Loading...

Leviticus 27

Exodus  «  Leviticus 26  ‹  Leviticus 27  ›  Numbers 1  »  Numbers


ՕՐԷՆՔՆԵՐ՝ ԱՍՏՈՒԾՈՅ ՆՈՒԷՐՆԵՐՈՒՆ ՄԱՍԻՆ

1

Տէրը խօսեցաւ Մովսէսի՝ ըսելով.

2

«Խօսէ՛ Իսրայէլի որդիներուն եւ ըսէ՛ անոնց. “Երբ մէկը զանազան ուխտեր ընէ, անձերը Տէրոջ թող ըլլան քու գնահատումիդ համեմատ”։

3

Գնահատումդ սա՛պէս թող ըլլայ.— քսան տարեկանէն մինչեւ վաթսուն տարեկան եղող արուին գնահատումդ յիսուն սիկղ արծաթ թող ըլլայ՝ սրբարանի սիկղին համեմատ.

4

եթէ էգ է, գնահատումդ երեսուն սիկղ ըլլայ։

5

Եթէ հինգ տարեկանէն մինչեւ քսան տարեկան է, արուին համար գնահատումդ քսան սիկղ թող ըլլայ, իսկ էգին համար՝ տասը սիկղ։

6

Եթէ մէկ ամսականէն մինչեւ հինգ տարեկան է, արուին համար գնահատումդ հինգ սիկղ արծաթ թող ըլլայ, իսկ էգին համար գնահատումդ՝ երեք սիկղ արծաթ։

7

Եթէ վաթսուն տարեկանէն վեր է, արուին համար գնահատումդ տասնհինգ սիկղ թող ըլլայ, իսկ էգին համար՝ տասը սիկղ։

8

Բայց եթէ 1գնահատումդ անոր կարողութենէն վեր է՝՝, ան քահանային առջեւ թող կենայ եւ քահանա՛ն թող գնահատէ զայն։ Քահանան ուխտ ընողին 2կարողութեան համեմատ թող գնահատէ զայն։

9

Եթէ իր ուխտը Տէրոջ մատաղ մատուցանուելու անասուններէն է, անոնցմէ ինչ որ Տէրոջ տայ՝ սուրբ պիտի ըլլայ

10

Թող չփոխէ զայն, ո՛չ ալ փոխանակէ լաւը՝ վատին հետ, կամ վատը լաւին հետ. իսկ եթէ երբեք անասուն մը փոխանակէ անասունի հետ, այդ ընծայուածը եւ անոր հետ փոխանակուածը սուրբ պիտի ըլլան։

11

Եթէ իր ուխտը անմաքուր անասուններէն է՝ որոնցմէ Տէրոջ մատաղ չեն մատուցաներ, քահանային առջեւ թող կեցնէ այդ անասունը,

12

ու քահանա՛ն թող գնահատէ զայն՝ իբր լաւ կամ վատ. ինչպէս գնահատես, ո՛վ քահանայ, ա՛յդպէս թող ըլլայ։

13

Իսկ եթէ երբեք զայն փրկէ, գնահատումիդ վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ։

14

Երբ մէկը իր տունը 3ընծայէ՝ Տէրոջ սուրբ ըլլալու համար, քահանան թող գնահատէ զայն՝ իբր լաւ կամ վատ. ինչպէս քահանան զայն գնահատէ, ա՛յդպէս թող հաստատուի։

15

Եթէ զայն ընծայողը ուզէ իր տունը փրկել, գնահատումիդ դրամին վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ, որ տունը իրը ըլլայ։

16

Եթէ մէկը իր կալուածը եղող արտէն մաս մը ընծայէ Տէրոջ, գնահատումդ անոր սերմին համեմատ թող ըլլայ. մէկ քոռ գարիի սերմին համար՝ յիսուն սիկղ արծաթ ըլլայ։

