Leviticus 3
Exodus « Leviticus 2 ‹ Leviticus 3 › Leviticus 4 » Numbers
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ԶՈՀԱԲԵՐՈՒՄԸ
1«Եթէ մէկուն մատաղը խաղաղութեան զոհ է, երբ արջառներէն մատուցանէ՝ արու ըլլայ կամ էգ, զայն անարատ՛ թող մատուցանէ Տէրոջ առջեւ։
2Իր ձեռքը իր մատաղին գլուխին վրայ թող դնէ ու Հանդիպումի վրանին մուտքը թող մորթէ զայն, եւ Ահարոնի որդիները՝ քահանաները՝ արիւնը զոհասեղանին վրայ թող սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
3Ապա խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջ, այսինքն՝ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու փորոտիքէն վեր եղող ամբողջ ճարպը,
4երկու երիկամունքը, անոնցմէ վեր՝ կողերուն վրայ եղող ճարպը, եւ լեարդին վրայի թաղանթը — զայն երիկամունքով միասին թող փրցնէ։
5Ահարոնի որդիները թող այրեն ասոնք զոհասեղանի կրակին վրայի փայտերուն վրայ՝ ողջակէզին հետ, որպէսզի անուշահոտ պատարագ մը ըլլայ Տէրոջ։
6Եթէ խաղաղութեան զոհի համար Տէրոջ մատուցանած մատաղը ոչխարներէն է, արու ըլլայ կամ էգ, զայն անարատ՛ թող մատուցանէ։
7Եթէ ան իր մատաղին համար գառ մը մատուցանէ, Տէրոջ առջեւ թող մօտեցնէ զայն,
8ձեռքը իր մատաղին գլուխին վրայ դնէ ու Հանդիպումի վրանին առջեւ մորթէ զայն, եւ Ահարոնի որդիները անոր արիւնը զոհասեղանին վրայ թող սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
9Ապա խաղաղութեան զոհէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջ, այսինքն՝ անոր ճարպն ու ամբողջ դմակը — զայն 1տակէն թող փրցնէ —, նաեւ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու փորոտիքէն վեր եղող ամբողջ ճարպը,
10երկու երիկամունքը, անոնցմէ վեր՝ կողերուն վրայ եղող ճարպը, եւ լեարդին վրայի թաղանթը — զայն երիկամունքով միասին թող փրցնէ։
11Քահանան թող այրէ ասոնք զոհասեղանին վրայ, որպէսզի 2պատարագ մը ըլլայ Տէրոջ։
12Եթէ անոր մատաղը այծ մըն է, Տէրոջ առջեւ թող մօտեցնէ զայն,
13իր ձեռքը անոր գլուխին վրայ դնէ ու Հանդիպումի վրանին առջեւ մորթէ զայն, եւ Ահարոնի որդիները անոր արիւնը զոհասեղանին վրայ թող սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
14Եւ ան իր մատաղէն պատարագ թող մատուցանէ Տէրոջ, այսինքն՝ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու փորոտիքէն վեր եղող ամբողջ ճարպը,
15երկու երիկամունքը, անոնցմէ վեր՝ կողերուն վրայ եղող ճարպը, եւ լեարդին վրայի թաղանթը — զայն երիկամունքով միասին թող փրցնէ։
16Քահանան թող այրէ զանոնք զոհասեղանին վրայ, որպէսզի անուշահոտ պատարագ մը ըլլայ։ Ամբողջ ճարպը Տէրոջն է.
17ասիկա ձեր սերունդներուն բոլոր բնակութիւններուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, որ ո՛չ ճարպ ուտէք, ո՛չ ալ արիւն»։