Leviticus 4
Exodus « Leviticus 3 ‹ Leviticus 4 › Leviticus 5 » Numbers
ԱՆԳԻՏԱԿՑԱԲԱՐ ԿԱՏԱՐՈՒԱԾ ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Երբ անձ մը սխալմամբ մեղանչէ Տէրոջ պատուիրաններէն որեւէ մէկուն դէմ՝ արգիլուած բաներու մասին, եւ ասոնցմէ մէկը ընէ,
3եթէ օծուած քահանա՛ն մեղանչելով ժողովուրդը յանցաւոր ընէ, իր գործած մեղքին համար արջառներէն անարատ զուարակ մը թող մատուցանէ Տէրոջ՝ իբր մեղքի պատարագ։
4Հանդիպումի վրանին մուտքը՝ Տէրոջ առջեւ թող բերէ զուարակը, իր ձեռքը զուարակին գլուխին վրայ դնէ եւ Տէրոջ առջեւ մորթէ զուարակը։
5Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող առնէ ու Հանդիպումի վրանը բերէ։
6Քահանան իր մատը արիւնին մէջ թող թաթխէ եւ Տէրոջ առջեւ եօթը անգամ արիւնէն սրսկէ սրբարանի վարագոյրին դիմաց։
7Ապա քահանան արիւնէն քիչ մը թող դնէ Տէրոջ առջեւ՝ անուշաբոյր խունկի զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ, որ Հանդիպումի վրանին մէջ է. իսկ զուարակին մնացած ամբողջ արիւնը թող թափէ Հանդիպումի վրանին մուտքը եղող ողջակէզի զոհասեղանին յատակը։
8Մեղքի պատարագ եղած զուարակին ամբողջ ճարպը անկէ թող վերցնէ, այսինքն՝ փորոտիքը ծածկող ճարպն ու փորոտիքէն վեր եղող ամբողջ ճարպը,
9երկու երիկամունքը, անոնցմէ վեր՝ կողերուն վրայ եղող ճարպը, եւ լեարդին վրայի թաղանթը — զայն երիկամունքով միասին թող փրցնէ —,
10ինչպէս վերցուած էր խաղաղութեան զոհին արջառէն, ու քահանան ողջակէզի զոհասեղանին վրայ թող այրէ զանոնք։
11Զուարակին մորթը եւ անոր ամբողջ միսը՝ գլուխով, թաթերով, փորոտիքով ու թրիքով,
12այսինքն՝ ամբողջ զուարակը թող հանէ բանակավայրէն դուրս մաքուր տեղ մը, մոխիր թափուած տեղը, եւ փայտերու վրայ կրակով այրէ զայն. մոխիր թափուած տեղը թող այրուի։
13Եթէ Իսրայէլի ամբո՛ղջ համայնքը 1սխալմամբ մեղանչէ՝՝ — ու բանը համախմբումին աչքերէն թաքնուի — Տէրոջ պատուիրաններէն որեւէ մէկուն դէմ՝ արգիլուած բաներու մասին, եւ ասոնցմէ մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ,
14երբ անոր դէմ իրենց գործած մեղքը գիտցուի, համախմբումը արջառներէն զուարակ մը թող մատուցանէ մեղքի պատարագի համար, ու Հանդիպումի վրանին առջեւ բերէ զայն։
15Համայնքին երէցները Տէրոջ առջեւ իրենց ձեռքերը զուարակին գլուխին վրայ թող դնեն, եւ զուարակը Տէրոջ առջեւ թող մորթուի։
16Օծուած քահանան զուարակին արիւնէն թող բերէ Հանդիպումի վրանը,
17քահանան իր մատը արիւնին մէջ թող թաթխէ ու Տէրոջ առջեւ եօթը անգամ սրսկէ վարագոյրին դիմաց։
18Արիւնէն քիչ մը թող դնէ Հանդիպումի վրանին մէջ՝ Տէրոջ առջեւ եղող զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ, իսկ մնացած ամբողջ արիւնը թող թափէ Հանդիպումի վրանին մուտքը եղող ողջակէզի զոհասեղանին յատակը։
