Loading...

Leviticus 6

Exodus  «  Leviticus 5  ‹  Leviticus 6  ›  Leviticus 7  »  Numbers


1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Եթէ անձ մը մեղանչէ ու Տէրոջ հանդէպ ուխտազանց ըլլայ՝ իր դրացիին ստելով աւանդի մը համար, կամ իր ձեռքը յանձնուած բանի մը համար, կամ յափշտակուած բանի մը համար, եւ կամ իր դրացին հարստահարելով,

3

կամ ալ կորսուած բան մը գտնելով բայց այս մասին ստելով ու 1սուտ երդում ընելով — մեղանչելով այս բոլոր բաներէն որեւէ մէկուն մէջ՝ որ մարդ կրնայ ընել —,

4

մեղանչելուն ու յանցաւոր ըլլալուն համար՝ թող վերադարձնէ յափշտակած բանը, կամ հարստահարութեամբ առած բանը, կամ իրեն յանձնուած աւանդը, կամ կորսուած բանը՝ որ գտած էր,

5

կամ ամէն ինչ՝ որուն համար սուտ երդում ըրած էր։ Ան լման թող հատուցանէ եւ անոր արժէքին վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնէ, ու իր յանցանքի պատարագին օրը թող տայ անոր՝ որուն կը պատկանէր։

6

Եւ իր յանցանքի պատարագը թող բերէ Տէրոջ, այսինքն քու գնահատումիդ համեմատ՝ ոչխարներէն անարատ խոյ մը թող բերէ յանցանքի պատարագին համար։

7

Քահանան ալ անոր համար թող քաւութիւն ընէ Տէրոջ առջեւ, որ անոր ներուի՝ ի՛նչ ալ ըլլայ անոր գործած յանցանքը»։


ՈՂՋԱԿԻԶՈՒՄԸ

8

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

9

«Պատուիրէ՛ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն, ու ըսէ՛. “Ահա՛ւասիկ ողջակէզին օրէնքը.— ողջակէզը ամբողջ գիշերը՝ մինչեւ առտու՝ զոհասեղանը եղող կրակին վրայ թող մնայ, եւ զոհասեղանին կրակը միշտ անոր մէջ վառուած թող մնայ։

10

Քահանան իր կտաւէ վերարկուն թող հագնի, նաեւ իր կտաւէ անդրավարտիքը մարմինին վրայէն հագնի, կրակով սպառած ողջակէզին մոխիրը զոհասեղանին վրայէն թող վերցնէ ու զոհասեղանին քով դնէ։

11

Յետոյ իր հագուստները թող հանէ եւ ուրիշ հագուստներ հագնի, ու մոխիրը բանակավայրէն դուրս թող հանէ՝ մաքուր տեղ մը։

12

Զոհասեղանին վրայի կրակը անոր մէջ միշտ վառուած թող ըլլայ ու չմարի. քահանան ամէն առտու անոր վրայ փայտեր թող այրէ, եւ անոր վրայ ողջակէզը զետեղէ ու անոր վրայ խաղաղութեան զոհերուն ճարպը այրէ։

13

Կրակը զոհասեղանին վրայ միշտ վառուած թող ըլլայ. երբե՛ք թող չմարի”»։


ՀԱՑԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

14

«Ահա՛ւասիկ հացի ընծային օրէնքը.— Ահարոնի որդիները թող մատուցանեն զայն Տէրոջ առջեւ՝ զոհասեղանին դիմաց։

15

Քահանան անկէ թող վերցնէ բուռ մը հացի ընծային նաշիհէն եւ անոր իւղէն, նաեւ հացի ընծային վրայ եղող ամբողջ կնդրուկը, ու անոր յիշատակի մասը զոհասեղանին վրայ թող այրէ՝ որպէս անոյշ հոտ Տէրոջ։

16

Իսկ անկէ մնացածը՝ Ահարոն եւ իր որդիները թող ուտեն։ Ան բաղարջ թող ուտուի, սուրբ տեղը. Հանդիպումի վրանին սրահը թող ուտեն զայն.

17

2թթխմորով թող չեփուի։ Իմ պատարագներէս անոնց տուի զայն իբր իրենց բաժինը. ասիկա ամենասուրբ է՝ մեղքի ու յանցանքի պատարագներու պէս։

18

Ահարոնի որդիներուն բոլոր արուները թող ուտեն զայն. ասիկա Տէրոջ պատարագներէն յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ. ինչ որ անոնց դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ»։

19

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

20

«Ահա՛ւասիկ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն մատաղը, որ Տէրոջ պիտի մատուցանեն իր օծուելու օրը.— արդուին մէկ տասներորդ մասը նաշիհ՝ մշտատեւ հացի ընծայի համար, կէսը առտուն եւ կէսը իրիկունը։

21

Տապակի վրայ եփելու համար իւղով թող պատրաստուի. 3տապկուա՛ծ բեր զայն, ու հացի ընծային եփած կտորները մատուցանէ՛ որպէս անոյշ հոտ Տէրոջ։

22

Իր որդիներէն ա՛ն՝ որ իր տեղը քահանայ օծուի, անիկա՛ թող ընծայէ զայն. ասիկա Տէրոջ յաւիտենական կանոն է։ Մատաղը ամբողջովին թող այրուի.

23

քահանայի ամէն հացի ընծայ ամբողջովին թող այրուի. թող չուտուի»։


ՄԵՂՔԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ

24

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

25

«Խօսէ՛ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն՝ ըսելով. “Ահա՛ւասիկ մեղքի պատարագին օրէնքը.— ողջակէզին մորթուած տեղը թող մորթուի մեղքին պատարագը՝ Տէրոջ առջեւ. ասիկա ամենասուրբ է։

26

Մեղքի պատարագը մատուցանող քահանան թող ուտէ զայն. սուրբ տեղը՝ Հանդիպումի վրանին սրահը թող ուտուի։

27

Ինչ որ անոր միսին դպչի՝ սուրբ պիտի ըլլայ, ու եթէ անոր արիւնէն հագուստի մը վրայ ցայտէ, սո՛ւրբ տեղը լուա այն բանը՝ որուն վրայ ցայտեր էր։

28

4Խեցիէ անօթը՝ որուն մէջ խաշած է այս միսը, թող կոտրուի. իսկ եթէ պղինձէ անօթի մէջ խաշած է, թող շփուի ու ջուրով ցօղուուի։

29

Քահանաներուն բոլոր արուները թող ուտեն զայն. ասիկա ամենասուրբ է։

30

Բայց ո՛չ մէկ մեղքի պատարագ, որուն արիւնէն Հանդիպումի վրանը կը բերուի՝ սրբարանին մէջ քաւութիւն ընելու համար, թող ուտուի. ան կրակով թող այրուի”»։



1 Եբր.՝ կեղծ
2 Եբր.՝ խմորեալ
3 Կամ՝ կտոր-կտոր եղած
4 Այսինքն՝ Թրծուած կաւէ