Leviticus 14
Exodus « Leviticus 13 ‹ Leviticus 14 › Leviticus 15 » Numbers
ԲՈՐՈՏՈՒԹԵՆԷ ՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Ահա՛ւասիկ բորոտին օրէնքը՝ իր մաքրուելու օրը.— ան քահանային թող տարուի,
3քահանան բանակավայրէն դուրս թող ելլէ ու քահանան թող զննէ։ Եթէ բորոտին բորոտութեան ախտը բուժուած է,
4քահանան թող պատուիրէ որ մաքրուելիք մարդուն համար երկու ողջ եւ մաքուր 1թռչուն, մայրիի փայտ, կրկնակի կարմիր ու զոպայ առնուի։
5Քահանան թող պատուիրէ որ թռչուններէն մէկը 2խեցիէ անօթի մը մէջ մորթուի՝ 3կենսաւէտ ջուրի վրայ։
6Ողջ թռչունը, մայրիի փայտը, կրկնակի կարմիրը եւ զոպան թող առնէ, զանոնք ողջ թռչունին հետ թող թաթխէ կենսաւէտ ջուրին վրայ մորթուած թռչունին արիւնին մէջ,
7ու բորոտութենէ մաքրուելիք մարդուն վրայ եօթը անգամ թող սրսկէ եւ 4մաքրէ զայն՝՝, իսկ ողջ թռչունը դէպի 5բաց դաշտը՝՝ թող արձակէ։
8Իսկ մաքրուելիք մարդը իր հագուստները թող լուայ, բոլոր մազերը ածիլէ ու ջուրով լուացուի, եւ մաքրուած պիտի ըլլայ։ Անկէ ետք բանակավայրը թող մտնէ ու եօթը օր իր վրանէն դուրս կենայ։
9Եօթներորդ օրը իր բոլոր մազերը թող ածիլէ — իր գլուխը, մօրուքը եւ յօնքերը —, այսինքն՝ իր բոլոր մազերը թող ածիլէ, հագուստները լուայ ու մարմինը ջուրով լուայ, եւ մաքրուած պիտի ըլլայ։
10Ութերորդ օրը՝ թող առնէ երկու անարատ արու գառ, մէկ անարատ էգ գառնուկ՝ մէկ տարեկան, իւղով շաղուած երեք տասներորդ նաշիհ՝ հացի ընծայի համար, ու մէկ ճաշակ իւղ։
11Մաքրող քահանան մաքրուելիք մարդը ասոնցմով թող կեցնէ Տէրոջ առջեւ՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը,
12եւ քահանան մէկ արու գառը թող առնէ ու զայն մօտեցնէ յանցանքի պատարագի համար՝ իւղի ճաշակին հետ, եւ զանոնք Տէրոջ առջեւ թող մատուցանէ իբր երերցնելիք ընծայ։
13Գառը թող մորթէ մեղքի պատարագին ու ողջակէզին մորթուած տեղը — սուրբ տեղը —. որովհետեւ յանցանքի պատարագը՝ մեղքի պատարագին պէս քահանայինն է. ասիկա ամենասուրբ է։
14Քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ, ու քահանան թող դնէ զայն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ։
15Քահանան իւղի ճաշակէն քիչ մը իւղ թող առնէ ու իր ձախ ափին մէջ թափէ։
16Քահանան իր աջ մատը թող թաթխէ իր ձախ ափը եղող իւղին մէջ, եւ իր մատով Տէրոջ առջեւ եօթը անգամ սրսկէ այդ իւղէն։
17Քահանան իր ափին մէջ մնացած իւղէն թող դնէ մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ — յանցանքի պատարագի արիւնին վրայ։
18Քահանան իր ափին մէջ մնացած իւղը թող դնէ մաքրուելիք մարդուն գլուխին վրայ, ու անոր համար թող քաւութիւն ընէ Տէրոջ առջեւ։
19Յետոյ քահանան մեղքի պատարագը թող ընծայէ եւ իր անմաքրութենէն մաքրուելիք մարդուն համար քաւութիւն ընէ, ապա ողջակէզը թող մորթէ։
20Քահանան ողջակէզն ու հացի ընծան զոհասեղանին վրայ թող մատուցանէ եւ անոր համար քաւութիւն ընէ, ու ան մաքրուած պիտի ըլլայ։
21Բայց եթէ ան չքաւոր է եւ իր կարողութիւնը չի հասնիր այսչափին, յանցանքի պատարագի գառ մը թող առնէ՝ որ երերցուի իրեն քաւութիւն ընելու համար, նաեւ իւղով շաղուած մէկ տասներորդ նաշիհ՝ հացի ընծայի համար, ճաշակ մը իւղ,
22ու երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ, որոնց որ իր կարողութիւնը կը հասնի. մէկը մեղքի պատարագ թող ըլլայ, իսկ միւսը՝ ողջակէզ։
23Ութերորդ օրը՝ իր մաքրուելուն համար զանոնք քահանային թող բերէ Հանդիպումի վրանին մուտքը, Տէրոջ առջեւ։
24Քահանան թող առնէ յանցանքի պատարագին գառը եւ իւղի ճաշակը, ու զանոնք Տէրոջ առջեւ թող մատուցանէ իբր երերցնելիք ընծայ։
25Յանցանքի պատարագին գառը թող մորթէ, եւ քահանան յանցանքի պատարագին արիւնէն թող առնէ ու դնէ զայն մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ։
26Քահանան մաս մը իւղ թող թափէ իր ձախ ափին մէջ,
27ու քահանան իր աջ մատով իր ձախ ափին մէջ եղող իւղէն Տէրոջ առջեւ եօթը անգամ թող սրսկէ։
28Քահանան իր ափին մէջ եղող իւղէն թող դնէ մաքրուելիք մարդուն աջ ականջին բլթակին վրայ, անոր աջ ձեռքին բթամատին վրայ եւ աջ ոտքին բթամատին վրայ — յանցանքի պատարագին արիւնը դրուած տեղին վրայ։
29Քահանան իր ափին մէջ մնացած իւղը թող դնէ մաքրուելիք մարդուն գլուխին վրայ՝ Տէրոջ առջեւ անոր համար քաւութիւն ընելով,
30ու թող ընծայէ տատրակներէն կամ աղաւնիի ձագերէն մէկը՝ այն չափին որ իր կարողութիւնը կը հասնի,
31— այսինքն՝ որուն որ իր կարողութիւնը կը հասնի —, մէկը՝ մեղքի պատարագի համար եւ միւսը՝ ողջակէզի համար, հացի ընծային հետ, ու քահանան մաքրուելիք մարդուն համար թող քաւութիւն ընէ Տէրոջ առջեւ։
32Ա՛յս է օրէնքը բորոտութեան ախտ ունեցողին՝ որուն 6կարողութիւնը չի հասնիր իր մաքրուելուն համար պէտք եղածը բերելու»։
ՏՈՒՆԵՐՈՒ ՄԷՋ ԲՈՐՈՏՈՒԹԻՒՆ
33Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի եւ Ահարոնի՝ ըսելով.
