Leviticus 25
Exodus « Leviticus 24 ‹ Leviticus 25 › Leviticus 26 » Numbers
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐԻՆ (Բ. Օր. 15. 1-11)
1Տէրը Սինա լերան վրայ խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.
2«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն ու ըսէ՛ անոնց. “Երբ մտնէք այն երկիրը՝ որ ես ձեզի պիտի տամ, այդ երկիրը հանգիստի Շաբաթ մը թող պահէ՝ Տէրոջ նուիրուած։
3Վե՛ց տարի քու արտդ սերմանէ, վե՛ց տարի քու այգիդ յօտէ եւ անոնց բերքը ժողվէ։
4Բայց եօթներորդ տարին՝ երկրին համար հանգիստի Շաբաթ, այսինքն՝ Տէրոջ համար Շաբաթ թող ըլլայ. արտդ մի՛ սերմաներ ու այգիդ մի՛ յօտեր։
51Արտիդ մէջ ինքնիրմէ բուսածը մի՛ հնձեր, եւ 2չյօտուած այգիիդ խաղողները մի՛ կթեր. ան հանգիստի տարի թող ըլլայ երկրին։
6Երկրին Շաբաթը ձեզ պիտի կերակրէ, քեզ, ծառադ, աղախինդ, վարձկանդ ու քովդ պանդխտացած հիւրդ.
7իսկ անասուններուդ եւ երկրիդ մէջ եղող կենդանիներուն կերակուր պիտի ըլլայ անոր ամբողջ բերքը”»։
ՆՈՐՈԳՈՒՄԻ ՏԱՐԻՆ
8«Տարիներու եօ՛թը Շաբաթ հաշուէ, այսինքն եօթը անգամ եօթը տարի, որ տարիներուն եօթը Շաբաթներուն ժամանակը քեզի քառասունինը տարի ըլլայ։
9Եօթներորդ ամսուան տասներորդ օրը՝ մեծագո՛չ հնչեցուր շեփորը. Քաւութեան օրը՝ ձեր ամբողջ երկրին մէջ հնչեցուցէ՛ք շեփորը։
10Եւ յիսուներորդ տարին սրբացուցէ՛ք ու երկրի վրայ ազատագրութի՛ւն յայտարարեցէք անոր բոլոր բնակիչներուն համար։ Ասիկա ձեզի Յոբելեան պիտի ըլլայ. ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր կալուածին պիտի վերադառնայ, եւ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր գերդաստանին պիտի վերադառնայ։
11Այս յիսուներորդ տարին Յոբելեան թող ըլլայ ձեզի. ո՛չ սերմանեցէք, ո՛չ ալ ինքնիրմէ բուսածը հնձեցէք, եւ ձեր չյօտուած այգիէն մի՛ կթէք,
12որովհետեւ Յոբելեան է։ Ան սուրբ պիտի ըլլայ ձեզի. արտէն պիտի ուտէք անոր բերքը։
13Այս Յոբելեանի տարին՝ ձեզմէ իւրաքանչիւրը իր կալուածին պիտի վերադառնայ։
14Եթէ դրացիիդ բան մը ծախես, կամ դրացիիդ ձեռքէն բան մը գնես, զիրար մի՛ կեղեքէք։
15Յոբելեանէն ետք եղած տարիներուն թիւո՛վ գնէ քու դրացիէդ, ան ալ բերքի տարիներուն թիւո՛վ թող ծախէ քեզի։
16Տարիներուն շատութեա՛ն համեմատ աւելցուր անոր գինը, եւ տարիներուն նուազութեա՛ն համեմատ պակսեցուր անոր գինը. որովհետեւ ան բերքի տարիներուն թիւով կը ծախէ քեզի։
17Ուստի զիրար մի՛ կեղեքէք, այլ Աստուծմէ՛ վախցէք. քանի որ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։
ԵՕԹՆԵՐՈՐԴ ՏԱՐՈՒԱՆ ՀԱՐՑԸ
18«Իմ կանոններս գործադրեցէ՛ք, եւ իմ 3դատավճիռներս պահեցէ՛ք ու զանոնք գործադրեցէ՛ք, որպէսզի այդ երկրին մէջ ապահովութեամբ բնակիք.