17

Եթէ իր արտը Յոբելեանի տարիէն սկսեալ ընծայէ, գնահատումիդ համեմատ թող հաստատուի։

18

Եթէ իր արտը Յոբելեանէն ետք ընծայէ, քահանան անոր հետ թող հաշուէ դրամը՝ մինչեւ Յոբելեանի տարին մնացած տարիներուն համեմատ, ու գնահատումէդ թող պակսեցնէ։

19

Իսկ եթէ երբեք արտը ընծայողը ուզէ զայն փրկել, գնահատումիդ դրամին վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ, որ այդ արտը իբր իրը հաստատուի։

20

Եթէ արտը չփրկէ, կամ արտը ուրիշի մը ծախէ, ա՛լ ան դարձեալ պիտի չփրկուի։

21

Հապա երբ արտը Յոբելեանին 4փրկուի, նուիրուած արտի պէս սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջ. ան քահանային կալուածը պիտի ըլլայ։

22

Եթէ մէկը Տէրոջ ընծայէ իր գնած արտը՝ որ իր կալուածին արտերէն չէ,

23

քահանան անոր հետ թող հաշուէ գնահատումիդ արժէքը՝ մինչեւ Յոբելեանի տարին, եւ գնահատումիդ արժէքը ա՛յդ օրը թող տայ Տէրոջ՝ սուրբ բանի պէս։

24

Յոբելեանի տարին, արտը պիտի վերադառնայ անոր՝ որմէ գնուած էր, այսինքն անոր՝ որուն կալուածն էր գետինը։

25

Քու բոլոր գնահատումներդ սրբարանի սիկղին համեմատ թող ըլլան. սիկղը քսան կերատ է։

26

Միայն թէ ո՛չ մէկը թող ընծայէ անասուններուն առջինեկը, որ արդէն Տէրոջն է իբր ամենէն առաջ ծնած. եզ ըլլայ թէ ոչխար, ան Տէրոջն է։

27

Եթէ անմաքուր անասուններէն է, գնահատումիդ համեմատ թող փրկէ զայն, անոր վրայ մէկ հինգերորդը աւելցնելով. եթէ չփրկուի՝ գնահատումիդ համեմատ թող ծախուի։

28

Բայց ո՛չ մէկ նուէր, որ մէկը Տէրոջ նուիրած է իր ամբողջ ունեցածէն — մարդոցմէն, անասուններէն եւ իր կալուածը եղող արտէն —, պիտի ծախուի կամ փրկուի. ամէն նուէր ամենասուրբ է Տէրոջ։

29

Մարդոց մէջէն նուիրուած ո՛չ մէկ նուէր պիտի փրկուի, հապա անշո՛ւշտ պիտի մեռցուի։

30

Երկրին ամբողջ տասանորդը՝ թէ՛ երկրին հունտերէն, թէ՛ ծառերուն պտուղէն՝ Տէրոջն է. ան սուրբ է Տէրոջ։

31

Եթէ երբեք մէկը ուզէ իր տասանորդներէն մաս մը փրկել, անոր վրայ մէկ հինգերորդը թող աւելցնէ։

32

Արջառներուն եւ ոչխարներուն ամբողջ տասանորդը, այսինքն գաւազանին տակէն անցնողներուն տասներորդը, սուրբ պիտի ըլլայ Տէրոջ։

33

Անոր լաւ կամ վատ ըլլալը թող չփնտռէ, ո՛չ ալ փոխանակէ զայն. իսկ եթէ երբեք փոխանակէ, ա՛ն ալ, անոր հետ փոխանակուա՛ծն ալ սուրբ պիտի ըլլան, պիտի չփրկուին»։

34

Ասո՛նք են այն պատուիրանները, որ Տէրը հրամայեց Մովսէսի՝ Իսրայէլի որդիներուն համար, Սինա լերան վրայ։



1 Եբր.՝ ան գնահատումէդ աւելի աղքատ է
2 Եբր.՝ ձեռքին հասածին
3 Եբր.՝ սրբացնէ
4 Եբր.՝ դուրս ելլէ