Leviticus 26
Exodus « Leviticus 25 ‹ Leviticus 26 › Leviticus 27 » Numbers
ՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՕՐՀՆՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ (Բ. Օր. 7. 12-24, 28. 1-14)
1«Դուք ձեզի չաստուածներ ու 1կուռքեր մի՛ շինէք, ձեզի արձաններ մի՛ կանգնեցնէք եւ ձեր երկրին մէջ պատկերազարդ կոթող մի՛ դնէք՝ անոր երկրպագելու համար. որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը։
2Իմ Շաբաթներս պահեցէ՛ք ու սրբարանս յարգեցէ՛ք. ե՛ս եմ Տէրը։
3Եթէ իմ կանոններովս ընթանաք եւ պատուիրաններս պահէք ու զանոնք գործադրէք,
4ես ալ ձեզի տեղատարափը ատենին պիտի տամ, գետինը իր արգասիքը պիտի տայ եւ դաշտին ծառերը իրենց պտուղը պիտի տան։
5Ձեր կամնելը մինչեւ այգեկութը պիտի հասնի, ու այգեկութը մինչեւ սերմանելու ժամանակը պիտի հասնի. ձեր հացը կուշտ պիտի ուտէք եւ ձեր երկրին մէջ ապահովութեամբ պիտի բնակիք։
6Խաղաղութիւն պիտի տամ երկրին. հանգիստ պիտի պառկիք ու ո՛չ մէկը ձեզ պիտի դողացնէ. երկրին չար գազանները պիտի 2հատցնեմ, եւ ձեր երկրէն սուր պիտի չանցնի։
7Ձեր թշնամիները պիտի հալածէք, եւ անոնք սուրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
8Ձեզմէ հինգը՝ հարիւր հոգի պիտի հալածէ, ձեզմէ հարիւրը՝ տասը հազար պիտի հալածէ, ու ձեր թշնամիները սուրով պիտի իյնան ձեր առջեւ։
9Ձեզի 3ուշադրութիւն պիտի դարձնեմ, ձեզ պիտի աճեցնեմ եւ բազմացնեմ, ու ձեզի հետ իմ ուխտս պիտի հաստատեմ։
10Հին պաշարը պիտի ուտէք, եւ 4նորը տեղաւորելու համար՝՝ հինը դուրս պիտի հանէք։
11Իմ խորանս ձեր մէջ պիտի դնեմ, եւ իմ անձս ձեզմէ պիտի չզզուի։
12Ձեր մէջ պիտի շրջիմ ու ձեր Աստուածը ըլլամ, դուք ալ իմ ժողովուրդս պիտի ըլլաք։
13Ե՛ս եմ Տէրը՝ ձեր Աստուածը, որ ձեզ Եգիպտոսի երկրէն հանեցի, որպէսզի անոնց ստրուկ չըլլաք. ձեր լուծին կապերը կոտրեցի եւ ձեզ բարձրագլուխ քալեցուցի»։
ԱՆՀՆԱԶԱՆԴՈՒԹԵԱՆ ՊԱՏԻԺԸ (Բ. Օր. 28. 15-68)
14«Բայց եթէ ինծի մտիկ չընէք եւ այս բոլոր պատուիրանները չգործադրէք,
15իմ կանոններս անարգէք ու ձեր անձը իմ 5դատավճիռներէս զզուի, այնպէս որ իմ բոլոր պատուիրաններս չգործադրէք եւ իմ ուխտս խզէք,
16ես ալ ձեզի սա՛ պիտի ընեմ.— ձեր վրայ աչք սպառող եւ 6սիրտ մարեցնող արհաւիրք, ծիւրախտ ու տենդախտ պիտի ղրկեմ. ձեր սերմը պարապ տեղը պիտի ցանէք, որովհետեւ ձեր թշնամինե՛րը պիտի ուտեն զայն։
17Իմ երեսս ձեր դէմ պիտի դարձնեմ, ու ձեր թշնամիներուն առջեւ պիտի սպաննուիք. ձեզ ատողները պիտի տիրապետեն ձեր վրայ, եւ առանց հալածողի պիտի փախչիք։
18Եթէ ասոնցմէ ետք ալ ինծի մտիկ չընէք, ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ աւելի պիտի պատժեմ։
19Ձեր զօրութեան ամբարտաւանութիւնը պիտի կոտրեմ. ձեր երկինքը երկաթի պէս պիտի ընեմ, ու ձեր երկիրը՝ պղինձի պէս։
20Ձեր ոյժը պարապ տեղը պիտի հատնի. ձեր գետինը իր արգասիքը պիտի չտայ, եւ երկրին ծառերը իրենց պտուղը պիտի չտան։
21Եթէ դուք ինծի հակառակիք ու չուզէք ինծի մտիկ ընել, ձեր մեղքերուն համեմատ եօթնապատիկ աւելի պատուհաս պիտի բերեմ ձեր վրայ։
22Ձեր վրայ դաշտի գազաններ պիտի ղրկեմ, որոնք ձեր զաւակները պիտի յափշտակեն, ձեր անասունները պիտի կոտորեն, ձեր թիւը պիտի պակսեցնեն, եւ ձեր ճամբաները պիտի ամայանան։
23Եթէ ասոնցմով ալ ինձմէ չխրատուիք ու ինծի հակառակիք,
24ե՛ս ալ ձեզի պիտի հակառակիմ, ե՛ս ալ ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ պիտի պատժեմ։
