Loading...

Leviticus 9

Exodus  «  Leviticus 8  ‹  Leviticus 9  ›  Leviticus 10  »  Numbers


ԱՀԱՐՈՆ ՊԱՏԱՐԱԳ ԿԸ ՄԱՏՈՒՑԱՆԷ

1

Ութերորդ օրը Մովսէս կանչեց Ահարոնը, անոր որդիներն ու Իսրայէլի երէցները,

2

եւ ըսաւ Ահարոնի. «Ա՛ռ քեզի արջառներէն զուարակ մը՝ մեղքի պատարագի համար, ու խոյ մը՝ ողջակէզի համար — երկուքն ալ անարատ —, եւ մօտեցո՛ւր Տէրոջ առջեւ։

3

Ապա խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. “Առէ՛ք այծերէն նոխազ մը՝ մեղքի պատարագի համար, հորթ մը ու գառ մը — երկուքն ալ մէկ տարեկան եւ անարատ — ողջակէզի համար,

4

նաեւ ցուլ մը ու խոյ մը՝ խաղաղութեան զոհերուն համար Տէրոջ առջեւ զոհելու, եւ իւղով շաղուած հացի ընծայ, որովհետեւ այսօր Տէրը ձեզի պիտի երեւնայ”»։

5

Մովսէսի պատուիրածը Հանդիպումի վրանին առջեւ բերին, եւ ամբողջ համայնքը մօտեցաւ ու Տէրոջ առջեւ կայնեցաւ։

6

Մովսէս ըսաւ. «Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց. ըրէ՛ք ասիկա, որ Տէրոջ փառքը ձեզի երեւնայ»։

7

Ապա Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Մօտեցի՛ր զոհասեղանին, ընծայէ՛ քու մեղքի պատարագդ ու ողջակէզդ, եւ քաւութի՛ւն ըրէ քեզի համար ու ժողովուրդին համար. նաեւ ընծայէ՛ ժողովուրդին մատաղը ու քաւութի՛ւն ըրէ անոնց համար, ինչպէս Տէրը պատուիրեց»։

8

Ուստի Ահարոն զոհասեղանին մօտեցաւ եւ իրեն համար եղող մեղքի պատարագին հորթը մորթեց։

9

Ահարոնի որդիները արիւնը մօտեցուցին անոր, ան ալ իր մատը արիւնին մէջ թաթխեց, զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դրաւ, ու մնացած արիւնը զոհասեղանին յատակը թափեց։

10

Մեղքի պատարագին ճարպը, երիկամունքը եւ լեարդին թաղանթը զոհասեղանին վրայ այրեց, ինչպէս Տէրը Մովսէսի պատուիրեր էր։

11

Իսկ միսն ու մորթը բանակավայրին դուրսի կողմը կրակով այրեց։

12

Ողջակէզն ալ մորթեց, եւ Ահարոնի որդիները արիւնը իրեն բերին, ու զոհասեղանին վրայ սրսկեց զայն՝ բոլորաձեւ։

13

Ողջակէզը իրեն բերին՝ կտորներով ու գլուխով, եւ զոհասեղանին վրայ այրեց։

14

Նաեւ փորոտիքն ու թաթերը լուաց եւ զոհասեղանին վրայի ողջակէզին վրայ այրեց։

15

Յետոյ ժողովուրդին մատաղը մատուցանեց. ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալիք նոխազը առաւ, մորթեց զայն, եւ իբր մեղքի պատարագ մատուցանեց՝ առաջինին պէս։

16

Ողջակէզը մօտեցուց ու կանոնին համաձայն ընծայեց։

17

Նաեւ հացի ընծան մատուցանեց. անկէ ձեռքը լեցուց ու զոհասեղանին վրայ այրեց, առտուան ողջակէզէն զատ։

18

Ժողովուրդին խաղաղութեան զոհ ըլլալիք ցուլն ու խոյն ալ մորթեց. Ահարոնի որդիները արիւնը անոր բերին, ու զոհասեղանին վրայ սրսկեց զայն՝ բոլորաձեւ։

19

Ցուլին ճարպերը եւ խոյին դմակը, փորոտիքը ծածկող ճարպը, երիկամունքն ու լեարդին թաղանթը բերին,

20

ճարպերը երբուծներուն վրայ դրին, եւ ճարպերը զոհասեղանին վրայ այրեց։

21

Ահարոն երբուծներն ու աջ զիստը Տէրոջ առջեւ մատուցանեց իբր երերցնելիք ընծայ, ինչպէս Մովսէս պատուիրեր էր։

22

Ահարոն իր ձեռքերը ժողովուրդին վրայ բարձրացուց, օրհնեց զանոնք, եւ մեղքի պատարագը, ողջակէզն ու խաղաղութեան զոհերը ընծայելէն ետք իջաւ։

23

Մովսէս եւ Ահարոն Հանդիպումի վրանը մտան, անկէ ելլելով ժողովուրդը օրհնեցին, ու Տէրոջ փառքը ամբողջ ժողովուրդին երեւցաւ։

24

Տէրոջ առջեւէն կրակ ելաւ, եւ զոհասեղանին վրայ եղող ողջակէզն ու ճարպը սպառեց. երբ ամբողջ ժողովուրդը տեսաւ, ցնծութեամբ գոչեցին եւ իրենց երեսին վրայ ինկան։