Loading...

Leviticus 17

Exodus  «  Leviticus 16  ‹  Leviticus 17  ›  Leviticus 18  »  Numbers


ԱՐԻՒՆԻՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Ահարոնի եւ անոր որդիներուն, ու Իսրայէլի բոլոր որդիներուն, եւ ըսէ՛ անոնց. “Ահա՛ւասիկ ինչ որ Տէրը պատուիրեց.

3

"Եթէ մարդ մը՝ Իսրայէլի տունէն՝ եզ մը, ոչխար մը կամ այծ մը բանակավայրին մէջ մորթէ, կամ բանակավայրէն դուրս մորթէ,

4

ու Հանդիպումի վրանին մուտքը չբերէ՝ Տէրոջ մատաղ մատուցանելու համար Տէրոջ խորանին առջեւ, արիւնապարտութիւն պիտի սեպուի այդ մարդուն. ան արիւն թափած է, եւ այդ մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի".

5

որպէսզի Ւսրայէլի որդիները Տէրոջ բերեն իրենց զոհերը՝ որ հիմա դաշտի 1մէջ կը մորթեն, այսինքն Հանդիպումի վրանին մուտքը՝ քահանային բերեն, եւ զանոնք Տէրոջ զոհեն՝ իբր խաղաղութեան զոհեր”։

6

Քահանան թող սրսկէ արիւնը Հանդիպումի վրանին մուտքը՝ Տէրոջ զոհասեղանին վրայ, ու ճարպը անոյշ հոտի համար այրէ Տէրոջ առջեւ։

7

Իրենց զոհերը ա՛լ թող չզոհեն դեւերուն, որոնց հետ պոռնկեցան։ Ասիկա անոնց յաւիտենական կանոն թող ըլլայ իրենց սերունդներուն մէջ»։

8

«Նաեւ ըսէ՛ անոնց. “Եթէ մարդ մը՝ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականներէն՝ ողջակէզ կամ զոհ մատուցանէ,

9

եւ զայն Տէրոջ ընծայելու համար Հանդիպումի վրանին մուտքը չբերէ, այդ մարդը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի։

10

“Եթէ մարդ մը՝ Իսրայէլի տունէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականներէն՝ որեւէ արիւն ուտէ, իմ երեսս այդ արիւն ուտող անձին դէմ պիտի 2դարձնեմ ու զայն իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջեմ.

11

որովհետեւ մարմինին 3կեանքը արիւնին մէջ է, եւ ես ձեզի տուի զայն՝ որպէսզի զոհասեղանին վրայ ձեր անձերուն համար քաւութիւն ընէք. արդարեւ արի՛ւնն է անձին համար քաւութիւն ընողը”։

12

Ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. “Ձեզմէ ո՛չ մէկ անձ արիւն թող ուտէ. ձեր մէջ պանդխտացած գաղթակա՛նն ալ արիւն թող չուտէ”։

13

Եթէ մարդ մը՝ Իսրայէլի որդիներէն կամ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականներէն՝ ուտուելիք կենդանի մը կամ թռչուն մը որսայ, անոր արիւնը թող թափէ ու հողով ծածկէ զայն,

14

որովհետեւ ա՛ն է ամէն մարմինի 4կեանքը. իր արիւնն է իր մէջ եղող կեանքը։ Ուստի Իսրայէլի որդիներուն ըսի. “Բնա՛ւ մարմինի մը արիւնը մի՛ ուտէք”, որովհետեւ ամէն մարմինի կեանքը իր արիւնն է. ո՛վ որ ուտէ զայն՝ պիտի բնաջնջուի։

15

Իսկ բնիկներէն կամ գաղթականներէն՝ դիակ կամ բզքտուած ուտող ամէն անձ իր հագուստները թող լուայ, ինք ալ ջուրով լուացուի, ու մինչեւ իրիկուն անմաքուր ըլլայ. յետոյ մաքրուած պիտի ըլլայ։

16

Բայց եթէ չլուայ զանոնք, ո՛չ ալ իր մարմինը լուայ, իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ»։



1 Եբր.՝ մակերեսը
2 Եբր.՝ դնեմ
3 Եբր.՝ շունչը
4 Եբր.՝ շունչը