Loading...

Leviticus 11

Exodus  «  Leviticus 10  ‹  Leviticus 11  ›  Leviticus 12  »  Numbers


ԿԵՆԴԱՆԻՆԵՐ՝ ՈՐՈՆՔ ԿԱՐԵԼԻ Է ՈՒՏԵԼ (Բ. Օր. 14. 3-21)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով անոնց.

2

«Խօսեցէ՛ք Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ք. “Երկրի վրայ եղող բոլոր անասուններէն՝ ահա՛ւասիկ ձեր ուտելիք կենդանիները.—

3

ամէն ճեղքուած կճղակ ունեցող կճղակաբաշխ ու որոճացող անասուն կերէ՛ք։

4

Սակայն որոճացողներէն կամ կճղակաբաշխներէն հետեւեալները մի՛ ուտէք.— ուղտը, որովհետեւ կ’որոճայ՝ բայց կճղակաբաշխ չէ. ան ձեզի անմաքուր ըլլայ.

5

ճագարը, քանի որ կ’որոճայ՝ բայց կճղակաբաշխ չէ. ան ձեզի անմաքուր ըլլայ.

6

նապաստակը, որովհետեւ կ’որոճայ՝ բայց կճղակաբաշխ չէ. ան ձեզի անմաքուր ըլլայ.

7

նաեւ խոզը, քանի որ կճղակաբաշխ է ու ճեղքուած կճղակ ունի, բայց չ’որոճար. ան ձեզի անմաքուր ըլլայ։

8

Անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներուն մի՛ դպչիք. անոնք ձեզի անմաքուր ըլլան։

9

Ջուրերու մէջ բոլոր եղողներէն հետեւեալնե՛րը կերէք.— ջուրերու մէջ՝ այսինքն ծովերու մէջ ու վտակներու մէջ ամէն թեւ եւ թեփ ունեցող կերէ՛ք։

10

Իսկ ծովերու մէջ ու վտակներու մէջ եղող բոլոր անթեւ եւ անթեփ եղողները — ջուրերուն բոլոր զեռուններն ու ջուրերուն մէջ եղող բոլոր շնչաւոր կենդանիները — ձեզի պիղծ ըլլան։

11

Անոնք ձեզի պիղծ թող ըլլան. անոնց միսէն մի՛ ուտէք եւ անոնց դիակներէն զզուեցէ՛ք։

12

Ջուրերուն մէջ եղող բոլոր անթեւ ու անթեփ եղողները ձեզի պիղծ ըլլան։

13

Թռչուններուն մէջ հետեւեալները պի՛ղծ սեպեցէք — թող չուտուին, պիղծ են.— արծիւը, պասկուճը, գետարծիւը,

14

ցինը, անգղը՝ իր տեսակներով,

15

ագռաւը՝ իր բոլոր տեսակներով,

16

ջայլամը, բուն, կկուն, բազէն՝ իր տեսակներով,

17

հաւպատիրը, հողամաղը, քաջահաւը,

18

կարապը, հաւալուսնը, սեւ անգղը,

19

արագիլը, քարադրը՝ իր տեսակներով, յոպոպը եւ չղջիկը։

20

Ամէն թռչող զեռուն որ չորս ոտքի վրայ կը քալէ՝ ձեզի պիղծ ըլլայ։

21

Սակայն հետեւեալնե՛րը կերէք բոլոր թռչող զեռուններէն՝ որ չորս ոտքի վրայ կը քալեն.— երկրի վրայ ցատկելու համար՝ իրենց ոտքերուն վրայ ազդր ունեցողները։

22

Անոնցմէ հետեւեալնե՛րը կերէք.— մարախը՝ իր տեսակներով, գրուիճը՝ իր տեսակներով, խարագուլը՝ իր տեսակներով, ու ջորեակը՝ իր տեսակներով։

23

Բայց մնացած բոլոր թռչող զեռունները որ չորս ոտք ունին՝ ձեզի պիղծ ըլլան։

24

Ասոնցմով դուք անմաքուր պիտի ըլլաք. ո՛վ որ անոնց դիակին դպչի՝ մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ,

25

եւ ո՛վ որ անոնց դիակը վերցնէ՝ իր հագուստները թող լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

26

Բոլոր անասունները՝ որ կճղակաբաշխ են, բայց իրենց կճղակը ճեղքուած չէ ու չեն որոճար, ձեզի անմաքուր են. ո՛վ որ անոնց դիակին դպչի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ։

27

Բոլոր չորս ոտքի վրայ քալող կենդանիներէն՝ իրենց 1թաթերուն վրայ բոլոր քալողները ձեզի անմաքուր ըլլան. ո՛վ որ անոնց դիակին դպչի՝ մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ,