19Անոր ամբողջ ճարպը թող վերցնէ անկէ, ու զոհասեղանին վրայ այրէ։
20Ինչպէս որ ըրաւ մեղքի պատարագ եղած զուարակին, այս զուարակին ալ այնպէս թող ընէ. քահանան ալ անոնց համար թող քաւութիւն ընէ՝ որ անոնց ներուի։
21Բանակավայրէն դուրս թող հանէ զուարակը, ու զայն թող այրէ՝ ինչպէս առաջին զուարակը այրեց. ասիկա համախմբումին համար մեղքի պատարագ մըն է։
22Եթէ իշխա՛ն մը մեղանչէ Տէրոջ՝ իր Աստուծոյն պատուիրաններէն որեւէ մէկուն դէմ՝ արգիլուած բաներու մասին, եւ ասոնցմէ մէկը սխալմամբ ընելով յանցաւոր ըլլայ,
23երբ իր գործած մեղքը իրեն իմացուի՝ թող բերէ իր մատաղը — այծերէն նոխազ մը, անարատ արու մը —,
24իր ձեռքը նոխազին գլուխին վրայ թող դնէ եւ զայն Տէրոջ առջեւ մորթէ ողջակէզին մորթուելու տեղը. ասիկա մեղքի պատարագ մըն է։
25Քահանան իր մատով մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ, իսկ անոր մնացած արիւնը ողջակէզի զոհասեղանին յատակը թափէ։
26Անոր ամբողջ ճարպը զոհասեղանին վրայ թող այրէ՝ խաղաղութեան զոհին ճարպին պէս. քահանան ալ անոր մեղքին համար քաւութիւն ընէ՝ որ անոր ներուի։
27Իսկ եթէ երկրին ժողովուրդէ՛ն մէկը սխալմամբ մեղանչէ Տէրոջ պատուիրաններէն որեւէ մէկուն դէմ՝ արգիլուած բաներու մասին, եւ ասոնցմէ մէկը ընելով յանցաւոր ըլլայ,
28երբ իր գործած մեղքը իրեն իմացուի, իր գործած մեղքին համար թող բերէ իր մատաղը — այծերէն անարատ էգ ուլ մը —,
29իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլուխին վրայ թող դնէ եւ մեղքի պատարագ եղող անասունը մորթէ ողջակէզին մորթուելու տեղը։
30Քահանան իր մատով անոր արիւնէն թող առնէ ու ողջակէզի զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ, իսկ մնացած ամբողջ արիւնը զոհասեղանին յատակը թափէ։
31Անոր ամբողջ ճարպը թող փրցնէ՝ ինչպէս ճարպը փրցուած էր խաղաղութեան զոհէն. քահանան ալ զոհասեղանին վրայ թող այրէ զայն՝ անոյշ հոտի համար Տէրոջ առջեւ, եւ քահանան անոր համար քաւութիւն ընէ՝ որ անոր ներուի։
32Եթէ մեղքի պատարագի համար գառնուկ մը մատուցանէ, անարատ էգ մը թող բերէ,
33իր ձեռքը մեղքի պատարագին գլուխին վրայ թող դնէ ու զայն մորթէ ողջակէզին մորթուելու տեղը՝ մեղքի պատարագի համար։
34Քահանան իր մատով մեղքի պատարագին արիւնէն թող առնէ եւ ողջակէզի զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ, իսկ մնացած ամբողջ արիւնը զոհասեղանին յատակը թափէ։
35Անոր ամբողջ ճարպը թող փրցնէ՝ ինչպէս գառին ճարպը փրցուուած էր խաղաղութեան զոհէն. քահանան ալ զոհասեղանին վրայ թող այրէ զայն՝ Տէրոջ պատարագներուն հետ. քահանան անոր գործած մեղքին համար թող քաւութիւն ընէ՝ որ անոր ներուի”»։