Leviticus 21
Exodus « Leviticus 20 ‹ Leviticus 21 › Leviticus 22 » Numbers
ՔԱՀԱՆԱՆԵՐՈՒՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը Մովսէսի ըսաւ. «Խօսէ՛ Ահարոնի որդիներուն՝ քահանաներուն՝ եւ ըսէ՛ անոնց. “Քահանայ մը անձի մը մահուան համար թող անմաքուր չըլլայ իր ժողովուրդին մէջ,
2բացի իր մօտ արենակիցին համար, այսինքն՝ իր մօր, հօր, որդիին, աղջիկին ու եղբօր համար,
3նաեւ իր կոյս քրոջ համար, որ մօտ է իրեն եւ ամուսնացած չէ. անոր համար կրնայ անմաքուր ըլլալ։
4Իբր գլխաւոր մարդ իր ժողովուրդին մէջ՝ ան թող անմաքուր չըլլայ, որպէսզի ինքզինք չպղծէ։
5Անոնք իրենց գլուխը թող չկնտեն, մօրուքին եզերքը չածիլեն ու մարմինը չկտրատեն։
6Սուրբ թող ըլլան իրենց Աստուծոյն. իրենց Աստուծոյն անունը թող չպղծեն, որովհետեւ իրե՛նք կը մատուցանեն Տէրոջ պատարագները եւ իրենց Աստուծոյն հացը. ուստի սուրբ թող ըլլան։
7Պոռնիկ կամ պղծուած կին թող չառնեն, ո՛չ ալ իր ամուսինէն վռնտուած կին մը առնեն. որովհետեւ քահանան սուրբ է իր Աստուծոյն”։
8Ուստի սրբացո՛ւր զայն, քանի որ ի՛նք կը մատուցանէ քու Աստուծոյդ հացը. ան սուրբ պիտի ըլլայ քեզի, որովհետեւ ես՝ Տէրս, որ ձեզ կը սրբացնեմ, սուրբ եմ։
9Եթէ քահանայի մը աղջիկը պոռնկելով ինքզինք պղծէ, իր հա՛յրը կը պղծէ. ան կրակով պիտի այրուի։
10Իսկ իր եղբայրներուն մէջ եղող քահանայապետը, որուն գլուխին վրայ օծումի իւղը թափուած է եւ սուրբ հագուստները հագնելու համար նուիրուած է, իր գլուխը թող չբանայ, հագուստները թող չպատռէ,
11ո՛չ մէկ մեռած անձի քով թող երթայ, ո՛չ ալ իր հօր կամ մօր համար անմաքուր ըլլայ։
12Սրբարանէն դուրս թող չելլէ ու իր Աստուծոյն սրբարանը թող չպղծէ, որովհետեւ իր Աստուծոյն օծումի իւղին պսակը իր վրայ է. ե՛ս եմ Տէրը։
13Ան կոյս մը թող առնէ իբր կին.
14այրի, կամ վռնտուած կին, կամ պղծուած, կամ պոռնիկ թող չառնէ, հապա իր ժողովուրդէն կոյս մը թող առնէ իբր կին.
15որպէսզի իր զարմը չպղծէ իր ժողովուրդին մէջ, որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ զայն կը սրբացնեմ»։
16Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
17«Խօսէ՛ Ահարոնի եւ ըսէ՛. “Քու զարմէդ իրենց սերունդներուն մէջ ո՛վ որ իր վրայ արատ մը ունենայ, թող չմօտենայ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու.
18որովհետեւ արատ ունեցող մարդ մը պէտք չէ մօտենայ, այսինքն՝ կոյր մարդը, կամ կաղը, կամ 1կարճունչը, կամ իր անդամներուն մէջ 2աւելորդ բան մը ունեցողը՝՝,
19կամ ոտքը կոտրած մարդը, կամ ձեռքը կոտրածը,
20կամ կուզը, կամ թզուկը, կամ իր աչքին մէջ բիծ ունեցողը, կամ քոսոտը, կամ որքիւնոտը, կամ 3փոշտանկը”։
21Ահարոն քահանային զարմէն արատ ունեցող ո՛չ մէկ մարդ թող մօտենայ՝ Տէրոջ պատարագները մատուցանելու. արդարեւ արատաւոր ըլլալով՝ պէտք չէ մօտենայ իր Աստուծոյն հացը մատուցանելու։
22Ան իր Աստուծոյն հացը թող ուտէ, թէ՛ ամենասուրբ բաներէն եւ թէ սուրբ բաներէն.
23միայն թէ վարագոյրին քով թող չերթայ ու զոհասեղանին չմօտենայ, որովհետեւ արատ ունի, որպէսզի իմ սուրբ բաներս չպղծէ. քանի որ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ զանոնք կը սրբացնեմ»։
24Մովսէս այս բաները ըսաւ Ահարոնի ու անոր որդիներուն, եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն։