Leviticus 23
Exodus « Leviticus 22 ‹ Leviticus 23 › Leviticus 24 » Numbers
ԿՐՕՆԱԿԱՆ ՏՕՆԵՐԸ
1Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Ահա՛ւասիկ Տէրոջ 1հանդիսաւոր տօները՝՝, սուրբ ժողովները՝ որ պիտի գումարէք. իմ հանդիսաւոր տօներս հետեւեալներն են.—
3վե՛ց օր գործ ըրէք, բայց եօթներորդ օրը՝ հանգիստի Շաբաթը՝ սուրբ ժողով է. ո՛չ մէկ գործ ըրէք, Տէրոջ Շաբաթն է ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ”»։
ԲԱՂԱՐՋԱԿԵՐՔԻ ՏՕՆԸ (Թիւ. 28. 16-25)
4«Ահա՛ւասիկ Տէրոջ հանդիսաւոր տօները, սուրբ ժողովները՝ որ իրենց սահմանուած ատենին պիտի գումարէք.—
5առաջին ամսուան տասնչորրորդ օրը՝ իրիկուան դէմ՝ Տէրոջ Զատիկն է,
6եւ նոյն ամսուան տասնհինգերորդ օրը՝ Տէրոջ Բաղարջակերքի տօնն է. եօ՛թը օր բաղարջ կերէք։
7Առաջին օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։
8Եօթը օր պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ. եօթներորդ օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք»։
9Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
10«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. “Երբ մտնէք այն երկիրը՝ որ ձեզի պիտի տամ, եւ անոր հունձքը հնձէք, ձեր հունձքին 2երախայրիքէն որա՛յ մը բերէք քահանային.
11ան ալ Տէրոջ առջեւ թող երերցնէ որան, որպէսզի ձեզի համար ընդունելի ըլլայ. քահանան Շաբաթին հետեւեալ օրը թող երերցնէ զայն։
12Այդ օրը՝ երբ որան երերցնէք, ողջակէզի համար մէկ տարեկան անարատ գա՛ռ մը ընծայեցէք Տէրոջ։
13Անոր հացի ընծան՝ իւղով շաղուած երկու տասներորդ նաշիհ թող ըլլայ — ասիկա անուշահոտ պատարագի համար է Տէրոջ —, եւ անոր թափելիք նուէրը՝ քառորդ հիմէն գինի։
14Ո՛չ հաց, ո՛չ բոհրած ցորեն, ո՛չ ալ թարմ հասկեր կերէք մինչեւ այն օրը՝ երբ ձեր Աստուծոյն մատաղը մատուցանէք. ասիկա յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ՝ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ”»։
ՀՈՒՆՁՔԻ ՏՕՆԸ (Թիւ. 28. 26-31)
15«Շաբաթին հետեւեալ օրէն — այսինքն այն օրէն՝ երբ դուք նուիրումի որան բերիք — լման եօ՛թը Շաբաթ հաշուեցէք.
16մինչեւ եօթներորդ Շաբաթին հետեւեալ օրը՝ յիսո՛ւն օր հաշուեցէք, եւ նո՛ր հացի ընծայ մը մատուցանեցէք Տէրոջ։
17Ձեր բնակարաններէն՝ երերցնելիք ընծայի համար երկո՛ւ հաց բերէք. երկու տասներորդ նաշիհէ թող ըլլան. 3թթխմորո՛վ եփեցէք զանոնք. ասիկա Տէրոջ Երախայրիքն է։
18Նաեւ հացին հետ՝ մէկ տարեկան եօ՛թը անարատ գառ, արջառներէն մէ՛կ զուարակ, ու երկո՛ւ խոյ մատուցանեցէք Տէրոջ. անոնք ողջակէզ եւ անուշահոտ պատարագ պիտի ըլլան Տէրոջ՝ հացի ընծաներուն ու թափելիք նուէրներուն հետ։
19Մեղքի պատարագի համար՝ այծերէն մէ՛կ նոխազ, եւ խաղաղութեան զոհի համար՝ մէկ տարեկան երկո՛ւ գառ մատուցանեցէք։
20Քահանան զանոնք թող երերցնէ երախայրիքի հացին հետ՝ իբր երերցնելիք ընծայ Տէրոջ առջեւ, երկու գառներուն հետ. անոնք սուրբ պիտի ըլլան Տէրոջ՝ քահանային համար։
21Այդ նոյն օրը սո՛ւրբ ժողով մը գումարեցէք ձեզի. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք. ասիկա յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ՝ ձեր սերունդներուն մէջ։
22Երբ ձեր երկրին հունձքը հնձէք, արտիդ եզերքը ամբողջովին մի՛ հնձեր, եւ հունձքէդ մնացած հասկերը մի՛ քաղեր. զանոնք թո՛ղ դժբախտին ու գաղթականին. ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
ՓՈՂ ՀՆՉԵՑՆԵԼՈՒ ՕՐԸ (Թիւ. 29. 1-6)
23Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
24«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը ձեզի հանգիստի օր, 4Փող հնչեցնելու՝՝ յիշատակ, սուրբ ժողով թող ըլլայ։
25Ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք, հապա պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ»։
ՔԱՒՈՒԹԵԱՆ ՕՐԸ (Թիւ. 29. 7-11)
26Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
27«Նաեւ այս եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը Քաւութեան օր է. սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք ձեզի, 5խոնարհեցուցէ՛ք ձեր անձերը ու պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ։
28Այդ նոյն օրը ո՛չ մէկ գործ ըրէք, որովհետեւ Քաւութեան օր է, Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ ձեզի համար քաւութիւն ընելու.