34«Երբ մտնէք Քանանի երկիրը՝ որ ձեզի իբր կալուած պիտի տամ, եթէ ձեր կալուածը եղող երկրին մէկ տան մէջ բորոտութեան հարուածը տամ,
35այդ տան տէրը թող գայ եւ իմացնէ քահանային՝ ըսելով. “Ինծի կ’երեւնայ թէ տանս մէջ ախտ կայ”։
36Քահանան թող պատուիրէ որ տունը պարպեն, դեռ ինք ներս չմտած՝ զննելու համար, որպէսզի տան մէջ եղածներէն ոչինչ անմաքուր ըլլայ. ատկէ ետք քահանան թող մտնէ՝ տունը զննելու։
37Ախտը թող զննէ. եթէ ախտը տան պատերուն վրայ կանաչորակ կամ կարմրորակ խորշեր ըրած է եւ անոնք պատին մակերեսէն խորունկ կ’երեւնան,
38քահանան տունէն թող ելլէ տան մուտքը ու եօթը օր տունը թող գոցէ։
39Եօթներորդ օրը քահանան դարձեալ թող գայ եւ զննէ. եթէ ախտը տան պատերուն վրայ տարածուած է,
40քահանան թող պատուիրէ որ ախտացեալ քարերը հանեն ու քաղաքէն դուրս անմաքուր տեղ մը նետեն զանոնք։
41Տան ներսը բոլորաձեւ քերել թող տայ, եւ անոնց քերած 7հողը անմաքուր տեղ մը թող թափեն՝ քաղաքէն դուրս։
42Ուրիշ քարեր թող առնեն ու այդ քարերուն տեղը դնեն, եւ ուրիշ հող առնեն ու տունը ծեփեն։
43Եթէ քարերը հանելէն ետք, տունը քերելէն ետք եւ ծեփելէն ետք ախտը դարձեալ գայ ու տան մէջ աճի,
44քահանան թող գայ եւ զննէ. եթէ ախտը տան մէջ տարածուած է, ատիկա բորբոքած բորոտութիւն է տան մէջ. ան անմաքուր է։
45Ուստի տունը, այսինքն անոր քարերն ու փայտերը եւ տան ամբողջ ծեփուած հողը, թող փլցնէ ու զանոնք քաղաքէն դուրս հանէ՝ անմաքուր տեղ մը։
46Ո՛վ որ այդ տունը մտնէ անոր բոլոր գոցուած օրերը, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ.
47այդ տունը պառկողը իր հագուստները թող լուայ եւ այդ տան մէջ հաց ուտողը իր հագուստները թող լուայ։
48Իսկ եթէ քահանան մտնէ ու տեսնէ թէ տունը ծեփուելէն ետք՝ ախտը անոր մէջ տարածուած չէ, քահանան թող ծանուցանէ այդ տան մաքուր ըլլալը, որովհետեւ ախտը բուժուած է։
49Տունը մեղքէ մաքրելու համար երկու թռչուն, մայրիի փայտ, կրկնակի կարմիր ու զոպայ թող առնէ։
50Թռչուններէն մէկը խեցիէ անօթի մը մէջ թող մորթէ՝ կենսաւէտ ջուրի վրայ։
51Մայրիի փայտը, զոպան, կրկնակի կարմիրը եւ ողջ թռչունը թող առնէ, զանոնք թող թաթխէ մորթուած թռչունին արիւնին ու այդ կենսաւէտ ջուրին մէջ, եօթը անգամ տան վրայ թող սրսկէ,
52եւ տունը թող մեղքէ մաքրէ թռչունին արիւնով, այդ կենսաւէտ ջուրով, այդ ողջ թռչունով, մայրիի փայտով, զոպայով ու կրկնակի կարմիրով։
53Իսկ ողջ թռչունը դէպի դաշտը թող արձակէ՝ քաղաքէն դուրս, եւ տան համար քաւութիւն ընէ, ու ան մաքրուած պիտի ըլլայ»։
54Այս է օրէնքը ամէն տեսակ բորոտութեան ախտի, գոնջութեան,
55հագուստի կամ տան բորոտութեան,
56նաեւ ուռեցքի, քոսի ու պաղպաջի։
57Բանի մը ո՛ր օրը անմաքուր ըլլալը եւ ո՛ր օրը մաքուր ըլլալը սորվեցնելու համար՝ ա՛յս է բորոտութեան օրէնքը։