Leviticus 15
Exodus « Leviticus 14 ‹ Leviticus 15 › Leviticus 16 » Numbers
ՄԱՐՄՆԱԿԱՆ ԱՆՄԱՔՐՈՒԹԻՒՆ՝ ԾՈՐՈՒՄԻ ՊԱՏՃԱՌՈՎ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի ու Ահարոնի՝ ըսելով.
2«Խօսեցէ՛ք, Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ք անոնց. “Երբ մարդ մը իր մարմինէն ծորում ունենայ, իր ծորումին համար անմաքուր կ’ըլլայ։
3Իր ծորումին ատեն իր անմաքրութիւնը սա՛ պիտի ըլլայ. իր մարմինը իր ծորումը հոսեցնէ կամ իր մարմինը իր ծորումը խցանէ, սա՛ է իր անմաքրութիւնը.—
4ամէն անկողին՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը պառկի՝ անմաքուր է, եւ ամէն առարկայ՝ որուն վրայ ան կը նստի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ։
5Անոր անկողինին դպչողը իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
6Ա՛ն որ նստի առարկայի մը վրայ՝ որուն վրայ ծորում ունեցող մը նստեր է, իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
7Ծորում ունեցողին մարմինին դպչողը իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
8Եթէ ծորում ունեցողը մաքուր մարդու մը վրայ թքնէ, ասիկա իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
9Ամէն թամբ՝ որուն վրայ ծորում ունեցողը կը հեծնէ, անմաքուր պիտի ըլլայ։
10Ո՛վ որ անոր տակ եղած որեւէ բանին դպչի՝ մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. այդ բաները վերցնողը իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
11Ծորում ունեցողը իր ձեռքերը ջուրով չցօղուած՝ որուն որ դպչի, ան իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
12Ծորում ունեցողին դպած 1խեցիէ անօթը թող կոտրուի, ու ամէն փայտէ անօթ ջուրով թող ցօղուուի։
13Երբ ծորում ունեցողը իր ծորումէն մաքրուած ըլլայ, իր մաքրուելուն համար եօթը օր թող հաշուէ, յետոյ իր հագուստները լուայ եւ մարմինը կենսաւէտ ջուրի մէջ լուայ, ու մաքրուած պիտի ըլլայ։
14Ութերորդ օրը իրեն համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ, Տէրոջ առջեւ Հանդիպումի վրանին մուտքը գայ եւ զանոնք քահանային տայ։
15Քահանան անոնցմէ մէկը իբր մեղքի պատարագ թող ընծայէ, ու միւսը՝ իբր ողջակէզ. քահանան Տէրոջ առջեւ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր ծորումին համար։
16Եթէ մարդու մը զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելլէ, իր ամբողջ մարմինը ջուրով թող լուայ, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
17Ամէն հագուստ ու ամէն մորթ՝ որուն վրայ զուգաւորութեան սերմ կայ, ջուրով թող լուացուի, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
18Երբ մարդ մը կնոջ մը հետ զուգաւորուելու համար պառկի, անոնք երկուքն ալ ջուրով թող լուացուին, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլան։
19Եթէ կին մը ծորում ունենայ եւ իր մարմինին ծորումը արիւն է, եօթը օր իր կեղտոտութեան մէջ թող 2մնայ. ո՛վ որ անոր դպչի՝ մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
20Անոր կեղտոտութեան ատենը ի՛նչ բանի վրայ որ պառկի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ. նաեւ ի՛նչ բանի վրայ որ նստի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ։
21Ո՛վ որ անոր անկողինին դպչի՝ իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, եւ մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
22Ո՛վ որ դպչի որեւէ առարկայի՝ որուն վրայ ան նստեր է, իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
23Անոր անկողինին վրայ եղող բանի մը դպչողը, կամ առարկայի մը՝ որուն վրայ ան կը նստի, մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ։
24Եթէ մարդ մը անոր հետ պառկի եւ անոր կեղտը իր վրայ ըլլայ, ինք եօթը օր անմաքուր պիտի ըլլայ, ու ամէն անկողին՝ որուն վրայ ինք պառկի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ։
25Եթէ կին մը՝ իր 3դաշտանի ատենէն դուրս՝ շատ օրեր իր արիւնին ծորումը ունենայ, կամ ան իր դաշտանի ատենէն աւելի հոսի, իր անմաքրութեան ծորումին բոլոր օրերը անմաքուր պիտի ըլլայ՝ իր դաշտանի օրերուն պէս։
26Անոր ծորումին բոլոր օրերը, ամէն անկողին՝ որուն վրայ կը պառկի՝ իր դաշտանի անկողինին պէս պիտի ըլլայ իրեն, եւ ինչ բանի վրայ որ կը նստի՝ իր դաշտանի անմաքրութեան պէս անմաքուր պիտի ըլլայ։
27Ո՛վ որ անոնց դպչի՝ անմաքուր պիտի ըլլայ. իր հագուստները թող լուայ, ի՛նք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ։
28Իսկ եթէ իր ծորումէն մաքրուած է, եօթը օր թող հաշուէ եւ անկէ ետք մաքրուած պիտի ըլլայ։
29Ութերորդ օրը իրեն համար երկու տատրակ կամ աղաւնիի երկու ձագ թող առնէ ու զանոնք քահանային բերէ՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։
30Քահանան մէկը իբր մեղքի պատարագ թող ընծայէ, եւ միւսը՝ իբր ողջակէզ. քահանան Տէրոջ առջեւ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր անմաքրութեան ծորումին համար”։
31Այսպէս Իսրայէլի որդիները 4զգուշացուցէ՛ք իրենց անմաքրութենէն, որպէսզի իրենց անմաքրութեան մէջ չմեռնին՝ իրենց մէջ եղող իմ խորանս պղծելով։
32Ծորում ունեցողին, իրմէ զուգաւորութեան սերմը ելլելով անմաքուր եղողին,
33իր դաշտանով ուժաթափ եղող կնոջ, ծորում ունեցող 5մարդուն կամ կնոջ՝՝, եւ անմաքուր կնոջ հետ պառկող մարդուն օրէնքը այս է»։