Loading...

Nehemiah 1

Ezra  «  Ezra 10  ‹  Nehemiah 1  ›  Nehemiah 2  »  Esther


ՆԷԵՄԻԱՅԻ ՄՏԱՀՈԳՈՒԹԻՒՆԸ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՀԱՄԱՐ

1

Աքաղիայի որդիին՝ Նէեմիայի խօսքերը.— Քասղեւ ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, երբ ես Շուշան մայրաքաղաքն էի,

2

եղբայրներէս մէկը՝ Անանի 1Հրէաստանէն եկաւ, ինք եւ քանի մը մարդիկ։ Անոնց հարցուցի ազատուած — գերութենէն ճողոպրած — Հրեաներուն ու Երուսաղէմի մասին։

3

Ինծի պատասխանեցին. «Գերութենէն ճողոպրած մնացորդը գաւառին մէջ մեծ ձախորդութեան ու նախատինքի մէջ է. Երուսաղէմի պարիսպը 2քանդուած է, եւ անոր դռները կրակով այրուած են»։

4

Երբ այս խօսքերը լսեցի՝ նստայ, լացի, ու քանի մը օր սգացի։ Ապա ծոմ պահելով երկինքի Աստուծոյն 3աղօթեցի

5

եւ ըսի. «Ո՛վ 4Տէր, երկինքի՛ Աստուած, մեծ ու ահեղ Աստուած, որ ուխտը կը պահես եւ կարեկից կ’ըլլաս քեզ սիրողներուն ու քու պատուիրաններդ պահողներուն. կ’աղերսե՛մ,

6

քու ականջներդ թող ուշադիր ըլլան եւ աչքերդ բաց ըլլան, որպէսզի լսես ծառայիդ աղօթքը, որ ամէն օր՝ ցերեկ ու գիշեր 5քեզի կը մատուցանեմ՝՝, քու ծառաներուդ՝ Իսրայէլի որդիներուն՝ համար, խոստովանելով Իսրայէլի որդիներուն մեղքերը՝ որոնք քեզի դէմ 6գործեցինք։ Արդարեւ թէ՛ ես եւ թէ իմ հօրս տունը մեղանչեցինք.

7

քու դէմդ չարիք գործեցինք, ու քու ծառայիդ՝ Մովսէսի 7տուած պատուիրաններդ, կանոններդ եւ 8դատավճիռներդ չպահեցինք։

8

Սակայն կ’աղերսե՛մ, յիշէ՛ այն խօսքը որ քու ծառայիդ՝ Մովսէսի 9ըսիր. “Եթէ ուխտազանց ըլլաք՝ ձեզ ժողովուրդներուն մէջ պիտի ցրուեմ.

9

իսկ եթէ ինծի վերադառնաք եւ իմ պատուիրաններս պահէք ու զանոնք գործադրէք, ձեզմէ աքսորուածները՝ նոյնիսկ եթէ երկինքի ծայրը ըլլան, զանոնք անկէ պիտի հաւաքեմ եւ այն տեղը պիտի տանիմ՝ որ ընտրեցի իմ անունս հոն բնակեցնելու համար”։

10

Անոնք քու մեծ կարողութեամբդ եւ ուժեղ ձեռքովդ ազատած ծառաներդ ու ժողովուրդդ են։

11

Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, կ’աղերսե՛մ, քու ականջդ թող ուշադիր ըլլայ ծառայիդ աղօթքին եւ քու անունէդ վախնալէն ախորժող ծառաներուդ աղօթքին. ծառադ այսօր թող յաջողի, ու գթութիւն գտնել տուր անոր այս մարդուն առջեւ»։ Արդարեւ ես թագաւորին մատռուակն էի։



1 Կամ՝ Յուդայէն
2 Եբր.՝ պատռուած
3 Եբր.՝ առջեւ աղօթեցի
4 Եբր.՝ Եհովա
5 Եբր.՝ քու առջեւդ կ’աղօթեմ
6 Եբր.՝ մեղանչեցինք
7 Եբր.՝ պատուիրած
8 Կամ՝ սովորութիւններդ
9 Եբր.՝ պատուիրեցիր՝ ըսելով