Loading...

Leviticus 24

Exodus  «  Leviticus 23  ‹  Leviticus 24  ›  Leviticus 25  »  Numbers


ՃՐԱԳՆԵՐՈՒՆ ՀՈԳԱԾՈՒԹԻՒՆԸ (Ելք. 27. 20-21)

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Պատուիրէ՛ Իսրայէլի որդիներուն, որ քեզի ծեծուած զուտ ձէթ բերեն՝ լուսակալին համար, որպէսզի ճրագը շարունակ վառի։

3

Ահարոն թող զետեղէ զայն՝ Հանդիպումի վրանին մէջ, Վկայութեան վարագոյրէն դուրս, որ շարունակ վառի Տէրոջ առջեւ՝ իրիկուընէ մինչեւ առտու։ Ասիկա յաւիտենական կանոն թող ըլլայ ձեր սերունդներուն մէջ։

4

Ճրագները թող զետեղէ զուտ ոսկիէ աշտանակին վրայ՝ որ շարունակ վառին Տէրոջ առջեւ»։


ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՄԱՏՈՒՑԱՆՈՒԱԾ ՀԱՑԸ

5

«Նո՛ւրբ ալիւր առ եւ անով տասներկո՛ւ կարկանդակ եփէ. ամէն մէկ կարկանդակը երկու տասներորդ թող ըլլայ։

6

Զանոնք Տէրոջ առջեւ՝ մաքուր սեղանին վրայ՝ երկո՛ւ կարգով դիր, իւրաքանչիւր կարգի վրայ՝ վեց հատ։

7

Ամէն կարգի վրայ զո՛ւտ կնդրուկ դիր, որպէսզի հացին վրայ իբր յիշատակ ըլլայ, իբր պատարագ Տէրոջ։

8

Ամէն Շաբաթ օր Տէրոջ առջեւ թող զետեղէ զայն՝ շարունակ, Իսրայէլի որդիներէն առնելով յաւիտենական ուխտով։

9

Ան Ահարոնի եւ անոր որդիներուն պիտի ըլլայ. սուրբ տեղը թող ուտեն զայն, որովհետեւ ան ամենասուրբ է անոր, Տէրոջ պատարագներէն առնուած յաւիտենական կանոնով»։


ԱՐԴԱՐ ԵՒ ՈՒՂԻՂ ՊԱՏԻԺԻ ՕՐԻՆԱԿ ՄԸ

10

Իսրայելացի կնոջ մը որդին, որուն հայրը Եգիպտացի էր, դուրս ելաւ՝ Իսրայէլի որդիներուն մէջ. այդ իսրայելացի կնոջ որդին ու իսրայելացի մարդ մը կռուեցան բանակավայրին մէջ,

11

եւ այդ իսրայելացի կնոջ որդին հայհոյեց Տէրոջ անունին ու անիծեց. ուստի Մովսէսի բերին զայն։ Անոր մօրը անունը Սողոմիթ էր. Դանի տոհմէն՝ Դաբրիի աղջիկն էր։

12

Բանտարկեցին զայն, սպասելով Տէրոջ յստակ 1հրամանին։

13

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

14

«Բանակավայրէն դո՛ւրս հանէ ա՛ն որ անիծեց, բոլոր լսողները իրենց ձեռքերը թող դնեն անոր գլուխին վրայ, եւ ամբողջ համայնքը թող 2քարկոծէ զայն։

15

Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն՝ ըսելով. “Ո՛վ որ իր Աստուածը անիծէ, իր մեղքը պիտի կրէ։

16

Տէրոջ անունին հայհոյողը անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի, ամբողջ համայնքը անշո՛ւշտ պիտի քարկոծէ զայն. գաղթական ըլլայ թէ բնիկ, Տէրոջ անունին հայհոյողը պիտի մեռցուի։

17

Ո՛վ որ մարդ մը 3սպաննէ, անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

18

Ա՛ն որ անասուն մը 4սպաննէ, թող հատուցանէ.— անասունի փոխարէն՝ անասուն։

19

Եթէ մարդ մը իր դրացիին խեղութիւն պատճառէ, իր ըրածին պէս պիտի ընեն իրեն.—

20

բեկումի տեղ՝ բեկում, աչքի տեղ՝ աչք, ակռայի տեղ՝ ակռայ. ինչպէս ան մարդու մը խեղութիւն պատճառեց, նոյնպէս պիտի ընեն իրեն։

21

Անասուն 5սպաննողը թող հատուցանէ զայն. բայց մարդ 6սպաննողը պիտի մեռցուի։

22

Մէ՛կ կանոն պիտի ունենաք, թէ՛ գաղթականին համար եւ թէ բնիկին համար. որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը”»։

23

Մովսէս Իսրայէլի որդիներուն ըսաւ՝ որ բանակավայրէն դուրս հանեն ա՛ն որ անիծեց, ու քարկոծեն զայն. եւ Իսրայէլի որդիները Տէրոջ Մովսէսի պատուիրածին համաձայն ըրին։



1 Եբր.՝ բերանին
2 Եբր.՝ քարերով քարկոծէ
3 Եբր.՝ զարնէ
4 Եբր.՝ զարնէ
5 Եբր.՝ զարնողը
6 Եբր.՝ զարնողը