Loading...

Leviticus 10

Exodus  «  Leviticus 9  ‹  Leviticus 10  ›  Leviticus 11  »  Numbers


ՆԱԴԱԲԻ ԵՒ ԱԲԻՈՒԴԻ ՄԵՂՔԸ

1

Ահարոնի որդիները՝ Նադաբ ու Աբիուդ՝ իւրաքանչիւրը իր բուրվառը առաւ, անոր մէջ կրակ դրաւ եւ վրան խունկ դրաւ, ու Տէրոջ առջեւ օտար կրակ մատուցանեցին, որ ինք չէր պատուիրեր անոնց։

2

Ուստի Տէրոջ առջեւէն կրակ ելաւ եւ սպառեց զանոնք, ու Տէրոջ առջեւ մեռան։

3

Մովսէս Ահարոնի ըսաւ. «Ա՛յս է որ Տէրը խօսեցաւ՝ ըսելով. “Ինծի մօտեցողներուն մէջ սուրբ պիտի ըլլամ, եւ ամբողջ ժողովուրդին առջեւ պիտի փառաւորուիմ”». Ահարոն լռեց։

4

Մովսէս կանչեց Ահարոնի հօրեղբօր Ոզիէլի որդիները՝ Միսայէլն ու Եղիսափանը, եւ ըսաւ անոնց. «Մօտեցէ՛ք, ձեր եղբայրները սրբարանին առջեւէն փոխադրեցէ՛ք բանակավայրէն դուրս»։

5

Անոնք ալ մօտեցան ու զանոնք իրենց պատմուճաններով բանակավայրէն դուրս փոխադրեցին՝ ինչպէս Մովսէս ըսած էր։

6

Մովսէս ըսաւ Ահարոնի ու անոր որդիներուն՝ Եղիազարի եւ Իթամարի. «Ձեր գլուխը մի՛ բանաք ու ձեր հագուստները մի՛ պատռէք, որպէսզի չմեռնիք եւ ամբողջ ժողովուրդին վրայ զայրոյթ չըլլայ. բայց ձեր եղբայրները՝ Իսրայէլի ամբողջ տունը՝ Տէրոջ վառած հրդեհին վրայ թող լան։

7

Բայց դուք Հանդիպումի վրանին մուտքէն դուրս մի՛ ելլէք, որպէսզի չմեռնիք. որովհետեւ Տէրոջ օծումի իւղը ձեր վրայ է»։ Անոնք ալ Մովսէսի խօսքին համաձայն ըրին։


ԿԱՆՈՆՆԵՐ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ

8

Տէրը խօսեցաւ Ահարոնի՝ ըսելով.

9

«Երբ Հանդիպումի վրանը մտնէք, դուն եւ որդիներդ քեզի հետ, գինի կամ օղի մի՛ խմէք, որպէսզի չմեռնիք։ Ասիկա ձեր սերունդներուն մէջ յաւիտենական կանոն թող ըլլայ,

10

որ զանազանէք սուրբը անսուրբէն, եւ անմաքուրը մաքուրէն.

11

որպէսզի Իսրայէլի որդիներուն սորվեցնէք բոլոր կանոնները, որ Տէրը Մովսէսի 1միջոցով ըսաւ անոնց»։

12

Մովսէս խօսեցաւ Ահարոնի եւ անոր մնացած որդիներուն՝ Եղիազարի ու Իթամարի, եւ ըսաւ. «Տէրոջ պատարագներէն աւելցած հացի ընծան առէ՛ք ու զոհասեղանին քով բաղա՛րջ կերէք, որովհետեւ ան ամենասուրբ է։

13

Սո՛ւրբ տեղը կերէք զայն, քանի որ Տէրոջ պատարագներէն իրաւունքդ եւ որդիներուդ իրաւունքն է. որովհետեւ ինծի այսպէս պատուիրուած է։

14

Իսկ երերցնելիք երբուծն ու բարձրացնելիք զիստը մաքո՛ւր տեղ մը կերէք, դուն եւ որդիներդ ու աղջիկներդ քեզի հետ, որովհետեւ իրաւունքդ ու որդիներուդ իրաւունքն են՝ տրուած Իսրայէլի որդիներուն խաղաղութեան զոհերէն։

15

Բարձրացնելիք զիստն ու երերցնելիք երբուծը թող բերեն ճարպին պատարագներով՝ Տէրոջ առջեւ երերցնելու համար. անոնք քուկդ ու որդիներուդ թող ըլլան յաւիտենական կանոնով, ինչպէս Տէրը պատուիրեր է»։

16

Մովսէս մեղքի պատարագին նոխազը զգուշութեամբ որոնեց, եւ ահա՛ այրուած էր. ուստի Ահարոնի մնացած որդիներուն՝ Եղիազարի ու Իթամարի դէմ զայրացաւ՝ ըսելով.

17

«Ինչո՞ւ մեղքի պատարագը սուրբ տեղը չկերաք. արդարեւ ան ամենասուրբ է, եւ Տէրը ձեզի տուաւ՝ որպէսզի համայնքին անօրէնութիւնը կրէք ու Տէրոջ առջեւ անոնց համար քաւութիւն ընէք։

18

Ահա՛ անոր արիւնը սրբարանին մէջ չբերուեցաւ, որովհետեւ զայն սրբարա՛նը ուտելու էիք, ինչպէս պատուիրեր էի»։

19

Ահարոն Մովսէսի ըսաւ. «Ահա՛ այսօր իրենց մեղքի պատարագն ու ողջակէզը Տէրոջ առջեւ մատուցանեցին, եւ այսպիսի բաներ պատահեցան ինծի։ Եթէ այսօր մեղքի պատարագը կերած ըլլայի, արդեօք Տէրոջ 2հաճելի պիտի ըլլա՞ր»։

20

Երբ Մովսէս ասիկա լսեց՝ հաճեցաւ։



1 Եբր.՝ ձեռքով
2 Եբր.՝ աչքերուն լաւ