Leviticus 22
Exodus « Leviticus 21 ‹ Leviticus 22 › Leviticus 23 » Numbers
ԶՈՀԵՐՈՒՆ ՍՐԲՈՒԹԻՒՆԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Ահարոնի ու անոր որդիներուն, որ Իսրայէլի որդիներուն մատուցանած սուրբ բաներէն 1զգուշանան, եւ իմ սուրբ անունս չպղծեն այն բաներով՝ որ ինծի կը սրբացնեն. ե՛ս եմ Տէրը։
3Ըսէ՛ անոնց. “Ձեր ամբողջ զարմէն ձեր սերունդներուն մէջ՝ ո՛վ որ իր անմաքրութիւնը իր վրայ ունենալով մօտենայ այն սուրբ բաներուն, որ Իսրայէլի որդիները կը սրբացնեն Տէրոջ, այդ անձը իմ ներկայութենէս պիտի 2կտրուի. ե՛ս եմ Տէրը”։
4Ո՛վ որ Ահարոնի զարմէն բորոտ ըլլայ, կամ ծորում ունենայ, սուրբ բաներէն թող չուտէ մինչեւ իր մաքրուած ըլլալը. նաեւ ո՛վ որ 3մեռելէ անմաքուր եղած բանի մը դպչի, կամ այն մարդը՝ որուն զուգաւորութեան սերմը իրմէ ելած է,
5կամ ո՛վ որ դպչի որեւէ զեռունի մը՝ որով կրնայ անմաքուր ըլլալ, կամ մարդու մը՝ որմէ կրնայ անմաքուր ըլլալ, ի՛նչ ալ ըլլայ անոր անմաքրութիւնը։
6Ասոնց դպչող անձը մինչեւ իրիկուն անմաքուր պիտի ըլլայ. սուրբ բաներէն թող չուտէ, հապա իր մարմինը ջուրով լուայ։
7Բայց երբ արեւը մայր մտնէ՝ մաքրուած պիտի ըլլայ. յետոյ սուրբ բաներէն թող ուտէ, որովհետեւ ան իր հացն է։
8Մեռած մը կամ գազանէ բզքտուած մը թող չուտէ, որպէսզի անով անմաքուր չըլլայ. ե՛ս եմ Տէրը։
9Ուստի իմ հրահանգս թող պահեն, որպէսզի անոր համար մեղք չկրեն ու եթէ զայն պղծեն՝ չմեռնին։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ որ զանոնք կը սրբացնեմ։
10Ո՛չ մէկ օտար սուրբ բանէ թող ուտէ. քահանային հիւրը կամ վարձկանն ալ սուրբ բանէ թող չուտէ։
11Բայց եթէ քահանան իր դրամով անձ մը գնած է, ան թող ուտէ անկէ, նաեւ իր տունը ծնածը. անոնք թող ուտեն իր հացէն։
12Եթէ քահանային աղջիկը օտար մարդու մը հետ ամուսնանայ, սուրբ բաներէն բարձրացնելիք ընծաներէն թող չուտէ։
13Բայց եթէ քահանային աղջիկը այրի կամ վռնտուած է, 4զաւակ չունի եւ իր հօր տունը վերադարձած է, իր մանկութեան ժամանակին պէս իր հօր հացէն թող ուտէ. սակայն ո՛չ մէկ օտար անկէ թող ուտէ։
14Եթէ մարդ մը սխալմամբ սուրբ բանէ մը ուտէ, անոր արժէքին վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ ու սուրբ բանին հետ քահանային տայ.
15Քահանաները Իսրայէլի որդիներուն Տէրոջ մատուցանած սուրբ բաները թող չպղծեն,
165եւ իրենց սուրբ բաները ուտելով՝ յանցանքի անօրէնութիւնը իրենց վրայ թող չկրեն՝՝, որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ որ զանոնք կը սրբացնեմ»։
17Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
18«Խօսէ՛ Ահարոնի ու անոր որդիներուն, եւ Իսրայէլի բոլոր որդիներուն, ու ըսէ՛ անոնց. Իսրայէլի տունէն կամ Իսրայէլի մէջ բնակող պանդուխտներէն ո՛վ որ իր մատաղը մատուցանէ՝ իր բոլոր ուխտերուն եւ բոլոր յօժարակամ ընծաներուն համար,— որ Տէրոջ կը մատուցանեն իբր ողջակէզ,—
19արու եւ անարատ արջառ մը, ոչխար մը կամ այծ մը թող մատուցանէ, որպէսզի 6ընդունելի ըլլայ՝՝։
20Ո՛չ մէկ արատ ունեցող մատուցանեցէք, որովհետեւ ընդունելի չ’ըլլար ձեզի համար։
21Ուխտ կատարելու համար, կամ յօժարակամ ընծայի համար, ո՛վ որ արջառներէն կամ ոչխարներէն Տէրոջ խաղաղութեան զոհ մատուցանէ, զոհը անարատ թող ըլլայ՝ որպէսզի ընդունուի. ո՛չ մէկ արատ թող ըլլայ անոր վրայ։
22Կոյր, կամ մէկ անդամը կոտրած կամ կտրուած, կամ խաղաւարտ ունեցող, կամ քոսոտ, կամ որքիւնոտ եղողներէն Տէրոջ մի՛ մատուցանէք, ո՛չ ալ ասոնցմէ սեղանին վրայ դրէք՝ Տէրոջ պատարագի համար։
23Իր անդամներուն մէջ աւելորդ կամ պակաս բան մը ունեցող արջառը կամ ոչխարը կրնաս ընծայել յօժարակամ ընծայի համար, սակայն ան պիտի չընդունուի ուխտի համար։
24Ամորձիքը 7ճմլուածը, կամ 8ճզմուածը, կամ փրցուածը, կամ կտրուածը մի՛ մատուցանէք Տէրոջ, ու ձեր երկրին մէջ մի՛ ընէք ասիկա։
25Ասոնցմէ որեւէ մէկը օտարաազգիի մը ձեռքէն ալ ձեր Աստուծոյն 9պատարագ մի՛ մատուցանէք, որովհետեւ անոնց մէջ ապականութիւն եւ արատներ կան. անոնք ընդունելի պիտի չըլլան ձեզի համար»։
26Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
27«Երբ արջառ կամ ոչխար կամ այծ ծնի, եօթը օր իր մօր քով թող մնայ. ութերորդ օրը եւ անկէ ետք Տէրոջ ընդունելի պիտի ըլլայ պատարագի մատաղի համար։
28Կովը կամ ոչխարը իր ձագին հետ մէկ օրուան մէջ մի՛ մորթէք։
29Երբ շնորհակալութեան զոհ մատուցանէք Տէրոջ, ա՛յնպէս մատուցանեցէք՝ որ ընդունելի ըլլայ ձեզի համար։
30Ան թող ուտուի նո՛յն օրը, անկէ մինչեւ առտու մի՛ թողուք. ե՛ս եմ Տէրը։
31Ուստի իմ պատուիրաններս պահեցէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէ՛ք. ե՛ս եմ Տէրը։
32Եւ իմ սուրբ անունս մի՛ պղծէք, որպէսզի ես սուրբ ըլլամ Իսրայէլի որդիներուն մէջ։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ որ ձեզ կը սրբացնեմ,
33որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ ձեզի Աստուած ըլլալու համար. ե՛ս եմ Տէրը»։