Loading...

Leviticus 19

Exodus  «  Leviticus 18  ‹  Leviticus 19  ›  Leviticus 20  »  Numbers


ՍՐԲՈՒԹԵԱՆ ԵՒ ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ ՕՐԷՆՔՆԵՐ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ամբողջ համայնքին ու ըսէ՛ անոնց. “Սո՛ւրբ եղէք, որովհետեւ ես՝ Եհովան, ձեր Աստուածը, սուրբ եմ։

3

Ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր մայրն ու հայրը թող յարգէ եւ իմ Շաբաթներս պահէ. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

4

1Կուռքերուն մի՛ դառնաք, ու ձեզի ձուլածոյ չաստուածներ մի՛ շինէք. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

5

Եթէ խաղաղութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջ, ա՛յնպէս մատուցանեցէք՝ որ ընդունելի ըլլայ.

6

ան թող ուտուի այն օրը՝ երբ զայն կը մատուցանէք, եւ հետեւեալ օրը. իսկ երրորդ օրուան մնացածը կրակով թող այրուի։

7

Եթէ երրորդ օրը անկէ ուտուի՝ ան պիղծ է, պիտի չընդունուի.

8

զայն ուտողը իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ, որովհետեւ Տէրոջ սուրբ բանը պղծեց. այդ անձը իր ժողովուրդէն պիտի բնաջնջուի։

9

Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, արտիդ եզերքը ամբողջովին մի՛ հնձեր, ու հունձքէդ մնացած հասկերը մի՛ քաղեր։

10

Այգիդ ճռաքաղ մի՛ ըներ, այսինքն՝ այգիիդ մէջ մնացած ողկոյզները մի՛ քաղեր. զանոնք թո՛ղ դժբախտին եւ գաղթականին. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

11

Գողութիւն մի՛ ընէք. մի՛ ստէք եւ զիրար մի՛ 2խաբէք։

12

Իմ անունովս 3սուտ երդում մի՛ ընէք ու ձեր Աստուծոյն անունը մի՛ պղծէք. ե՛ս եմ Տէրը։

13

Ընկերդ մի՛ հարստահարեր. մի՛ թալլեր. վարձկանին օրական 4աշխատավարձը քովդ թող չմնայ գիշերը՝ մինչեւ առտու։

14

Խուլը մի՛ անիծեր ու կոյրին առջեւ խոչընդոտ մի՛ դներ, հապա քու Աստուծմէ՛դ վախցիր. ե՛ս եմ Տէրը։

15

Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ գործէք. չքաւորին 5աչառութիւն մի՛ ըներ՝՝ եւ մեծէն մի՛ ակնածիր. դրացիդ արդարութեա՛մբ դատէ։

16

Քու ժողովուրդիդ մէջ բանսարկութեան մի՛ երթար. ընկերիդ 6կեանքին դէմ մի՛ կայնիր. ե՛ս եմ Տէրը։

17

Եղբայրդ քու սիրտիդ մէջ մի՛ ատեր. դրացիդ ա՛նպատճառ կշտամբէ, որպէսզի անոր համար մեղք չկրես։

18

Վրէժ մի՛ առներ, եւ ոխ մի՛ պահեր քու ժողովուրդիդ որդիներուն դէմ, հապա սիրէ՛ ընկերդ 7քու անձիդ՝՝ պէս. ե՛ս եմ Տէրը։

19

Իմ կանոննե՛րս պահեցէք. անասունիդ մէկ տեսակը տարբեր տեսակի հետ զուգաւորել մի՛ տար. արտիդ մէջ երկու տարբեր տեսակ սերմ մի՛ ցաներ. երկու տարբեր նիւթէ շինուած այլախառն հագուստ մի՛ հագնիր։

20

Եթէ մարդ մը զուգաւորութեան համար պառկի ստրկուհիի մը հետ՝ որ մարդու մը նշանուած է, բայց փրկուած չէ, ո՛չ ալ անոր ազատութիւն տրուած, անոնք թող հարցաքննուին. անոնք թող չմեռցուին, որովհետեւ կինը ազատ չէր։

