Loading...

Leviticus 16

Exodus  «  Leviticus 15  ‹  Leviticus 16  ›  Leviticus 17  »  Numbers


ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ Ահարոնի երկու որդիներուն մեռնելէն ետք, որոնք Տէրոջ առջեւ օտար կրակ մատուցանեցին ու մեռան։

2

Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Խօսէ՛ քու եղբօրդ՝ Ահարոնի, որ ամէն ատեն սրբարանը՝ վարագոյրէն ներս չմտնէ, տապանակին վրայ եղող Քաւութեան առջեւ, որպէսզի չմեռնի. որովհետեւ ամպի մէջ պիտի երեւնամ Քաւութեան վրայ։

3

Ահարոն սա՛պէս թող մտնէ սրբարանը.— մեղքի պատարագի համար՝ արջառներէն զուարակով մը, եւ ողջակէզի համար՝ խոյով մը.

4

կտաւէ սուրբ պատմուճան թող հագնի, իր մարմինին վրայ կտաւէ անդրավարտիք թող ունենայ, մէջքը կտաւէ գօտի կապէ, ու գլուխը կտաւէ խոյր 1դնէ։ Ասոնք սուրբ հագուստներ են. ուստի իր մարմինը ջուրով թող լուայ, ապա զանոնք հագնի։

5

Իսրայէլի որդիներուն համայնքէն՝ մեղքի պատարագի համար այծերէն երկու նոխազ թող առնէ, եւ ողջակէզի համար՝ մէկ խոյ։

6

Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը թող մատուցանէ, ու իրեն համար եւ իր տան համար քաւութիւն ընէ։

7

Երկու նոխազ թող առնէ ու Տէրոջ առջեւ կեցնէ՝ Հանդիպումի վրանին մուտքը։

8

Ահարոն այդ երկու նոխազներուն վրայ վիճակ թող ձգէ. մէկ վիճակը՝ Տէրոջ համար, եւ միւս վիճակը՝ ազատ արձակուելիք նոխազին համար։

9

Ահարոն թող մօտեցնէ այն նոխազը՝ որուն վրայ Տէրոջ վիճակը ելած է, եւ իբր մեղքի պատարագ ընծայէ զայն։

10

Այն նոխազը՝ որուն վրայ ազատ արձակուելու վիճակը ելած է, Տէրոջ առջեւ ողջ թող կեցնէ՝ որպէսզի անով քաւութիւն ընէ, եւ ազատ արձակելու համար դէպի անապատը ղրկէ։

11

Ահարոն իր մեղքի պատարագին զուարակը թող մատուցանէ, իրեն համար ու իր տան համար քաւութիւն ընէ, եւ իր մեղքի պատարագին զուարակը մորթէ։

12

Տէրոջ առջեւ եղող զոհասեղանին վրայէն վերցուած կրակի կայծերով լեցուած բուրվառը թող առնէ, ու մանր ծեծուած անուշաբոյր խունկէն իր ափերը լեցնէ եւ վարագոյրէն ներս բերէ։

13

Խունկը կրակին վրայ թող դնէ Տէրոջ առջեւ, ու խունկին 2ծուխը Վկայութեան վրայի Քաւութիւնը թող ծածկէ՝ որպէսզի չմեռնի։

14

Զուարակին արիւնէն թող առնէ, իր մատով Քաւութեան վրայ սրսկէ՝ դէպի արեւելք, եւ իր մատով Քաւութեան առջեւ արիւնէն եօթը անգամ սրսկէ։

15

Ապա ժողովուրդին համար մեղքի պատարագ ըլլալիք նոխազը թող մորթէ, անոր արիւնը վարագոյրէն ներս բերէ, եւ անոր արիւնով ընէ այնպէս՝ ինչպէս զուարակին արիւնով ըրաւ, այսինքն Քաւութեան վրայ ու Քաւութեան առջեւ սրսկէ զայն։

16

Նաեւ սրբարանին համար թող քաւութիւն ընէ՝ Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն եւ անոնց բոլոր 3մեղքերէն ու յանցանքներէն՝՝ մաքրելով զայն. այդպէս ալ թող ընէ Հանդիպումի վրանին համար, որ անոնց հետ կը կենայ՝ իրենց անմաքրութիւններուն մէջ։

17

Ո՛չ մէկ մարդ թող ըլլայ Հանդիպումի վրանին մէջ՝ երբ սրբարանը մտնէ քաւութիւն ընելու համար, մինչեւ որ իրեն համար, իր տան համար եւ Իսրայէլի ամբողջ համախմբումին համար քաւութիւն ընէ ու դուրս ելլէ։