19երկիրը իր պտուղը պիտի տայ եւ պիտի ուտէք մինչեւ որ կշտանաք, ու անոր մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
20Եթէ ըսէք. “Եօթներորդ տարին ի՞նչ պիտի ուտենք, քանի պիտի չսերմանենք ու մեր բերքը չժողվենք”,
21վեցերորդ տարին ձեր վրայ պիտի 4ղրկեմ իմ օրհնութիւնս, ու երեք տարուան բերք պիտի տայ.
22ութերորդ տարին պիտի սերմանէք, եւ հին բերքէն պիտի ուտէք մինչեւ իններորդ տարին. մինչեւ անոր բերքին հասնիլը՝ հինէն պիտի ուտէք»։
ԿԱԼՈՒԱԾՆԵՐՈՒ ՆՈՐՈԳՈՒՄԸ
23«Հողերը մշտնջենապէս պիտի չծախուին, որովհետեւ երկիրը իմս է, ու դուք իմ քովս պանդուխտներ եւ հիւրեր էք։
24Ձեր կալուածը եղող ամբողջ երկրին մէջ՝ փրկելու առիթ պիտի տաք հողերուն համար։
25Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ եւ իր կալուածին մէկ մասը ծախէ, զայն փրկելու իրաւունք ունեցողը, այսինքն՝ անոր ամենամօտ մերձաւորը, թող գայ եւ իր եղբօր ծախածը փրկէ։
26Եթէ մարդը ո՛չ մէկը ունենայ՝ զայն փրկելու, բայց 5ինք անձամբ՝՝ կարողանայ անոր փրկագինը տալ,
27անոր ծախուելէն ի վեր անցած տարիները թող հաշուէ եւ աւելցածը վերադարձնէ այն մարդուն՝ որուն ծախած էր զայն, որ իր կալուածին վերադառնայ։
28Իսկ եթէ անոր վերադարձնելու կարող չէ, ծախուած բանը զայն գնողին ձեռքը թող մնայ մինչեւ Յոբելեանի տարին. Յոբելեանին՝ ան 6պիտի փրկուի՝՝, ու ծախողը իր կալուածին պիտի վերադառնայ։
29Եթէ մէկը պարսպապատ քաղաքի մը մէջ բնակութեան տուն մը ծախէ, անոր ծախուելէն մինչեւ լման տարի մը ետք կրնայ փրկագին տալ անոր. ամբողջ տարուան մը մէջ կրնայ փրկագին տալ անոր։
30Եթէ լման տարուան մը ընթացքին չփրկուի, պարսպապատ քաղաքին մէջ եղող տունը մշտնջենապէս գնողին պիտի 7մնայ՝ իր սերունդներուն մէջ։ Յոբելեանին այդ տունը 8պիտի չփրկուի՝՝։
31Բայց իրենց շուրջը պարիսպ չունեցող աւաններուն տուները՝ երկրին արտերուն պէս պիտի սեպուին. անոնք կրնան փրկուիլ, եւ Յոբելեանին 9պիտի փրկուին՝՝։
32Սակայն Ղեւտացիներու քաղաքներուն մէջ — իրենց կալուածը եղող քաղաքներուն մէջ — Ղեւտացիները միշտ կրնան իրենց տուներուն փրկագին տալ։
33Եթէ մէկը Ղեւտացիներէն 10գնէ, 11իր կալուածը եղող քաղաքին մէջ ծախուած տունը՝՝ Յոբելեանին 12պիտի փրկուի՝՝. որովհետեւ Իսրայէլի որդիներուն մէջ՝ Ղեւտացիներու քաղաքներուն տուները իրենց կալուածն են։
34Բայց իրենց քաղաքներու արուարձաններուն արտերը պիտի չծախուին, քանի որ անոնք իրենց յաւիտենական կալուածն են»։
ԱՂՔԱՏՆԵՐՈՒ ՓՈԽԱՏՈՒՈՒԹԻՒՆԸ
35«Եթէ քու եղբայրդ աղքատանայ ու իր ձեռքը քովդ դողայ, օգնէ՛ անոր գաղթականի եւ հիւրի պէս, որպէսզի քովդ ողջ մնայ։
36Անկէ վաշխ ու տոկոս մի՛ առներ, հապա քու Աստուծմէ՛դ վախցիր, որպէսզի եղբայրդ քովդ ողջ մնայ։
37Դրամդ վաշխով մի՛ տար անոր, եւ պարէնդ տոկոսով մի՛ տար։
38Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ Քանանի երկիրը ձեզի տալու համար ու ձեզի Աստուած ըլլալու համար»։
ԳԵՐԻՆԵՐՈՒ ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄԸ
39«Եթէ քու եղբայրդ քովդ աղքատանայ եւ ինքզինք քեզի ծախէ, զայն ստրուկի մը պէս մի՛ ծառայեցներ.
