Leviticus 20
Exodus « Leviticus 19 ‹ Leviticus 20 › Leviticus 21 » Numbers
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺՆԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Իսրայէլի որդիներուն նաեւ ըսէ՛. “Իսրայէլի որդիներէն եւ Իսրայէլի մէջ պանդխտացած գաղթականներէն ո՛վ որ իր 1զաւակներէն մէկը Մողոքի տայ, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. երկրին ժողովուրդը թող 2քարկոծէ զայն։
3Իսկ ես՝ իմ երեսս այդ մարդուն դէմ պիտի դարձնեմ ու զայն իր ժողովուրդին մէջէն բնաջնջեմ, որովհետեւ ան իր 3զաւակներէն մէկը Մողոքի տուած է՝ իմ սրբարանս պղծելու եւ իմ սուրբ անունս անարգելու համար։
4Եթէ այդ մարդը իր 4զաւակներէն մէկը Մողոքի տուած ատեն՝ երկրին ժողովուրդը իր աչքերէն թաքուն պահէ ու զայն չմեռցնէ,
5ե՛ս իմ երեսս այդ մարդուն դէմ եւ անոր գերդաստանին դէմ պիտի դարձնեմ, ու զայն եւ Մողոքի հետ պոռնկելու համար այդ մարդուն պէս բոլոր պոռնկողները իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջեմ։
6Եթէ անձ մը վհուկներուն եւ նշանագէտներուն դառնայ՝ անոնց հետ պոռնկելու համար, այդ անձին դէմ պիտի դարձնեմ երեսս ու զայն իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջեմ։
7Ուստի դուք ձեզ սրբացուցէ՛ք եւ սո՛ւրբ եղէք, քանի որ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
8Իմ կանոններս պահեցէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէ՛ք. ե՛ս եմ Տէրը՝ որ ձեզ կը սրբացնեմ։
9Ո՛վ որ իր հայրը կամ մայրը անիծէ, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. ան իր հայրը կամ մայրը անիծեց, անոր արիւնը իր վրայ ըլլայ։
10Ո՛վ որ ուրիշ մարդու մը կնոջ հետ շնութիւն ընէ, այսինքն իր ընկերին կնոջ հետ շնութիւն ընողը՝ անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. շնացո՛ղն ալ, շնացեա՛լն ալ պիտի մեռցուին։
11Ո՛վ որ իր 5հօր կնոջ՝՝ հետ պառկի, իր հօր մերկութիւնը կը բանայ. անշո՛ւշտ երկուքն ալ պիտի մեռցուին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
12Եթէ մարդ մը իր հարսին հետ պառկի, անշո՛ւշտ երկուքն ալ պիտի մեռցուին. խառնակութիւն գործեցին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
13Եթէ մարդ մը կնոջ մը հետ պառկելու պէս արուի հետ պառկի, երկուքն ալ գարշութիւն կը գործեն. անշո՛ւշտ պիտի մեռցուին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
14Եթէ մարդ մը՝ կին մը եւ անոր մայրը առնէ, լրբութիւն է. ի՛նք ալ, անո՛նք ալ կրակով պիտի այրուին, որպէսզի ձեր մէջ լրբութիւն չըլլայ։
15Եթէ մարդ մը անասունի հետ զուգաւորուի, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. անասունն ալ սպաննեցէ՛ք։
16Եթէ կին մը որեւէ անասունի հետ 6զուգաւորուելու համար անոր մերձենայ, մեռցո՛ւր կինը, եւ անասունն ալ։ Անոնք անշո՛ւշտ պիտի մեռցուին, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ։
17Եթէ մարդ մը իր 7քոյրը առնէ, իր հօր աղջիկը կամ իր մօր աղջիկը, ու անոր մերկութիւնը տեսնէ եւ աղջիկն ալ անոր մերկութիւնը տեսնէ, անպատուութիւն է. անոնք իրենց ժողովուրդին որդիներուն աչքերուն առջեւ պիտի բնաջնջուին. ան իր քրոջ մերկութիւնը բացաւ, իր անօրէնութիւնը պիտի կրէ։
18Եթէ մարդ մը իր դաշտանին մէջ եղող կնոջ մը հետ պառկի ու անոր մերկութիւնը բանայ, ինք անոր աղբիւրը բացաւ, կինն ալ իր արիւնին աղբիւրը բացաւ. երկուքն ալ իրենց ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուին։
19Մօրդ քրոջ կամ հօրդ քրոջ մերկութիւնը մի՛ բանար. որովհետեւ եթէ մէկը իր արենակիցին մերկութիւնը բանայ, երկուքն ալ իրենց անօրէնութիւնը պիտի կրեն։
20Եթէ մարդ մը իր հօրեղբօր կնոջ հետ պառկի, իր հօրեղբօր մերկութիւնը կը բանայ. անոնք իրենց մեղքը պիտի կրեն, անզաւակ պիտի մեռնին։
21Եթէ մարդ մը իր եղբօր կինը առնէ, կեղտոտութիւն է. ան իր եղբօր մերկութիւնը կը բանայ, անզաւակ պիտի ըլլան։
22Ուստի իմ բոլոր կանոններս եւ բոլոր 8դատավճիռներս պահեցէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէ՛ք, որպէսզի այն երկիրը՝ ուր ձեզ պիտի տանիմ որ հոն բնակիք՝ չփսխէ ձեզ։
23Մի՛ ընթանաք այն ազգերուն սովորութիւններուն համաձայն, որ ձեր առջեւէն պիտի վտարեմ. արդարեւ այս բոլոր բաները ըրին անոնք, ու ես զզուեցայ անոնցմէ
24եւ ըսի ձեզի. "Անոնց 9հողերը դո՛ւք պիտի ժառանգէք՝՝, ու ես զայն ձեզի պիտի տամ որ անոր տիրանաք, երկիր մը՝ որ կաթ ու մեղր կը հոսեցնէ"։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ բոլոր ազգերէն զատեցի ձեզ։
25Ուստի զանազանեցէ՛ք մաքուր անասունները անմաքուրներէն, եւ անմաքուր թռչունները մաքուրներէն, ու ձեր անձերը մի՛ պղծէք անասուններով, կամ թռչուններով, կամ գետինի վրայի որեւէ սողունով, որ ե՛ս զատեցի ձեզի իբր անմաքուր։
26Սո՛ւրբ եղէք ինծի. քանի որ ես՝ Տէրս՝ սուրբ եմ, ու ձեզ միւս ազգերէն զատեցի՝ որպէսզի իմս ըլլաք։
27Վհուկ կամ նշանագէտ եղողը, այր մարդ ըլլայ թէ կին, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի. թող քարկոծեն զանոնք, անոնց արիւնը իրենց վրայ ըլլայ”»։