21

Բայց մարդը իր յանցանքին պատարագը Տէրոջ թող բերէ Հանդիպումի վրանին մուտքը, խոյ մը՝ յանցանքի պատարագի համար։

22

Քահանան յանցանքի պատարագին խոյով Տէրոջ առջեւ թող քաւութիւն ընէ անոր՝ իր գործած մեղքին համար, եւ անոր գործած մեղքը պիտի ներուի իրեն։

23

Երբ այդ երկիրը մտնէք ու ամէն տեսակ ծառեր տնկէք՝ պտուղը ուտելու համար, անոր պտուղը անթլփատի պէս անմաքո՛ւր սեպեցէք. ան երեք տարի անթլփատի պէս թող ըլլայ ձեզի. թող չուտուի։

24

Չորրորդ տարին անոր ամբողջ պտուղը սուրբ պիտի ըլլայ՝ Տէրոջ գովութեան համար։

25

Բայց հինգերորդ տարին անոր պտուղը կերէ՛ք, որպէսզի իր բերքը ձեզի համար աւելցնէ. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

26

Միսը արիւնով մի՛ ուտէք. մի՛ հմայէք եւ մի՛ գուշակէք։

27

Ձեր գլուխին եզերքի մազերը մի՛ կտրէք, ու քու մօրուքիդ եզերքը մի՛ խաթարեր։

28

Անձի մը մահուան համար ձեր մարմինը մի՛ կտրատէք, եւ դուք ձեզ մի՛ կտածէք. ե՛ս եմ Տէրը։

29

Աղջիկդ պոռնիկ ընելով մի՛ պղծեր, որպէսզի երկիրը չպոռնկի ու երկիրը լրբութեամբ չլեցուի։

30

Իմ Շաբաթներս պահեցէ՛ք եւ իմ սրբարանս յարգեցէ՛ք. ե՛ս եմ Տէրը։

31

Վհուկներուն մի՛ 8դառնաք ու նշանագէտներ մի՛ փնտռէք, որպէսզի անոնցմով անմաքուր չըլլաք. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

32

Ճերմակ մազ ունեցողին առջեւ ոտքի՛ ելիր եւ ծերէն ակնածէ՛, ու քու Աստուծմէդ վախցի՛ր. ե՛ս եմ Տէրը։

33

Եթէ գաղթական մը ձեր երկրին մէջ ձեր քով պանդխտանայ, մի՛ կեղեքէք զայն։

34

Ձեր քով պանդխտացող գաղթականը՝ բնիկին պէս թող ըլլայ ձեզի, եւ սիրէ՛ զայն քեզի պէս, որովհետեւ դուք ալ Եգիպտոսի երկրին մէջ պանդուխտ էիք. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։

35

Դատաստանի մէջ անիրաւութիւն մի՛ գործէք, ո՛չ ալ կանգունի մէջ, կշիռի մէջ ու հեղուկի չափի մէջ։

36

Ճի՛շդ կշիռքներ, ճի՛շդ կշռաքարեր, ճի՛շդ արդու եւ ճի՛շդ հիմէն ունեցէք։ Ձեզ Եգիպտոսէն հանող Տէրը՝ ձեր Աստուածը՝ ե՛ս եմ։

37

Ուստի իմ բոլոր կանոններս ու բոլոր 9դատավճիռներս պահեցէ՛ք եւ զանոնք գործադրեցէ՛ք. ե՛ս եմ Տէրը”»։



1 Եբր.՝ Չաստուածներուն
2 Եբր.՝ կեղծէք
3 Եբր.՝ կեղծ
4 Եբր.՝ գործին վարձատրութիւնը
5 Եբր.՝ երեսը մի՛ բարձրացներ
6 Եբր.՝ արիւնին
7 Եբր.՝ քեզի
8 Կամ՝ նայիք
9 Կամ՝ սովորութիւններս