Loading...

Nehemiah 2

Ezra  «  Nehemiah 1  ‹  Nehemiah 2  ›  Nehemiah 3  »  Esther


ՆԷԵՄԻԱ Կ’ԵՐԹԱՅ ԵՐՈՒՍԱՂԷՄ

1

Նիսան ամսուան մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարին, անոր առջեւ գինի կար։ Գինին առի ու թագաւորին տուի. անոր ներկայութեան բնաւ տրտում եղած չէի։

2

Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Ինչո՞ւ երեսդ տրտում է, քանի հիւանդ չես. ատիկա ուրիշ բան չէ, բայց միայն սիրտի տրտմութիւն»։ Ես յոյժ շատ վախցայ։

3

Այն ատեն թագաւորին պատասխանեցի. «Թագաւորը յաւիտեա՛ն ապրի. ի՞նչպէս երեսս տրտում չըլլայ, երբ իմ հայրերուս գերեզմաններուն 1տեղը եղող քաղաքը աւերուած է, ու կրակը սպառած է անոր դռները»։

4

Թագաւորը ինծի ըսաւ. «Ատոր համար ինձմէ ի՞նչ կը 2խնդրես»։ Այն ատեն երկինքի Աստուծոյն աղօթեցի

5

ու թագաւորին պատասխանեցի. «Եթէ թագաւորին 3հաճելի է, ու եթէ քու ծառադ 4առջեւդ շնորհք գտաւ՝՝, զիս Հրէաստա՛ն ղրկէ, իմ հայրերուս գերեզմաններուն քաղաքը, որպէսզի զայն կառուցանեմ»։

6

Թագաւորը ինծի ըսաւ (թագուհին ալ անոր քով նստած էր). «Ո՞րչափ ժամանակ պիտի տեւէ քու ուղեւորութիւնդ, ու ե՞րբ պիտի վերադառնաս»։ Թագաւորին հաճելի եղաւ որ զիս ղրկէ. ես ալ անոր ժամանակ մը 5որոշեցի։

7

Յետոյ թագաւորին ըսի. «Եթէ թագաւորին հաճելի է, ինծի նամակներ թող տրուին՝ Գետին միւս կողմը եղող կուսակալներուն համար, որպէսզի զիս անցընեն՝ մինչեւ որ Հրէաստան հասնիմ.

8

նամակ մըն ալ՝ Ասափի համար, որ թագաւորին 6անտառին պահապանն է, որպէսզի ինծի փայտ տայ՝ Աստուծոյ տան քովի միջնաբերդին դռները, քաղաքին պարիսպը եւ իմ 7բնակելիք տունս 8կերտելու համար»։ Թագաւորը խնդրածներս ինծի տուաւ, որովհետեւ իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը վրաս էր։

9

Ուստի Գետին միւս կողմի կուսակալներուն գացի, եւ թագաւորին նամակները անոնց տուի. թագաւորը ինծի հետ զօրապետներ ու ձիաւորներ ղրկած էր։

10

Երբ Որոնացի Սանաբաղատ եւ ամմոնացի ծառան՝ Տուբիա լսեցին, չափազանց դժգոհեցան որ մարդ մը եկած է Իսրայէլի որդիներուն բարօրութիւն 9բերելու համար։

11

Երուսաղէմ հասայ ու հոն երեք օր 10մնացի։

12

Յետոյ գիշերը կանգնեցայ, ես եւ ինծի հետ փոքրաթիւ մարդիկ. ո՛չ մէկուն իմացուցած էի ինչ որ իմ Աստուածս սիրտիս մէջ դրած էր՝ որպէսզի Երուսաղէմի համար ընեմ. իմ հեծած անասունէս զատ՝ ինծի հետ ուրիշ անասուն չկար։

13

Գիշերը դուրս ելայ՝ Ձորի դռնէն, Վիշապի աղբիւրին առջեւէն, դէպի Աղբի դուռը, եւ Երուսաղէմի 11քանդուած պարիսպներն ու կրակէն սպառած դռները զննեցի։

14

Յետոյ Աղբիւրի դուռը եւ Թագաւորին աւազանը անցայ, բայց տակս եղող անասունին համար անցնելու տեղ չկար։

15

Ուստի՝ գիշերուան մէջ՝ ձորէն բարձրացայ, պարիսպը զննեցի, ապա վերադարձայ. Ձորի դռնէն մտայ, եւ այսպէս իմ տեղս վերադարձայ։

16

Ատենակալները իմ ո՛ւր երթալս կամ ի՛նչ ընելս չգիտցան. մինչեւ այդ ատեն ոչինչ իմացուցած էի Հրեաներուն, կամ քահանաներուն, կամ ազնուականներուն, կամ ատենակալներուն, եւ կամ մնացեալներուն՝ որոնք գործը կը կատարէին։

17

Յետոյ անոնց ըսի. «Դուք կը տեսնէք այն ձախորդութիւնը՝ որուն մէջ ենք, թէ ի՛նչպէս Երուսաղէմ աւերուած է, եւ անոր դռները կրակով այրուած են։ Եկէ՛ք, Երուսաղէմի պարիսպը կառուցանե՛նք, որպէսզի ա՛լ նախատինքի մէջ չըլլանք»։

18

Անոնց պատմեցի թէ ի՛նչպէս իմ Աստուծոյս բարի ձեռքը վրաս եղած էր, նաեւ թագաւորին ինծի ըսած խօսքերը։ Անոնք ալ ըսին. «Կանգնի՛նք ու կառուցանե՛նք», եւ իրենց ձեռքերը ուժովցուցին այս բարի գործին համար։

19

Բայց երբ Որոնացի Սանաբաղատ, ամմոնացի ծառան՝ Տուբիա եւ արաբ Գեսամ լսեցին, մեզ ծաղրեցին, ու մեզ արհամարհելով՝ ըսին. «Այս ի՞նչ գործ է՝ որ կ’ընէք. միթէ ըմբոստանա՞լ կ’ուզէք թագաւորին դէմ»։

20

Անոնց պատասխանեցի. «Երկինքի Աստուածը՝ ի՛նք մեզի յաջողութիւն պիտի տայ։ Մենք՝ անոր ծառաները՝ պիտի կանգնինք ու կառուցանենք, իսկ դուք Երուսաղէմի մէջ բաժին, իրաւունք եւ յիշատակ չունիք»։



1 Եբր.՝ տունը
2 Եբր.՝ փնտռես
3 Եբր.՝ լաւ
4 Եբր.՝ երեսիդ լաւ եղաւ
5 Եբր.՝ տուի
6 Եբր.՝ ծառաստանին
7 Եբր.՝ մտնելիք
8 Եբր.՝ գերաններով միացնելու
9 Եբր.՝ փնտռելու
10 Եբր.՝ եղայ
11 Եբր.՝ պատռուած