Loading...

Leviticus 8

Exodus  «  Leviticus 7  ‹  Leviticus 8  ›  Leviticus 9  »  Numbers


ԱՀԱՐՈՆԻ ԵՒ ԻՐ ՈՐԴԻՆԵՐՈՒՆ ՕԾՈՒՄԸ (Ելք. 29. 1-37)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Ա՛ռ Ահարոնը եւ անոր որդիները իրեն հետ, հագուստները, օծումին իւղը, մեղքի պատարագին զուարակը, երկու խոյերն ու բաղարջին սակառը,

3

եւ համախմբէ՛ ամբողջ համայնքը Հանդիպումի վրանին մուտքը»։

4

Մովսէս Տէրոջ պատուիրածին համաձայն ըրաւ ու համայնքը համախմբուեցաւ Հանդիպումի վրանին մուտքը։

5

Մովսէս համայնքին ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց ընել»։

6

Ուստի Մովսէս մօտեցուց Ահարոնը եւ անոր որդիները, զանոնք ջուրով լուաց,

7

անոր հագցուց պատմուճանը, անոր մէջքը կապեց գօտին, անոր հագցուց պարեգօտը, անոր վրայ դրաւ եփուտը, զայն եփուտին ժապաւէնով գօտեւորեց եւ անով փաթթեց զայն։

8

Լանջապանակը անոր վրայ դրաւ, ու լանջապանակին մէջ Ուրիմը եւ Թումիմը դրաւ։

9

Խոյրը անոր գլուխը դրաւ, ու խոյրին վրայ՝ անոր առջեւի կողմը՝ դրաւ ոսկի թիթեղը, այսինքն սուրբ պսակը, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

10

Մովսէս օծումի իւղը առաւ ու խորանը եւ բոլոր անոր մէջ եղածները օծեց ու սրբացուց զանոնք։

11

Անկէ զոհասեղանին վրայ սրսկեց եօթը անգամ եւ զոհասեղանն ու անոր բոլոր առարկաները, եւ աւազանն ու անոր խարիսխը օծեց՝ զանոնք սրբացնելու համար։

12

Օծումի իւղէն Ահարոնի գլուխին վրայ թափելով՝ զայն սրբացնելու համար օծեց։

13

Նաեւ Մովսէս մօտեցուց Ահարոնի որդիները, անոնց պատմուճաններ հագցուց, անոնց մէջքը գօտի կապեց եւ գլուխը ապարօշներ փաթթեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

14

Մեղքի պատարագին զուարակը մօտեցուց, Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը դրին մեղքի պատարագի զուարակին գլուխին վրայ,

15

ու մորթեց զայն։ Մովսէս արիւնը առաւ, իր մատով զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դրաւ՝ բոլորաձեւ, ու 1մաքրեց զոհասեղանը։ Յետոյ արիւնը զոհասեղանին յատակը թափեց եւ անոր վրայ քաւութիւն ընելու համար սրբացուց զայն։

16

Փորոտիքին վրայ եղող ամբողջ ճարպը, լեարդին թաղանթը, երկու երիկամունքն ու անոնց ճարպը առաւ, եւ Մովսէս զոհասեղանին վրայ այրեց զանոնք։

17

Բայց զուարակը, այսինքն՝ անոր մորթն ու միսը եւ անոր թրիքը, բանակավայրէն դուրս կրակով այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

18

Ողջակէզին խոյը մօտեցուց, Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը դրին խոյին գլուխին վրայ,

19

ու մորթեց զայն։ Մովսէս արիւնը զոհասեղանին վրայ սրսկեց՝ բոլորաձեւ,

20

խոյը կտորներու բաժնեց, եւ Մովսէս այրեց գլուխը, կտորներն ու ճարպը։

21

Փորոտիքն ու թաթերը ջուրով լուաց, եւ Մովսէս ամբողջ խոյը զոհասեղանին վրայ այրեց։ Ասիկա ողջակէզ մը, անուշահոտ պատարագ մը եղաւ Տէրոջ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

