Leviticus 7
Exodus « Leviticus 6 ‹ Leviticus 7 › Leviticus 8 » Numbers
ՀԱՏՈՒՑՈՒՄԻ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
1«Ահա՛ւասիկ յանցանքի պատարագին օրէնքը. ասիկա ամենասուրբ է.—
2այն տեղը ուր ողջակէզը կը մորթեն՝ հո՛ն թող մորթեն յանցանքի պատարագը, եւ անոր արիւնը զոհասեղանին վրայ սրսկեն՝ բոլորաձեւ։
3Անկէ թող մատուցանէ ամբողջ ճարպը, այսինքն՝ դմակն ու փորոտիքը ծածկող ճարպը,
4երկու երիկամունքը, անոնցմէ վեր՝ կողերուն վրայ եղող ճարպը, եւ լեարդին վրայի թաղանթը — զայն երիկամունքով միասին թող փրցնէ։
5Քահանան զոհասեղանին վրայ թող այրէ ասոնք՝ որպէս պատարագ Տէրոջ. ասիկա յանցանքի պատարագ մըն է։
6Քահանաներէն ամէն արու թող ուտէ զայն. սուրբ տեղը թող ուտուի, քանի որ ամենասուրբ է։
7Յանցանքի պատարագը այնպէս է՝ ինչպէս մեղքի պատարագը — անոնց օրէնքը մէկ է —. անով քաւութիւն ընող քահանայինն է։
8Քահանայ մը՝ որ մէկուն ողջակէզը կը մատուցանէ, այդ քահանան իրեն թող առնէ իր մատուցանած ողջակէզին մորթը։
9Փուռի մէջ եփած ամբողջ հացի ընծան, նաեւ ամէն ինչ որ սանի մէջ ու տապակի վրայ պատրաստուած է, զայն մատուցանող քահանային թող ըլլայ։
10Ամէն իւղով շաղուած կամ 1առանց իւղի՝՝ հացի ընծայ՝ Ահարոնի բոլոր որդիներուն թող ըլլայ, իւրաքանչիւրին նոյնչափ»։
ԽԱՂԱՂՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԱՐԱԳԸ
11«Ահա՛ւասիկ Տէրոջ մատուցանուելիք խաղաղութեան զոհին օրէնքը.—
12եթէ մէկը շնորհակալութեա՛ն համար մատուցանէ զայն, շնորհակալութեան զոհին հետ թող մատուցանէ անխմոր կարկանդակներ՝ իւղով շաղուած, անխմոր լաւաշներ՝ իւղով օծուած, եւ տապկուած կարկանդակներ՝ իւղով շաղուած նաշիհէ։
13Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին կարկանդակներէն զատ՝ խմորեալ հացէ մատաղ մը թող մատուցանէ։
14Անկէ, այսինքն ամբողջ մատաղէն մէկ հատ թող մատուցանէ Տէրոջ՝ իբր բարձրացնելիք ընծայ. ասիկա խաղաղութեան զոհին արիւնը սրսկող քահանային թող ըլլայ։
15Շնորհակալութեան համար եղած իր խաղաղութեան զոհին միսը մատուցանուած օրը թող ուտուի. անկէ մինչեւ առտու թող չձգուի։
16Իսկ եթէ իր մատաղը ուխտի՛ համար է կամ յօժարակա՛մ զոհ է, զոհը մատուցանուած օրը թող ուտուի, ու հետեւեալ օրն ալ անկէ մնացածը ուտուի.
17զոհին միսէն մնացածը երրորդ օրը կրակով թող այրուի։
18Եթէ իր խաղաղութեան զոհի միսէն ուտուի երրորդ օրը՝ ընդունելի պիտի չըլլայ, ան զոհ պիտի չսեպուի զայն մատուցանողին. ան պղծութիւն պիտի ըլլայ, եւ անկէ ուտող անձը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
19Որեւէ անմաքուր բանի դպած միսը թող չուտուի. ան կրակով թող այրուի։ Ամէն մաքուր եղող թող ուտէ խաղաղութեան զոհի միսէն.
20բայց այն անձը որ Տէրոջ խաղաղութեան զոհի միսէն կ’ուտէ՝ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով, այդ անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի։
21Եթէ անձ մը դպչի որեւէ անմաքուր բանի — թէ՛ մարդու անմաքրութեան, թէ՛ անմաքուր անասունի, եւ թէ որեւէ անմաքուր 2պիղծ բանի՝՝ — ու Տէրոջ խաղաղութեան զոհի միսէն ուտէ, այդ անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի»։
22Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
23«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Բնա՛ւ եզի, կամ ոչխարի, կամ այծի ճարպ մի՛ ուտէք։
24Մեռած անասունին ճարպը կամ բզքտուածին ճարպը կրնայ գործածուիլ ամէն գործի մէջ, բայց բնա՛ւ անկէ մի՛ ուտէք։
25Արդարեւ ո՛վ որ Տէրոջ պատարագ մատուցանուելիք անասունին ճարպէն ուտէ, այդ ուտող անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի։
26Ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ բնա՛ւ արիւն մի՛ ուտէք, թռչունի ըլլայ թէ անասունի։
27Ամէն անձ որ կ’ուտէ որեւէ արիւն, այդ անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի”»։
28Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
29«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Ա՛ն որ իր խաղաղութեան զոհը Տէրոջ կը մատուցանէ՝ իր մատաղը Տէրոջ թող բերէ իր խաղաղութեան զոհէն։
30Իր ձեռքերո՛վ թող բերէ Տէրոջ պատարագները։ Ճարպը երբուծո՛վ թող բերէ, որպէսզի երբուծը Տէրոջ առջեւ 3մատուցանուի իբր երերցնելիք ընծայ։
31Քահանան ճարպը թող այրէ զոհասեղանին վրայ. բայց երբուծը Ահարոնի ու անոր որդիներուն թող ըլլայ։
32Ձեր խաղաղութեան զոհերէն տուէ՛ք աջ զիստը քահանային՝ բարձրացնելիք ընծայի համար։
33Ահարոնի որդիներէն ո՛վ որ մատուցանէ խաղաղութեան զոհին արիւնը եւ ճարպը, աջ զիստը անոր բաժինը թող ըլլայ.
34արդարեւ Իսրայէլի որդիներէն — անոնց խաղաղութեան զոհերէն — առի երերցնելիք երբուծն ու բարձրացնելիք զիստը, եւ զանոնք յաւիտենական կանոնով տուի Ահարոն քահանային ու անոր որդիներուն՝ Իսրայէլի որդիներէն”»։
35Ասիկա Տէրոջ պատարագներէն Ահարոնի օծումին եւ անոր որդիներուն օծումին իրաւունքն է, այն օրէն որ զանոնք ներկայացուց Տէրոջ քահանայութիւն կատարելու։
36Զանոնք օծած օրը Տէրը հրամայեց որ Իսրայէլի որդիներէն անոնց տրուի՝ յաւիտենական կանոնով իրենց սերունդներուն մէջ։
37Ա՛յս է ողջակէզին, հացի ընծային, մեղքի պատարագին, յանցանքի պատարագին, նուիրումին ու խաղաղութեան զոհին օրէնքը,
38որ Տէրը պատուիրեց Մովսէսի՝ Սինա լերան վրայ, այն օրը երբ Իսրայէլի որդիներուն պատուիրեց իրենց մատաղները Տէրոջ մատուցանել Սինայի անապատին մէջ։