Leviticus 12
Exodus « Leviticus 11 ‹ Leviticus 12 › Leviticus 13 » Numbers
ՈՐԴԵԾՆՈՒԹԵՆԷ ԵՏՔ՝ ԿԻՆԵՐՈՒ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛. “Եթէ կին մը սերնդագործէ եւ արու զաւակ ծնանի, եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ. իր դաշտանի կեղտոտութեան օրերուն համեմատ անմաքուր պիտի ըլլայ։
3Ութերորդ օրը տղային թլիփին միսը թող ծայրատուի։
4Յետոյ ան երեսուներեք օր թող մնայ իր մաքրուելիք արիւնին մէջ. ո՛չ մէկ սուրբ բանի թող դպչի, ո՛չ ալ սրբարանը մտնէ՝ մինչեւ որ իր մաքրուելու օրերը լրանան։
5Բայց եթէ ան էգ զաւակ ծնանի, երկու շաբաթ անմաքուր պիտի ըլլայ՝ իր կեղտոտութեան ժամանակին պէս, ու վաթսունվեց օր թող մնայ իր մաքրուելիք արիւնին մէջ։
6Երբ որդիի կամ աղջիկի համար իր մաքրուելու օրերը լրանան, Հանդիպումի վրանին մուտքը ողջակէզի համար՝ մէկ տարեկան գառ մը, ու մեղքի պատարագի համար՝ աղաւնիի ձագ մը կամ տատրակ մը թող բերէ քահանային,
7որ մատուցանէ զանոնք Տէրոջ ու քաւութիւն ընէ անոր համար, եւ ան իր արիւնի աղբիւրէն մաքրուած պիտի ըլլայ։ Արու կամ էգ զաւակ ծնանողին օրէնքը այս է։
8Եթէ գառ բերելու կարող չէ, երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, մէկը ողջակէզի ու միւսը մեղքի պատարագի համար. քահանան թող քաւութիւն ընէ անոր համար, եւ ան մաքրուած պիտի ըլլայ”»։