայի փայտերուն վրայ.
9բայց անոր փորոտիքն ու թաթերը ջուրով թող լուայ, եւ քահանան բոլորը զոհասեղանին վրայ թող այրէ, որպէսզի ողջակէզ մը, անուշահոտ պատարագ մը ըլլայ Տէրոջ։
10Եթէ անոր ողջակէզի մատաղը հօտերէ՛ն է, այսինքն՝ ոչխարներէն կամ այծերէն, անարատ արու մը թող մատուցանէ։
11Թող մորթէ զայն Տէրոջ առջեւ՝ զոհասեղանին հիւսիսային կողմը, եւ Ահարոնի որդիները՝ քահանաները՝ անոր արիւնը զոհասեղանին վրայ թող սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
12Թող կտորներու բաժնէ զայն՝ գլուխով ու ճարպով, եւ քահանան զանոնք թող զետեղէ զոհասեղանի կրակին վրայի փայտերուն վրայ։
13Իսկ փորոտիքն ու թաթերը ջուրով թող լուայ, եւ քահանան բոլորը թող մատուցանէ ու զոհասեղանին վրայ այրէ։ Ասիկա ողջակէզ մը, անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջ։
14Եթէ անոր Տէրոջ մատուցանած մատաղը թռչուններէ՛ն ողջակէզ է, ան իր մատաղը տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն թող մատուցանէ։
15Քահանան զոհասեղանին թող մօտեցնէ զայն, անոր գլուխը թող փրցնէ եւ զոհասեղանին վրայ այրէ, իսկ անոր արիւնը զոհասեղանին մէկ կողմը թող քամուի։
16Անոր քարճիկն ու աղբը թող զատէ, եւ զանոնք մոխրանոցը թող նետէ, զոհասեղանին քով՝ դէպի արեւելք։
17Զայն իր թեւերէն թող ճեղքէ՝ առանց զանոնք զատելու, եւ քահանան զայն զոհասեղանին վրայ թող այրէ, կրակին վրայ եղող փայտերուն վրայ։ Ասիկա ողջակէզ մը, անուշահոտ պատարագ մըն է Տէրոջ»։