40ան քովդ վարձկանի կամ հիւրի պէս թող ըլլայ, ու ծառայէ քեզի մինչեւ Յոբելեանի տարին։
41Այն ատեն քովէդ դուրս պիտի ելլէ, ինք եւ իր որդիները իրեն հետ, ու իր գերդաստանին վերադառնայ. իր հայրերուն կալուածը պիտի վերադառնայ։
42Արդարեւ անոնք ի՛մ ծառաներս են, որ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի. անոնք ստրուկի պէս պիտի չծախուին։
43Բրտութեամբ մի՛ տիրապետեր անոր վրայ, հապա քու Աստուծմէ՛դ վախցիր։
44Քու ստրուկդ եւ աղախինդ՝ որ պիտի ունենաս՝ ձեր շրջակայ ազգերէն ըլլան. անոնցմէ՛ ստրուկ եւ աղախին գնեցէք։
45Նաեւ գնեցէ՛ք ձեր քով պանդխտացող հիւրերուն որդիներէն — անոնցմէ, կամ ձեր քով եղող անոնց գերդաստաններուն որդիներէն՝ որ անոնք ձեր երկրին մէջ պիտի ծնանին —, որպէսզի ձեր սեփականութիւնը ըլլան։
46Ձեզմէ ետք ձեր որդիներուն ժառանգութի՛ւն թողուցէք զանոնք՝ որ տիրանան անոնց իբր սեփականութիւն, որպէսզի յաւիտեան ձեր ստրուկները ըլլան. բայց ինչ կը վերաբերի ձեր եղբայրներուն՝ Իսրայէլի որդիներուն, իրարու վրայ բրտութեամբ մի՛ տիրապետէք։
47Եթէ քովդ եղող գաղթականը կամ հիւրը հարստանայ, իսկ անոր քով բնակող քու եղբայրդ աղքատանայ եւ ինքզինք ծախէ քովդ հիւր եղած գաղթականին, կամ այդ գաղթականին գերդաստանէն սերողի մը,
48ինքզինք ծախելէն ետք ան կրնայ փրկուիլ։ Իր եղբայրներէն մէկը կրնայ փրկել զայն.
49իր հօրեղբայրը կամ հօրեղբօրորդին կրնայ փրկել զայն, կամ իր գերդաստանէն 13ամենամօտ արենակից մը կրնայ փրկել զայն. կամ եթէ իր կարողութիւնը կը հասնի, ինքզինք կրնայ փրկել։
50Զինք գնողին հետ թող հաշուէ՝ ինքզինք անոր ծախած տարիէն մինչեւ Յոբելեանի տարին, եւ իր 14փրկուելուն դրամը տարիներուն թիւով թող ըլլայ. անոր քով վարձկանի ժամանակին համեմատ թող ըլլայ։
51Եթէ տակաւին շատ տարիներ կան, անոնց թիւին համեմատ թող վերադարձնէ իր փրկագինը՝ իր ծախուելու դրամէն.
52իսկ եթէ Յոբելեանի տարիին քիչ տարի մնացած է, անոր հետ թող հաշուէ ու իր տարիներուն թիւին համեմատ թող վերադարձնէ իր փրկագինը։
53Ինք անոր քով տարեկան վարձկանի պէս թող ըլլայ. գնողն ալ բրտութեամբ թող չտիրապետէ անոր վրայ՝ քու 15առջեւդ։
54Եթէ այս կերպերով չփրկուի, Յոբելեանի տարին դուրս պիտի ելլէ, ինք եւ իր որդիները իրեն հետ։
55Արդարեւ Իսրայէլի որդիները իմ ծառաներս են. անոնք Եգիպտոսի երկրէն իմ հանած ծառաներս են. ես՛ եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը»։