29արդարեւ այն անձը՝ որ այդ նոյն օրը չխոնարհի, իր ժողովուրդին մէջէն պիտի բնաջնջուի,
30եւ այն անձը՝ որ այդ նոյն օրը գործ մը ընէ, այդ անձը իր ժողովուրդին մէջէն պիտի կորսնցնեմ։
31Ո՛չ մէկ գործ ըրէք. ասիկա յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ՝ ձեր բոլոր բնակութիւններուն մէջ։
32Ասիկա ձեզի հանգիստի Շաբաթ թող ըլլայ, ու խոնարհեցուցէ՛ք ձեր անձերը։ Ամսուան իններորդ օրուան իրիկունը՝ ձեր Շաբա՛թը պահեցէք, իրիկունէ մինչեւ իրիկուն»։
ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ (Թիւ. 29. 12-40)
33Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
34«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛. “Այս եօթներորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը՝ Տէրոջ Տաղաւարներու տօնն է. եօթը օր կը տեւէ։
35Առաջին օրը սո՛ւրբ ժողով գումարեցէք. ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։
36Եօթը օր պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ. ութերորդ օրը՝ տօնախմբութիւն պիտի ըլլայ ձեզի, եւ պատարա՛գ մատուցանեցէք Տէրոջ։ Ան տօնախմբութեան օր է, ո՛չ մէկ ծառայական գործ ըրէք։
37Ասո՛նք են Տէրոջ հանդիսաւոր տօները, սուրբ ժողովները՝ որ պիտի գումարէք, որպէսզի պատարագ, այսինքն՝ ողջակէզ ու հացի ընծայ, զոհ եւ թափելիք նուէրներ մատուցանէք Տէրոջ՝ ամէն ինչ իր սահմանուած օրը,
38Տէրոջ Շաբաթներէն զատ, ձեր պարգեւներէն զատ, ձեր բոլոր ուխտերէն զատ ու ձեր բոլոր յօժարակամ ընծաներէն զատ՝ որ Տէրոջ կու տաք։
39Նաեւ՝ եօթներորդ ամսուան տասնհինգերորդ օրը, երբ երկրի բերքը ժողված ըլլաք, եօ՛թը օր տօն կատարեցէք Տէրոջ. առաջին օրը հանգիստ թող ըլլայ, եւ ութերորդ օրը հանգիստ թող ըլլայ։
40Առաջին օրը ձեզի վայելուչ ծառերու պտուղ, արմաւենիի ճիւղեր, տերեւախիտ ծառերու ոստեր ու վտակի ուռիներու ոստեր առէ՛ք, եւ Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն առջեւ եօ՛թը օր ուրախացէք։
41Այս տօնը տարին եօ՛թը օր կատարեցէք Տէրոջ. ան յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ. եօթներո՛րդ ամսուան մէջ կատարեցէք զայն։
42Եօթը օր տաղաւարներո՛ւ մէջ բնակեցէք. բոլոր իսրայելացի բնիկները տաղաւարներո՛ւ մէջ թող բնակին,
43որպէսզի ձեր սերունդները գիտնան թէ երբ Իսրայէլի որդիները Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ տաղաւարներու մէջ բնակեցուցի զանոնք։ Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը”»։
44Այսպէս՝ Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ թէ որո՛նք են Տէրոջ հանդիսաւոր տօները։