Leviticus 5
Exodus « Leviticus 4 ‹ Leviticus 5 › Leviticus 6 » Numbers
ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳ ՊԱՀԱՆՋՈՂ ՊԱՐԱԳԱՆԵՐԸ
1«Եթէ անձ մը 1երդումի խօսքը լսելով ու վկայ ըլլալով՝ տեսածը կամ գիտցածը չիմացնէ, կը մեղանչէ եւ իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
2Կամ եթէ անձ մը անմաքուր բանի մը դպչի — կա՛մ անմաքուր գազանի մը դիակին, կա՛մ անմաքուր անասունի մը դիակին, կա՛մ անմաքուր զեռունի մը դիակին —, իրմէ թաքնուի ալ՝ ինք անմաքուր կ’ըլլայ, ու յանցաւոր։
3Կամ եթէ մարդու անմաքրութեան դպչի — անմաքուր ընող որեւէ անմաքրութեան —, եւ իրմէ թաքնուի, երբ գիտնայ՝ յանցաւոր կ’ըլլայ։
4Կամ եթէ անձ մը՝ շրթունքով անխոհեմաբար խօսելով՝ երդում ընէ չարիք կամ բարիք գործելու համար,— ինչ որ մարդ մը երդումով անխոհեմաբար կը խօսի,— ու իրմէ թաքնուի, երբ գիտնայ՝ յանցաւոր կ’ըլլայ ասոնցմէ մէկուն մէջ։
5Երբ այս բաներէն մէկուն մէջ յանցաւոր ըլլայ եւ անոր համար իր մեղանչելը խոստովանի,
6իր գործած մեղքին համար իր յանցանքի պատարագը — ոչխարներէն էգ մը, այսինքն էգ գառնուկ մը, կամ այծերէն էգ ուլ մը — թող բերէ Տէրոջ՝ մեղքի պատարագի համար. քահանան ալ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր մեղքին համար։
7Եթէ 2գառ բերելու կարող չէ, իր գործած յանցանքին համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող բերէ Տէրոջ, մէկը՝ մեղքի պատարագ ըլլալու համար, ու միւսը՝ ողջակէզ։
8Քահանային թող բերէ զանոնք, եւ ան նախ թող մատուցանէ մէկը՝ որ մեղքի պատարագի համար է։ Անոր գլուխը թող փրցնէ՝ իր ծոծրակէն չզատելով,
9ու մեղքի պատարագին արիւնէն թող սրսկէ զոհասեղանին մէկ կողմին վրայ։ Մնացած արիւնը զոհասեղանին յատակը թող քամուի. ասիկա մեղքի պատարագ մըն է։
10Իսկ միւսը իբր ողջակէզ թող ընծայէ՝ կանոնին համաձայն. քահանան ալ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր գործած մեղքին համար, որ ներուի անոր։
11Իսկ եթէ իր կարողութիւնը չի հասնիր երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ բերելու, մեղանչողը իր մատաղին համար արդուի մը մէկ տասներորդ մասը նաշիհ թող բերէ մեղքի պատարագի համար. անոր վրայ իւղ թող չդնէ, ո՛չ ալ կնդրուկ դնէ. որովհետեւ ասիկա մեղքի պատարագ մըն է։
12Քահանային թող բերէ զայն, ու քահանան անկէ լման բուռ մը թող առնէ — անոր յիշատակի մասը — եւ զոհասեղանին վրայ այրէ Տէրոջ պատարագներուն հետ. ասիկա մեղքի պատարագ մըն է։
13Քահանան թող քաւութիւն ընէ անոր՝ այս բաներէն մէկուն մէջ իր գործած մեղքին համար, որ ներուի անոր. իսկ մնացածը հացի ընծային պէս քահանային թող ըլլայ»։
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
14Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
15«Եթէ անձ մը ուխտազանց ըլլայ ու սխալմամբ Տէրոջ սուրբ բաներուն դէմ մեղանչէ, իր յանցանքին համար Տէրոջ թող բերէ ոչխարներէն անարատ խոյ մը՝ քու գնահատումիդ չափ սիկղ արծաթ արժող — սրբարանի սիկղին համեմատ —, իբր յանցանքի պատարագ։
16Սուրբ բանին դէմ իր գործած մեղքը թող հատուցանէ. անոր արժէքին վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ եւ քահանային տայ զայն։ Քահանան ալ յանցանքի պատարագի խոյով թող քաւութիւն ընէ անոր՝ որ ներուի անոր։
17Եթէ անձ մը մեղանչէ Տէրոջ պատուիրաններէն որեւէ մէկուն դէմ՝ արգիլուած բաներու մասին, եւ ասոնցմէ մէկը ընէ, թէեւ անգիտութեամբ, ան յանցաւոր է եւ իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
18Քու գնահատումիդ համեմատ՝ ոչխարներէն անարատ խոյ մը թող բերէ քահանային, յանցանքի պատարագի համար. քահանան ալ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր անգիտութեամբ գործած սխալին համար, որ ներուի անոր։
19Ասիկա յանցանքի պատարագ մըն է. ան անշուշտ յանցաւոր եղած է Տէրոջ առջեւ»։