22

Յետոյ մօտեցուց միւս խոյը, այսինքն նուիրումին խոյը. Ահարոն եւ անոր որդիները իրենց ձեռքերը դրին խոյին գլուխին վրայ,

23

ու մորթեց զայն։ Մովսէս առաւ անոր արիւնէն եւ դրաւ Ահարոնի աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ։

24

Ահարոնի որդիներն ալ մօտեցուց, ու Մովսէս արիւնէն դրաւ անոնց աջ ականջին բլթակին վրայ, աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ, ու Մովսէս մնացած արիւնը զոհասեղանին վրայ սրսկեց՝ բոլորաձեւ։

25

Ճարպը, դմակն ու փորոտիքին վրայ եղող ամբողջ ճարպը, լեարդին թաղանթը, երկու երիկամունքը, անոնց ճարպը եւ աջ զիստը առաւ,

26

նաեւ Տէրոջ առջեւ եղող բաղարջի սակառէն անխմոր կարկանդակ մը, իւղով շաղուած կարկանդակ մը ու լաւաշ մը առաւ, եւ ճարպերուն վրայ ու աջ զիստին վրայ դրաւ,

27

եւ բոլորը Ահարոնի ափերուն վրայ ու անոր որդիներուն ափերուն վրայ դնելով՝ զանոնք Տէրոջ առջեւ մատուցանեց իբր երերցնելիք ընծայ։

28

Ապա Մովսէս անոնց ափերէն առաւ զանոնք եւ զոհասեղանը եղող ողջակէզին վրայ այրեց։ Ասոնք նուիրումին համար անուշահոտ պատարագ մը եղան Տէրոջ։

29

Մովսէս երբուծը առաւ ու Տէրոջ առջեւ մատուցանեց իբր երերցնելիք ընծայ. ասիկա նուիրումի խոյէն Մովսէսի բաժինը եղաւ, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

30

Մովսէս օծումի իւղէն եւ զոհասեղանին վրայ եղող արիւնէն առնելով՝ սրսկեց Ահարոնի վրայ ու անոր հագուստներուն վրայ, եւ անոր հետ իր որդիներուն վրայ ու որդիներուն հագուստներուն վրայ, եւ սրբացուց Ահարոնն ու անոր հագուստները, եւ անոր հետ իր որդիներն ու որդիներուն հագուստները։

31

Մովսէս Ահարոնի եւ անոր որդիներուն ըսաւ. «Միսը Հանդիպումի վրանին մո՛ւտքը խաշեցէք ու հո՛ն կերէք զայն՝ նուիրումի սակառին մէջի հացերով, ինչպէս 2ինծի պատուիրուեցաւ՝՝, ըսելով. “Ահարոն եւ անոր որդիները թող ուտեն զանոնք”։

32

Միսէն ու հացէն աւելցածը կրակո՛վ այրեցէք,

33

եւ եօթը օր Հանդիպումի վրանին մուտքէն դուրս մի՛ ելլէք, մինչեւ ձեր նուիրումի օրերուն վերջին օրը. որովհետեւ ձեր նուիրումը եօթը օր կը տեւէ։

34

Տէրը պատուիրեց ա՛յսպէս ընել՝ ինչպէս այսօր եղաւ, ձեզի քաւութիւն ընելու համար։

35

Ուստի եօթը օր Հանդիպումի վրանին մո՛ւտքը կեցէք, ցերեկ ու գիշեր, ապա Տէրոջ 3պաշտօ՛նը կատարեցէք՝՝, որպէսզի չմեռնիք. քանի որ այսպէս պատուիրուած է ինծի Տէրոջմէն»։

36

Ահարոն ու անոր որդիները ըրին Տէրոջ Մովսէսի 4միջոցով պատուիրած բոլոր բաները։



1 Եբր.՝ մեղքէ մաքրեց
2 Կամ՝ ես պատուիրեցի
3 Եբր.՝ պահպանութիւնը պահեցէ՛ք
4 Եբր.՝ ձեռքով