28

եւ ա՛ն որ անոնց դիակը վերցնէ՝ իր հագուստները թող լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. անոնք ձեզի անմաքուր են։

29

Երկրի վրայ զեռացող զեռուններուն մէջ հետեւեալները ձեզի անմաքուր ըլլան.— աքիսը, մուկը, 2տիտեռը՝ իր տեսակներով,

30

կովադիան, մողէզը, քարաթոշը, խոմէթը եւ գետնառիւծը։

31

Բոլոր զեռուններուն մէջ ձեզի անմաքուր եղողները ասոնք են։ Ո՛վ որ անոնց դպչի՝ երբ մեռած ըլլան, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

32

Ինչ բանի վրայ որ իյնայ անոնցմէ մէկը՝ երբ մեռած ըլլան, անմաքուր պիտի ըլլայ — թէ՛ փայտէ առարկայ, թէ՛ հագուստ, թէ՛ մորթ, թէ՛ քուրձ, ի՛նչ տեսակ գործածական առարկայ որ ըլլայ։ Ան ջուրը թող ձգուի ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ, յետոյ մաքրուած պիտի ըլլայ։

33

Ամէն 3խեցիէ անօթ որուն մէջ անոնցմէ մէկը իյնայ, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր մէջ՝ անմաքուր պիտի ըլլայ. այն անօթը կոտրեցէ՛ք։

34

Ամէն ուտուելիք կերակուր, որուն վրայ 4ջուր կայ եւ ասոնցմէ մէկը մէջը իյնայ՝՝, անմաքուր պիտի ըլլայ. նաեւ ամէն խմելիք՝ որ կը խմուի որեւէ այսպիսի անօթի մէջ, անմաքուր պիտի ըլլայ։

35

Ամէն բան՝ որուն վրայ ասոնց դիակը կ’իյնայ, անմաքուր պիտի ըլլայ. թէ՛ փուռ ըլլայ եւ թէ՛ կրակարան, թող քանդուի. ասոնք անմաքուր են ու ձեզի անմաքուր պիտի ըլլան։

36

Բայց աղբիւրը կամ հորը, 5ուր հաւաքուած ջուր կայ՝՝, մաքուր պիտի ըլլայ. սակայն անոնց դիակներուն դպչողը անմաքուր պիտի ըլլայ։

37

Եթէ անոնց դիակը ցանուելու սերմի վրայ իյնայ, ան մաքուր ըլլայ։

38

Բայց եթէ սերմին վրայ ջուր դրուած ըլլայ ու անոր վրայ անոնց դիակը իյնայ, ան ձեզի անմաքուր ըլլայ։

39

Եթէ ձեր ուտելիք անասուններէն մէկը մեռնի, անոր դիակին դպչողը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

40

Անոր դիակէն ուտողը իր հագուստները թող լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ, եւ անոր դիակը վերցնողը իր հագուստները թող լուայ ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։

41

Երկրի վրայ զեռացող ամէն զեռուն պիղծ է. թող չուտուի։

42

Երկրի վրայ զեռացող բոլոր զեռուններէն՝ անոնք որ փորի վրայ կ’երթան, անոնք որ չորս ոտքի վրայ կը քալեն կամ անոնք որ բազմոտանի են, մի՛ ուտէք՝ որովհետեւ պիղծ են։

43

Որեւէ զեռացող զեռունով ձեր անձերը մի՛ պղծէք. անոնցմով աղտոտուելով՝ ձեր անձերը անմաքուր մի՛ ընէք անոնցմով։

44

Արդարեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը. ուստի սրբացուցէ՛ք ձեր անձերը եւ սո՛ւրբ եղէք, քանի որ ես սուրբ եմ. երկրի վրայ զեռացող որեւէ զեռունով ձեր անձերը անմաքուր մի՛ ընէք։

45

Արդարեւ ե՛ս եմ Եհովան՝ որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէսզի ձեզի Աստուած ըլլամ. ուստի սո՛ւրբ եղէք, որովհետեւ ես սուրբ եմ»։

46

Անասուններուն, թռչուններուն, ջուրերուն մէջ շարժող բոլոր շնչաւոր կենդանիներուն եւ երկրի վրայ զեռացող բոլոր շնչաւորներուն օրէնքը այս է.

47

որպէսզի զանազանէք անմաքուրը մաքուրէն, եւ ուտուելիք կենդանին չուտուելիք կենդանիէն”»։



1 Եբր.՝ ներբաններուն
2 Կամ՝ կրիան
3 Այսինքն՝ թրծուած կաւէ
4 Կամ՝ այս ջուրէն գայ
5 Կամ՝ կամ ջրակոյտը