Leviticus 18
Exodus « Leviticus 17 ‹ Leviticus 18 › Leviticus 19 » Numbers
ԱՊՕՐԻՆԻ ԱՄՈՒՍՆՈՒԹԵԱՆ ԱՐԳԵԼՔ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Ե՛ս եմ Եհովան՝ ձեր Աստուածը։
3Մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս կ’ընէին Եգիպտոսի երկրին մէջ՝ ուր բնակեցաք. մի՛ ընէք այնպէս, ինչպէս կ’ընեն Քանանի երկրին մէջ՝ ուր ձեզ կը տանիմ, ու անոնց կանոններով մի՛ ընթանաք։
4Ի՛մ 1դատավճիռներս գործադրեցէք եւ ի՛մ կանոններս պահեցէք, որպէսզի անոնցմո՛վ ընթանաք։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
5Ուստի ի՛մ կանոններս եւ ի՛մ դատավճիռներս պահեցէք. զանոնք գործադրող մարդը անոնցմով պիտի ապրի. ե՛ս եմ Տէրը։
6Ձեզմէ ո՛չ մէկը իր 2ամենամօտ արենակիցին թող մերձենայ՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար. ե՛ս եմ Տէրը։
7Հօրդ մերկութիւնը կամ մօրդ մերկութիւնը մի՛ բանար. ան մայրդ է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
83Հօրդ կնոջ՝՝ մերկութիւնը մի՛ բանար. ան հօրդ մերկութիւնն է։
9Հօրդ աղջիկին կամ մօրդ աղջիկին՝ քու 4քրոջդ մերկութիւնը — տան մէջ ծնած ըլլայ թէ դուրսը ծնած —, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
10Որդիիդ աղջիկին կամ աղջիկիդ աղջիկին մերկութիւնը — անոնց մերկութիւնը — մի՛ բանար, որովհետեւ անոնց մերկութիւնը քուկդ է։
11Հօրդ կնոջ աղջիկին մերկութիւնը — հօրմէդ ծնած քու քոյրդ ըլլալով — անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
12Հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. ան հօրդ արենակից է։
13Մօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար, որովհետեւ ան մօրդ արենակից է։
14Հօրդ եղբօր մերկութիւնը մի՛ բանար, անոր կնոջ մի՛ մերձենար. ան հօրաքոյրդ կը համարուի։
15Հարսիդ մերկութիւնը մի՛ բանար. ան որդիիդ կինն է, անոր մերկութիւնը մի՛ բանար։
16Եղբօրդ կնոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. ան եղբօրդ մերկութիւնն է։
17Կնոջ մը եւ անոր աղջիկին մերկութիւնը մի՛ բանար. անոր որդիին աղջիկը կամ անոր աղջիկին աղջիկը մի՛ առներ՝ անոնց մերկութիւնը բանալու համար. անոնք անոր արենակից են, ատիկա լրբութիւն է։
18Կին մը իր քրոջ հետ մի՛ առներ՝ զինք թշնամացնելու համար, իր մերկութիւնը բանալով միւսին քով՝ անոր կեանքի ընթացքին։
19Իր դաշտանին անմաքրութեան ատեն մի՛ մերձենար կնոջ մը՝ անոր մերկութիւնը բանալու համար։
20Զուգաւորութեան համար դրացիիդ կնոջ հետ մի՛ պառկիր՝ անոր հետ անմաքուր ըլլալով։
21Քու զարմէդ Մողոքի համար կրակէ անցընել մի՛ թոյլատրեր, ու քու Աստուծոյդ անունը մի՛ պղծեր. ե՛ս եմ Տէրը։
22Արուի հետ մի՛ պառկիր՝ կնոջ հետ պառկելու պէս. ատիկա գարշութիւն է։
23Ո՛չ մէկ անասունի հետ զուգաւորուէ՝ անոր հետ անմաքուր ըլլալով։ Ո՛չ մէկ կին թող կայնի անասունի մը առջեւ՝ անոր հետ 5զուգաւորուելու համար. ատիկա խառնակութիւն է։
24Այս բաներէն ո՛չ մէկով անմաքուր եղէք, որովհետեւ բոլոր ասոնցմով անմաքուր եղան այն ազգերը՝ որ ձեր առջեւէն պիտի վտարեմ։
25Այդ երկիրը անմաքուր եղած է. անոր անօրէնութիւնը պիտի հատուցանեմ իրեն, ու երկիրը իր բնակիչները պիտի փսխէ։
26Ուստի դուք ի՛մ կանոններս եւ ի՛մ դատավճիռներս պահեցէք։ Այս գարշութիւններէն ո՛չ մէկը գործեցէք, ո՛չ բնիկը, ո՛չ ալ ձեր մէջ պանդխտացած գաղթականը
27— որովհետեւ այդ երկրին մարդիկը՝ ձեզմէ առաջ այս բոլոր գարշութիւնները գործեցին, ու երկիրը անմաքուր եղաւ —,
28որպէսզի երկիրը ձեզ ալ չփսխէ՝ երբ զայն անմաքուր ընէք, ինչպէս ձեզմէ առաջ եղած ազգերը փսխեց։
29Արդարեւ ո՛վ որ այս գարշութիւններէն որեւէ մէկը գործէ, զայն ընող անձերը իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուին։
30Ուստի ի՛մ հրահանգներս պահեցէք, որպէսզի ձեզմէ առաջ գործադրուած այս գարշելի սովորութիւններէն ո՛չ մէկը ընէք, եւ անոնցմով անմաքուր չըլլաք։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը”»։