Leviticus 13
Exodus « Leviticus 12 ‹ Leviticus 13 › Leviticus 14 » Numbers
ՄՈՐԹԱՅԻՆ ՈՒՌԵՑՔՆԵՐՈՒ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ ըսելով.
2«Եթէ մարդ մը իր մարմինի մորթին վրայ ուռեցք, քոս կամ պաղպաջ ունենայ՝ որ իր մարմինի մորթին վրայ բորոտութեան ախտին պէս ըլլայ, ան Ահարոն քահանային կամ անոր քահանայ որդիներէն մէկուն թող բերուի,
3ու քահանան թող զննէ մարմինի մորթին վրայ եղող ախտը։ Եթէ ախտին մէջի մազը ճերմակ դարձած է եւ ախտը անոր մարմինի մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, ատիկա բորոտութեան ախտ է. քահանան թող զննէ զայն ու 1թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը՝՝։
4Իսկ եթէ անոր մարմինի մորթին վրայի պաղպաջը ճերմակ է բայց մորթէն խորունկ չ’երեւնար եւ մազն ալ ճերմակ դարձած չէ, քահանան եօթը օր թող գոցուած պահէ ախտաւորը։
5Եօթներորդ օրը քահանան թող զննէ զայն. եթէ ախտը իր աչքերուն կայուն է ու մորթին վրայ տարածուած չէ, քահանան կրկին եօթը օր թող գոցուած պահէ զայն։
6Քահանան եօթներորդ օրը կրկին թող զննէ զայն. եթէ ախտը մթագնած է եւ մորթին վրայ տարածուած չէ, քահանան 2թող ծանուցանէ անոր մաքրուած ըլլալը՝՝ — ատիկա լոկ քոս է —, ան ալ իր հագուստները թող լուայ, ու մաքրուած պիտի ըլլայ։
7Բայց եթէ իր մաքրուելուն համար քահանայէն զննուելէն ետք՝ քոսը մորթին վրայ տարածուի, քահանան կրկին թող զննէ զայն։
8Քահանային զննած ատենը եթէ քոսը մորթին վրայ տարածուած է, քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. ատիկա բորոտութիւն է։
9Երբ բորոտութեան ախտը մարդու մը վրան է, ան քահանային թող տարուի,
10ու քահանան թող զննէ։ Եթէ մորթին վրայ ճերմակ ուռեցք կայ, մազը ճերմակ դարձած է եւ ուռեցքին մէջ ողջ միսի նշան կայ,
11ատիկա հինցած բորոտութիւն է՝ անոր մարմինի մորթին վրայ։ Քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը ու գոցուած չպահէ զայն, որովհետեւ անմաքուր է։
12Եթէ բորոտութիւնը մորթին վրայ աճի ու բորոտութիւնը պատէ ախտաւորին ամբողջ մորթը՝ գլուխէն մինչեւ ոտքը — քահանային տեսած բոլոր տեղերը —,
13քահանան թող զննէ։ Եթէ բորոտութիւնը պատած է անոր ամբողջ մարմինը, թող ծանուցանէ ախտաւորին մաքրուած ըլլալը. ամբողջը ճերմակ դարձած է, ան մաքուր է։
14Բայց այն օրը՝ երբ անոր վրայ ողջ միս տեսնուի, ան անմաքուր պիտի ըլլայ։
15Քահանան թող զննէ ողջ միսը եւ ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը։ Ողջ միսը անմաքուր է. բորոտութիւն է։
16Իսկ եթէ ողջ միսը դարձեալ փոխուի ու ճերմակ դառնայ, քահանային թող գայ,
17եւ քահանան թող զննէ զայն։ Եթէ ախտը ճերմակ դարձած է, քահանան թող ծանուցանէ ախտաւորին մաքրուած ըլլալը. ան մաքուր է։
18Եթէ մարմինին մորթին վրայ պալար ըլլայ ու բուժուի,
19եւ պալարին տեղը ճերմակ ուռեցք կամ կարմրորակ ճերմակ պաղպաջ ըլլայ, ատիկա քահանային թող ցոյց տրուի,
20ու քահանան թող զննէ։ Եթէ մորթէն խորունկ կ’երեւնայ եւ մազը ճերմակ դարձած է, քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. ան պալարէ աճած բորոտութեան ախտ է։
21Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ ճերմակ մազ չկայ անոր մէջ ու մորթէն խորունկ չէ՝ բայց մթագնած է, քահանան եօթը օր թող գոցուած պահէ զայն։
22Եթէ մորթին վրայ տարածուած ըլլայ, քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. ատիկա ախտ է։
23Բայց եթէ պաղպաջը իր տեղը կայուն է ու տարածուած չէ, պալարին սպին է. քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքրուած ըլլալը։
24Իսկ եթէ մարմինի մորթին վրայ կրակի խարան ըլլայ, եւ խարանը առողջանալով կարմրորակ ճերմակ կամ բոլորովին ճերմակ պաղպաջ ըլլայ,
25քահանան թող զննէ։ Եթէ մազը ճերմակ դարձած է պաղպաջին մէջ ու ասիկա մորթէն խորունկ կ’երեւնայ, ատիկա խարանէն աճած բորոտութիւն է։ Ուստի քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. ատիկա բորոտութեան ախտ է։
26Բայց եթէ քահանային զննած ատենը ճերմակ մազ չկայ պաղպաջին մէջ եւ ասիկա մորթէն խորունկ չէ, հապա մթագնած է, քահանան եօթը օր թող գոցուած պահէ զայն։
27Եօթներորդ օրը քահանան թող զննէ զայն. եթէ պաղպաջը մորթին վրայ տարածուած է, քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը, ատիկա բորոտութեան ախտ է։
28Իսկ եթէ պաղպաջը իր տեղը կայուն է ու մորթին վրայ տարածուած չէ, հապա մթագնած է, ատիկա խարանին ուռեցքն է. քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքրուած ըլլալը, որովհետեւ խարանին սպին է։
29Եթէ մարդ մը կամ կին մը գլուխը կամ կզակը ախտ մը ունենայ,
30քահանան թող զննէ ախտը։ Եթէ մորթէն խորունկ կ’երեւնայ եւ անոր մէջ բարակ, դեղին մազ կայ, քահանան թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. ատիկա գոնջութիւն է, գլուխի կամ կզակի բորոտութիւն է։
31Եթէ քահանան տեսնէ թէ գոնջութեան ախտը մորթէն խորունկ չ’երեւնար ու անոր մէջ սեւ մազ չկայ, քահանան գոնջութեամբ ախտաւորը եօթը օր թող գոցուած պահէ։
32Եօթներորդ օրը քահանան թող զննէ ախտը. եթէ գոնջութիւնը տարածուած չէ, անոր մէջ դեղին մազ չկայ եւ գոնջութիւնը մորթէն խորունկ չ’երեւնար,
33ան թող ածիլուի, բայց գոնջութիւնը թող չածիլէ ու քահանան կրկին եօթը օր թող գոցուած պահէ գոնջութիւն ունեցողը։
34Եօթներորդ օրը քահանան թող զննէ գոնջութիւնը. եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած չէ եւ մորթէն խորունկ չ’երեւնար, քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքրուած ըլլալը. ան իր հագուստները թող լուայ, ու մաքրուած պիտի ըլլայ։
35Բայց եթէ իր մաքրուելէն ետք գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուի,
36քահանան թող զննէ զայն։ Եթէ գոնջութիւնը մորթին վրայ տարածուած է, քահանան ա՛լ դեղին մազ թող չփնտռէ. ան անմաքուր է։
37Իսկ եթէ գոնջութիւնը իր աչքերուն կայուն է եւ անոր մէջ սեւ մազ բուսած է, գոնջութիւնը բուժուած է. ան մաքուր է, ուստի քահանան թող ծանուցանէ անոր մաքրուած ըլլալը։
38Եթէ մարդ մը կամ կին մը իր մարմինի մորթին վրայ պաղպաջներ ունենայ, այսինքն՝ ճերմակ պաղպաջներ,
39քահանան թող զննէ. եթէ անոնց մարմինին մորթին վրայի պաղպաջները մթագնած ճերմակ են, ատիկա մորթին վրայ աճած պիսակ է. ան մաքուր է։
40Եթէ մարդու մը գլուխին մազը թափած ըլլայ, ան կնտակ է, բայց մաքուր է։
