Loading...

Nehemiah 3

Ezra  «  Nehemiah 2  ‹  Nehemiah 3  ›  Nehemiah 4  »  Esther


ԵՐՈՒՍԱՂԷՄԻ ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՇԻՆՈՒԹԻՒՆԸ

1

Եղիասիբ քահանայապետն ու անոր քահանայ եղբայրները կանգնեցան եւ Ոչխարներու դուռը կառուցանեցին. զայն սրբացուցին ու անոր փեղկերը 1տեղադրեցին. զայն մինչեւ Մէայի աշտարակը սրբացուցին, մինչեւ Անանայէլի աշտարակը։

2

Անոր քով Երիքովի մարդիկը կառուցանեցին, եւ անոնց քով Իմրիի որդին՝ Զաքուր կառուցանեց։

3

Սենաայի որդիները կառուցանեցին Ձուկերու դուռը. զայն 2կերտեցին եւ անոր փեղկերը, կղպանքն ու նիգերը տեղադրեցին։

4

Անոնց քով Ակկուսի որդիին՝ Ուրիայի որդին՝ Մերամոթ նորոգեց. անոնց քով Մասիզեբէլի որդիին՝ Բարաքիայի որդին՝ Մեսուղամ նորոգեց. անոնց քով Բաանայի որդին՝ Սադովկ նորոգեց։

5

Անոնց քով Թեկուացիները նորոգեցին. բայց անոնց երեւելիները իրենց Տէրոջ ծառայելու համար իրենց վիզը 3չծռեցին։

6

Փասէի որդին՝ Յովիադա ու Բասոդիայի որդին՝ Մեսուղամ նորոգեցին Հին դուռը. զայն կերտեցին եւ անոր փեղկերը, կղպանքն ու նիգերը տեղադրեցին։

7

Անոնց քով՝ Գաբաւոնացի Մելատիա, Մերոնոթացի Յադոն, եւ Գաբաւոնի ու Մասփայի մարդիկը նորոգեցին՝ մինչեւ Գետին այս կողմը եղող կուսակալին գահը։

8

Անոր քով ոսկերիչներէն Հարհայիայի որդին՝ Ոզիէլ նորոգեց. անոր քով 4բուրագործներէն մէկուն որդին՝ Անանիա նորոգեց. բայց Երուսաղէմը թողուցին՝ մինչեւ Լայն պարիսպը։

9

Անոնց քով Ովրի որդին՝ Հռափայիա նորոգեց, Երուսաղէմի կէս շրջանին իշխանաւորը։

10

Անոնց քով եւ իր տան դիմաց՝ Հարումափի որդին՝ Յեդայիա նորոգեց. անոր քով Ասաբանիայի որդին՝ Քետտուս նորոգեց։

11

Հարիմի որդին՝ Մեղքիա ու Փահաթ-Մովաբի որդին՝ Ասուբ նորոգեցին պարիսպին միւս բաժինը եւ Փուռերու աշտարակը։

12

Անոր քով Երուսաղէմի կէս շրջանին իշխանաւորը, Ալոհէսի որդին՝ Սեղղում նորոգեց, ինք եւ իր աղջիկները։

13

Անոն ու Զանովի բնակիչները նորոգեցին Ձորի դուռը. զայն կառուցանեցին եւ անոր փեղկերը, կղպանքն ու նիգերը տեղադրեցին. պարիսպէն հազար կանգուն կառուցանեցին՝ մինչեւ Աղբի դուռը։

14

Բեթաքարմայի շրջանին իշխանաւորը, Ռեքաբի որդին՝ Մեղքիա նորոգեց Աղբի դուռը, եւ անոր փեղկերը, կղպանքն ու նիգերը տեղադրեց։

15

Մասփայի շրջանին իշխանաւորը, Քոլոզէի որդին՝ Սեղղում նորոգեց Աղբիւրի դուռը. զայն կառուցանեց ու ծածկեց, եւ անոր փեղկերը, կղպանքն ու նիգերը տեղադրեց. նաեւ թագաւորին պարտէզին մօտ եղող Սիլովայի աւազանին պարիսպը կառուցանեց, մինչեւ Դաւիթի քաղաքէն իջնող աստիճանները։

16

Անկէ ետք՝ Բեթսուրի կէս շրջանին իշխանաւորը, Ազբուքի որդին՝ Նէեմիա նորոգեց մինչեւ Դաւիթի գերեզմաններուն դիմաց, մինչեւ 5արուեստական աւազանը ու մինչեւ Բեթագաբարին։


ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՎՐԱՅ ԱՇԽԱՏՈՂ ՂԵՒՏԱՑԻՆԵՐԸ

17

Անկէ ետք Ղեւտացիները նորոգեցին.— Բանիի որդին՝ Հռէում. անոր քով Կէիլայի կէս շրջանին իշխանաւորը՝ Ասաբիա իր շրջանը նորոգեց։

18

Անկէ ետք անոնց եղբայրները նորոգեցին.— Կէիլայի կէս շրջանին իշխանաւորը, Ենադադի որդին՝ Բաւայի։

19

Անոր քով Մասփայի իշխանաւորը, Յեսուի որդին՝ Եզեր նորոգեց միւս բաժինը, այսինքն՝ պարիսպին դարձուածքը, որ զինարանի զառիվերին դիմաց է։

20

Անկէ ետք Զաբբայի որդին՝ Բարուք 6փութով նորոգեց միւս բաժինը, պարիսպին դարձուածքէն մինչեւ Եղիասիբ քահանայապետին տան դուռը։

21

Անկէ ետք, Ակկուսի որդիին՝ Ուրիայի որդին՝ Մերամոթ նորոգեց միւս բաժինը, Եղիասիբի տան դռնէն մինչեւ Եղիասիբի տան ծայրը։


ՊԱՐԻՍՊԻՆ ՎՐԱՅ ԱՇԽԱՏՈՂ ՔԱՀԱՆԱՆԵՐԸ

22

Անկէ ետք 7դաշտաբնակ քահանաները նորոգեցին։

23

Անկէ ետք Բենիամին եւ Ասուբ իրենց տուներուն առջեւ նորոգեցին. անկէ ետք Անանիայի որդիին՝ Մաասիայի որդին՝ Ազարիա իր տան դիմաց նորոգեց։

24

Անկէ ետք Ենադադի որդին՝ Բանուի նորոգեց միւս բաժինը, Ազարիայի տունէն մինչեւ պարիսպին դարձուածքը, մինչեւ անկիւնը։

25

Ոզայի որդին՝ Փաղաղ նորոգեց պարիսպին դարձուածքին ու թագաւորին վերի տան դուրսի աշտարակին դիմաց, որ բանտի բակին քով է. անոր ետեւէն Փարոսի որդին՝ Փադայիա նորոգեց։

26

Ոփաղ բնակող Նաթանայիմները նորոգեցին մինչեւ արեւելեան կողմը եղող Ջուրի դրան եւ դուրսի աշտարակին դիմաց։


ՈՒՐԻՇ ՇԻՆՈՂՆԵՐ

27

Անկէ ետք Թեկուացիները նորոգեցին միւս բաժինը, դուրսի մեծ աշտարակին դիմաց, մինչեւ Ոփաղի պարիսպը։

28

Ձիերու դռնէն վեր՝ քահանաները նորոգեցին, իւրաքանչիւրը իր տան դիմաց։

29

Անկէ ետք Եմմերի որդին՝ Սադովկ իր տան դիմաց նորոգեց. անկէ ետք Սեքենիայի որդին՝ Սեմայիա նորոգեց, արեւելեան դրան պահապանը։

30

Անկէ ետք Սեղեմիայի որդին՝ Անանիա ու Սեղեփի վեցերորդ որդին՝ Անոն նորոգեցին միւս բաժինը։ Անկէ ետք Բարաքիայի որդին՝ Մեսուղամ իր մթերանոցին դիմաց նորոգեց։

31

Անկէ ետք 8Սարեփիի որդին՝ Մեղքիա նորոգեց, մինչեւ Նաթանայիմներուն ու Վաճառականներուն տունը՝ Մափկաթի դրան դիմաց, եւ մինչեւ անկիւնին 9զառիվերը։

32

Ոսկերիչներն ու վաճառականները նորոգեցին անկիւնի զառիվերէն մինչեւ Ոչխարներու դուռը։



1 Եբր.՝ կայնեցուցին
2 Եբր.՝ գերաններով միացուցին
3 Եբր.՝ չբերին
4 Այսինքն՝ բոյրեր շինողներէն
5 Եբր.՝ շինուած
6 Եբր.՝ բորբոքումով
7 Եբր.՝ դաշտի մարդիկ
8 Կամ՝ ոսկերիչի
9 Կամ՝ վերնատունը