25Ձեր վրայ ուխտիս վրէժը առնող սուրը պիտի ղրկեմ. երբ ձեր քաղաքներուն մէջ հաւաքուիք, ձեր մէջ ժանտախտ պիտի ղրկեմ եւ թշնամիին ձեռքը պիտի մատնուիք։
26Երբ 7ձեր հացին գաւազանը կոտրեմ՝՝, տասը կին մէկ փուռի մէջ ձեր հացը պիտի եփեն, ու ձեր հացը կշիռով պիտի վերադարձուի ձեզի. պիտի ուտէք, բայց պիտի չկշտանաք։
27Եթէ ասոնցմէ ետք ալ ինծի մտիկ չընէք, հապա ինծի հակառակիք,
28ե՛ս ալ ձեզի պիտի հակառակիմ ցասումով, եւ ձեր մեղքերուն համար ձեզ եօթնապատիկ պիտի պատժեմ։
29Ձեր որդիներուն միսը պիտի ուտէք, ու ձեր աղջիկներուն միսը պիտի ուտէք։
30Ձեր բարձր տեղերը պիտի փլցնեմ, ձեր արեւի սիւնարձանները կոտրտեմ, ձեր դիակները ձեր չաստուածներուն դիակներուն վրայ պիտի դնեմ, եւ իմ անձս ձեզմէ պիտի զզուի։
31Ձեր քաղաքները աւերակ պիտի ընեմ, ձեր սրբարանները պիտի ամայացնեմ, ու ձեր անոյշ հոտերուն բուրմունքը պիտի չհոտոտեմ։
32Երկիրը պիտի ամայացնեմ, որպէսզի հոն բնակող ձեր թշնամիները ապշին անոր վրայ։
33Ձեզ 8հեթանոսներուն մէջ պիտի ցրուեմ, եւ ձեր ետեւէն սուր պիտի քաշեմ. ձեր երկիրը պիտի ամայանայ ու ձեր քաղաքները աւերակ պիտի ըլլան։
34Ա՛յն ատեն երկիրը իր Շաբաթները պիտի վայելէ՝ որքան ժամանակ որ ամայացած ըլլայ, երբ դուք ձեր թշնամիներուն երկրին մէջ ըլլաք. ա՛յն ատեն երկիրը պիտի հանգստանայ եւ իր Շաբաթները վայելէ։
35Որքան ժամանակ որ ամայացած ըլլայ՝ պիտի հանգստանայ, որովհետեւ ձեր Շաբաթներուն մէջ չէր հանգստանար՝ երբ անոր վրայ կը բնակէիք։
36Ձեզմէ ողջ մնացածներուն սիրտին երկչոտութիւն պիտի բերեմ իրենց թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. հովէն քշուած տերեւի մը ձայնը պիտի հալածէ զանոնք, սուրի առջեւէն փախչելու պէս պիտի փախչին եւ առանց հալածողի պիտի իյնան։
37Իրարու վրայ պիտի 9իյնան՝ սուրի առջեւէն փախչելու պէս, առանց հալածողի, ու պիտի չկարենաք ձեր թշնամիներուն առջեւ կայնիլ։
38Հեթանոսներուն մէջ պիտի կորսուիք, եւ ձեր թշնամիներուն երկիրը ձեզ պիտի ուտէ։
39Ձեզմէ մնացածները իրենց անօրէնութեամբ պիտի մաշին ձեր թշնամիներուն երկիրներուն մէջ. նաեւ իրենց հայրերուն անօրէնութիւններով միասին պիտի մաշին։
40Եթէ խոստովանին իրենց անօրէնութիւնն ու իրենց հայրերուն անօրէնութիւնը՝ ինծի հանդէպ իրենց ըրած ուխտազանցութիւններով միասին, եւ իրենց ինծի հակառակիլը,
41նաեւ իմ անոնց հակառակիլս ու զանոնք իրենց թշնամիներուն երկիրը բերելս. եթէ այն ատեն իրենց անթլփատ սիրտը խոնարհի, եւ այն ատեն իրենց անօրէնութեան պատիժին յօժարին,
42պիտի յիշեմ Յակոբի հետ կնքած ուխտս, նաեւ Իսահակի հետ կնքած ուխտս. Աբրահամի հետ կնքած ուխտս ալ պիտի յիշեմ, ու այդ երկիրն ալ պիտի յիշեմ։
43Արդարեւ այդ երկիրը պիտի լքուի անոնցմէ եւ իր Շաբաթները պիտի վայելէ, որքան ժամանակ որ ամայացած ըլլայ՝ առանց անոնց. անոնք իրենց անօրէնութեան պատիժին պիտի յօժարին, որովհետեւ իմ դատավճիռներս անարգեցին եւ անոնց անձերը իմ կանոններէս զզուեցան։
44Ասոնցմէ ետք ալ, երբ իրենց թշնամիներուն երկիրը ըլլան, զանոնք պիտի չմերժեմ ու անոնցմէ պիտի չզզուիմ՝ զանոնք սպառելու եւ անոնց հետ կնքած ուխտս խզելու չափ. որովհետեւ ե՛ս եմ Տէրը՝ անոնց Աստուածը։
45Հապա անոնց սիրոյն համար պիտի յիշեմ իրենց նախնիքներուն ուխտը, որոնք Եգիպտոսի երկրէն հանեցի՝ հեթանոսներուն 10առջեւ անոնց Աստուած ըլլալու համար։ Ե՛ս եմ Տէրը»։
46Ասո՛նք են այն կանոնները, դատավճիռներն ու օրէնքները, որ Տէրը 11հաստատեց իր եւ Իսրայէլի որդիներուն միջեւ՝ Սինա լերան վրայ, Մովսէսի 12միջոցով։