41Եթէ անոր երեսին կողմէն գլուխին մազերը թափած ըլլան, ան ճաղատ է, բայց մաքուր է։
42Իսկ եթէ կնտութեան կամ ճաղատութեան մէջ կարմրորակ ճերմակ ախտ ըլլայ, ատիկա կնտութեան կամ ճաղատութեան մէջ աճած բորոտութիւն է։
43Քահանան թող զննէ զայն. եթէ անոր կնտութեան կամ ճաղատութեան մէջ՝ ախտին ուռեցքը կարմրորակ ճերմակ է, մարմինի մորթին վրայ եղող բորոտութեան երեւոյթին պէս,
44այդ մարդը բորոտ է, անմաքուր է։ Քահանան անպատճառ թող ծանուցանէ անոր անմաքուր ըլլալը. անոր ախտը իր գլուխին վրայ է։
45Ախտ ունեցող բորոտին հագուստները պատռուած թող ըլլան, եւ անոր գլուխը՝ մերկ. իր 3շրթունքը թող ծածկէ ու պոռայ. “Անմաքո՜ւր եմ, անմաքո՜ւր եմ”։
46Ախտը իր վրայ եղող բոլոր օրերը անմաքուր պիտի ըլլայ. ան անմաքուր է, առանձին թող բնակի. անոր բնակարանը բանակավայրէն դուրս թող ըլլայ»։
ԲՈՐՈՏՈՒԹԵԱՆ ՀԱՄԱՐ ՕՐԷՆՔՆԵՐ
47«Եթէ բորոտութեան ախտ կայ հագուստի մը վրայ — բուրդէ հագուստ ըլլայ թէ վուշէ հագուստ — ,
48վուշէ կամ բուրդէ առէջի կամ թեզանի վրայ, կամ մորթի վրայ, եւ կամ մորթէ շինուած որեւէ 4բանի վրայ,
49ու եթէ ախտը կանաչորակ կամ կարմրորակ է հագուստին կամ մորթին վրայ, առէջին կամ թեզանին վրայ, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայի վրայ, ատիկա բորոտութեան ախտ է, ուստի քահանային թող ցոյց տրուի։
50Քահանան թող զննէ ախտը, եւ եօթը օր թող գոցուած պահէ ախտացեալ բանը։
51Եօթներորդ օրը ախտացեալ բանը թող զննէ. եթէ ախտը տարածուած է հագուստի մը վրայ, առէջի թէ թեզանի վրայ, կամ մորթի վրայ, եւ կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայի վրայ, այդ ախտը բորբոքած բորոտութիւն է. անմաքուր է։
52Ուստի թող այրէ բուրդէ կամ վուշէ հագուստը, առէջը կամ թեզանը, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայ՝ որուն վրայ այդ ախտը կայ. որովհետեւ ան բորբոքած բորոտութիւն է, կրակով թող այրուի։
53Եթէ քահանան տեսնէ թէ ախտը հագուստին վրայ, առէջին կամ թեզանին վրայ, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայի վրայ տարածուած չէ,
54քահանան թող պատուիրէ՝ որ այդ ախտացեալ բանը լուան, ու կրկին եօթը օր թող գոցուած պահէ զայն։
55Ախտին լուացուելէն ետք եթէ քահանան տեսնէ թէ ախտը իր դրսերեւոյթը փոխած չէ եւ ախտը տարածուած չէ, ան անմաքուր է։ Այրէ՛ զայն կրակով. անոր տակը կամ վրան փտութիւն կայ։
56Իսկ եթէ քահանան տեսնէ թէ անոր լուացուելէն ետք ախտը մթագնած է, ախտացեալ մասը հագուստէն, մորթէն, առէջէն կամ թեզանէն թող պատռէ։
57Եթէ հագուստին վրայ, առէջին կամ թեզանին վրայ, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայի վրայ դարձեալ երեւնայ, ատիկա աճող բորոտութիւն է. կրակո՛վ այրէ ախտացեալ բանը։
58Իսկ այն հագուստը, առէջը կամ թեզանը, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայ, որմէ ախտը հեռացած է քու լուալէդ ետք, կրկին թող լուացուի, ու մաքրուած պիտի ըլլայ»։
59Բուրդէ կամ վուշէ հագուստի վրայ, առէջի կամ թեզանի վրայ, կամ մորթէ շինուած որեւէ առարկայի վրայ երեւցած բորոտութեան ախտին օրէնքը այս է, անոր մաքրուած կամ անմաքուր ըլլալը ծանուցանելու համար»։