18

Յետոյ դուրս թող ելլէ՝ դէպի Տէրոջ առջեւ եղող զոհասեղանը, եւ անոր համար քաւութիւն ընէ. զուարակին արիւնէն ու նոխազին արիւնէն թող առնէ եւ զոհասեղանին եղջիւրներուն վրայ դնէ՝ բոլորաձեւ։

19

Եւ իր մատով անոր վրայ արիւնէն եօթը անգամ թող սրսկէ, ու Իսրայէլի որդիներուն անմաքրութիւններէն մաքրէ եւ սրբացնէ զայն»։


ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՆՈԽԱԶԸ

20

«Երբ սրբարանին, Հանդիպումի վրանին ու զոհասեղանին համար քաւութիւն ընելը աւարտէ, ողջ նոխազը թող մօտեցնէ.

21

Ահարոն իր երկու ձեռքերը ողջ նոխազին գլուխին վրայ թող դնէ, Իսրայէլի որդիներուն բոլոր անօրէնութիւնները եւ անոնց բոլոր 4մեղքերն ու բոլոր յանցանքները՝՝ թող խոստովանի անոր վրայ, եւ զանոնք նոխազին գլուխին վրայ դնելով՝ յարմար մարդու մը ձեռքով անապատը թող ղրկէ։

22

Նոխազը անոնց բոլոր անօրէնութիւնները իր վրայ կրելով՝ անբնակ երկիր մը թող տարուի, ու մարդը անապատին մէջ թող արձակէ նոխազը։

23

Ահարոն Հանդիպումի վրանը թող մտնէ, սրբարանը մտնելու ժամանակ հագած կտաւէ հագուստները թող հանէ եւ զանոնք հոն ձգէ։

24

Սուրբ տեղը իր մարմինը ջուրով թող լուայ, իր հագուստները հագնի, դուրս ելլէ, իր ողջակէզն ու ժողովուրդին ողջակէզը ընծայէ, եւ իրեն համար ու ժողովուրդին համար քաւութիւն ընէ։

25

Մեղքի պատարագին ճարպը զոհասեղանին վրայ թող այրէ։

26

Նոխազը ազատ արձակելու տանողը իր հագուստները թող լուայ, իր մարմինը ջուրով լուայ, ապա բանակավայրը մտնէ։

27

Մեղքի պատարագին զուարակն ու մեղքի պատարագին նոխազը, որոնց արիւնը քաւութիւն ընելու համար սրբարանը բերուեցաւ, բանակավայրէն դուրս թող հանեն եւ անոնց մորթը, միսն ու թրիքը կրակով այրեն։

28

Զանոնք այրողը իր հագուստները թող լուայ, իր մարմինը ջուրով լուայ, ապա բանակավայրը մտնէ»։


ՆԿԱՏՈՂՈՒԹԻՒՆ ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐՈՒԱՆ

29

«Սա՛ ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ.— եօթներորդ ամսուան մէջ, ամսուան տասներորդ օրը՝ 5խոնարհեցուցէ՛ք ձեր անձերը եւ ո՛չ մէկ գործ ըրէք, թէ՛ բնիկը եւ թէ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականը։

30

Արդարեւ այդ օրը քահանան ձեզի քաւութիւն պիտի ընէ՝ ձեզ մաքրելու համար, որպէսզի ձեր բոլոր մեղքերէն մաքրուած ըլլաք Տէրոջ առջեւ։

31

Յաւիտենական կանոնով՝ ատիկա ձեզի հանգիստի Շաբաթ ըլլայ, ու խոնարհեցուցէ՛ք ձեր անձերը։

32

Իր հօր տեղը քահանայութիւն կատարելու համար օծուած եւ նուիրուած քահանան թող քաւութիւն ընէ.— թող հագնի կտաւէ հագուստները, այսինքն սուրբ հագուստները,

33

սուրբ սրբարանին համար թող քաւութիւն ընէ, Հանդիպումի վրանին համար ու զոհասեղանին համար քաւութիւն ընէ, քահանաներուն եւ համախմբումին ամբողջ ժողովուրդին համար ալ քաւութիւն ընէ։

34

Ասիկա ձեզի յաւիտենական կանոն թող ըլլայ, տարին անգամ մը քաւութիւն ընելու Իսրայէլի որդիներուն համար — իրենց բոլոր մեղքերուն համար»։ Ան ալ Տէրոջ Մովսէսի պատուիրածին համաձայն ըրաւ։



1 Եբր.՝ փաթթէ
2 Եբր.՝ ամպը
3 Եբր.՝ մեղքերուն յանցանքներէն
4 Եբր.՝ մեղքերուն բոլոր յանցանքները
5 Եբր.՝ տառապեցուցէ՛ք