Leviticus 2
Exodus « Leviticus 1 ‹ Leviticus 2 › Leviticus 3 » Numbers
ՀԱՑԻ ԸՆԾԱՆ
1«Երբ մէկը հացի ընծայ մատուցանէ Տէրոջ, անոր մատաղը 1նաշիհէ թող ըլլայ։ Անոր վրայ թող իւղ թափէ ու կնդրուկ դնէ վրան,
2ապա Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն թող բերէ զայն։ Քահանան անկէ թող առնէ լման բուռ մը անոր նաշիհէն եւ իւղէն, անոր ամբողջ կնդրուկին հետ, ու քահանան անոր յիշատակի մասը զոհասեղանին վրայ թող այրէ՝ որպէսզի անուշահոտ պատարագ մը ըլլայ Տէրոջ։
3Իսկ հացի ընծայէն մնացածը՝ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն ըլլայ. ասիկա ամենասուրբ պատարագ մըն է Տէրոջ։
4Եթէ փուռի մէջ եփած հացի ընծայ մատուցանես իբր մատաղ, անխմոր կարկանդակներ թող ըլլայ՝ իւղով շաղուած նաշիհէ, կամ անխմոր լաւաշներ՝ իւղով օծուած։
5Եթէ մատաղդ տապակի վրայ եփած հացի ընծայ է, անխմոր թող ըլլայ՝ իւղով շաղուած նաշիհէ։
6Կտորներո՛ւ բաժնէ զայն ու վրան ի՛ւղ թափէ. ասիկա հացի ընծայ մըն է։
7Եթէ մատաղդ սանի մէջ եփած հացի ընծայ է, իւղով շաղուած նաշիհէ թող պատրաստուի։
8Ասոնցմէ պատրաստուած հացի ընծան Տէրո՛ջ բեր ու քահանայի՛ն ներկայացուր, որ ինք զոհասեղանին մօտեցնէ զայն։
9Քահանան ընծայէն յիշատակի մասը թող վերցնէ ու զոհասեղանին վրայ այրէ՝ որպէսզի անուշահոտ պատարագ մը ըլլայ Տէրոջ։
10Իսկ ընծայէն մնացածը Ահարոնի եւ անոր որդիներուն ըլլայ. ասիկա ամենասուրբ պատարագ մըն է Տէրոջ։
11Ո՛չ մէկ հացի ընծայ, որ դուք Տէրոջ պիտի մատուցանէք, 2թթխմորով թող պատրաստուի. արդարեւ պատարագի համար ամենեւին թթխմոր կամ մեղր մի՛ այրէք Տէրոջ։
12Ասոնք մատուցանեցէ՛ք Տէրոջ իբր 3երախայրիքի մատաղ. բայց զոհասեղանին վրայ թող չայրուին անուշահոտութեան համար։
13Հացի ընծայիդ ամէն մատաղին վրայ ա՛ղ դիր. հացի ընծայէդ պակաս մի՛ ըներ քու Աստուծոյդ ուխտին աղը. բոլոր մատաղներուդ վրայ ա՛ղ ալ մատուցանէ։
14Եթէ երախայրիքէդ հացի ընծայ մատուցանես Տէրոջ, կրակով բոհրած թարմ հասկերէն ծեծուած ցորե՛ն մատուցանէ երախայրիքիդ հացի ընծային համար։
15Անոր վրայ ի՛ւղ թափէ, ու կնդրո՛ւկ դիր վրան. ասիկա հացի ընծայ մըն է։
16Քահանան անոր յիշատակի մասը — մաս մը անոր ծեծուած ցորենէն, եւ մաս մը անոր իւղէն՝ անոր ամբողջ կնդրուկին հետ — թող այրէ. ասիկա պատարագ մըն է Տէրոջ»։