Loading...

Nehemiah 4

Ezra  «  Nehemiah 3  ‹  Nehemiah 4  ›  Nehemiah 5  »  Esther


ՆԷԵՄԻԱ ԿԸ ՅԱՂԹԷ ԻՐ ԸՆԴԴԻՄԱԴԻՐՆԵՐՈՒՆ

1

Երբ Սանաբաղատ լսեց թէ մենք պարիսպը կը կառուցանենք, բորբոքեցաւ, շատ գրգռուեցաւ եւ Հրեաները ծաղրեց։

2

Իր եղբայրներուն ու Սամարիայի զօրագունդին առջեւ խօսեցաւ՝ ըսելով. «Ի՞նչ կը շինեն այս տկար Հրեաները. միթէ պիտի 1թոյլատրե՞նք անոնց։ Միթէ զո՞հ պիտի մատուցանեն. այսօ՞ր պիտի աւարտեն։ Միթէ այրուած քարերը 2փլատակներու դէզերէն պիտի վերակենդանացնե՞ն»։

3

Ամմոնացի Տուբիա, որ անոր քով էր, ըսաւ. «Եթէ նոյնիսկ աղուէս մը ելլէ անոնց կառուցանածին վրայ, անոնց քարէ պարիսպը պիտի 3քանդէ»։

4

Ո՛վ մեր Աստուածը, լսէ՛, որովհետեւ արհամարհուեցանք. անոնց նախատինքը իրենց գլո՛ւխը վերադարձուր, ու զանոնք գերութեան երկրի մէջ կողոպուտի՛ մատնէ։

5

Անոնց անօրէնութիւնը մի՛ ծածկեր, եւ քու առջեւէդ անոնց մեղքը թող չջնջուի, քանի որ կառուցանողներուն առջեւ քեզ գրգռեցին։

6

Մենք պարիսպը կառուցանեցինք, եւ ամբողջ պարիսպը մինչեւ կէսը 4հասաւ. արդարեւ ժողովուրդը գործելու սիրտ ունէր։

7

Երբ Սանաբաղատ, Տուբիա, Արաբները, Ամմոնացիներն ու Ազովտացիները լսեցին թէ Երուսաղէմի պարիսպներուն նորոգութիւնը կը յառաջանայ եւ ճեղքուածքները սկսած են խցուիլ, շատ բորբոքեցան,

8

ու բոլորը միասին դաւադրեցին՝ որ գան, Երուսաղէմի դէմ պատերազմին, եւ անոր վնասեն։

9

Բայց մենք մեր Աստուծոյն աղօթեցինք, եւ 5անոնցմէ պաշտպանուելու համար՝՝ ցերեկ ու գիշեր անոնց դէմ պահակագունդ մը 6դրինք։

10

Սակայն Յուդա ըսաւ. «Բեռնակիրներուն ոյժը 7տկարացաւ, եւ փլատակները շատ են. մենք պիտի չկարենանք պարիսպը կառուցանել»։

11

Իսկ մեր թշնամիները կ’ըսէին. «Պիտի չգիտնան ու չտեսնեն, մինչեւ որ մենք անոնց մէջ մտնենք, զանոնք մեռցնենք եւ անոնց գործը դադրեցնենք»։

12

Բայց անոնց քով բնակող Հրեաները մեզի եկան ու տասը անգամ մեզի ըսին. «Բոլոր տեղերէն, ուր որ ալ դառնաք, մեր վրայ պիտի յարձակին»։

13

Ուստի 8ցած տեղերը՝ պարիսպին ետեւը, նաեւ 9բարձր տեղերը ժողովուրդը 10տեղաւորեցի՝ իրենց գերդաստաններուն համեմատ բաժնելով. իրենց սուրերով, նիզակներով եւ աղեղներով տեղաւորեցի։

14

Զննեցի, ապա կանգնեցայ եւ ազնուականներուն, ատենակալներուն ու մնացեալ ժողովուրդին ըսի. «Անոնցմէ մի՛ վախնաք. յիշեցէ՛ք Տէրը՝ որ մեծ ու ահեղ է, եւ պատերազմեցէ՛ք ձեր եղբայրներուն, որդիներուն, աղջիկներուն, կիներուն ու տուներուն համար»։

15

Երբ մեր թշնամիները լսեցին թէ մենք տեղեակ ենք եւ Աստուած իրենց ծրագիրը ձախողեցուցեր է, մենք բոլորս պարիսպը կառուցանելու վերադարձանք, ամէն մէկը իր գործին։

16

Այդ օրէն ի վեր իմ սպասաւորներուս կէսը գործը կը կատարէր, միւս կէսն ալ նիզակներ, վահաններ, աղեղներ եւ զրահներ կը բռնէր. իսկ իշխանաւորները Յուդայի ամբողջ տան ետեւն էին։

17

Պարիսպը կառուցանողները, բեռնակիրներն ու բեռցնողները, իւրաքանչիւրը իր մէկ ձեռքով գործը կը կատարէր, իսկ միւս ձեռքով 11զէնքը կը բռնէր։

18

Կառուցանողներէն իւրաքանչիւրը՝ իր սուրը մէջքը կապած կը գործէր, ու շեփորահարը իմ քովս էր։

19

Ազնուականներուն, ատենակալներուն ու մնացեալ ժողովուրդին ըսի. «Այս գործը մեծ եւ ընդարձակ է, իսկ մենք պարիսպին վրայ ցրուած ենք՝ իրարմէ հեռու։

20

Ուստի այն տեղը՝ ուրկէ շեփորին ձայնը լսէք, հո՛ն հաւաքուեցէք՝ մեր քով. մեր Աստուա՛ծը պիտի պատերազմի մեզի համար»։

21

Այսպէս մեր գործը կը կատարէինք. 12ժողովուրդին կէսը նիզակներ կը բռնէր, արշալոյսին 13ծագելէն մինչեւ աստղերուն 14երեւնալը։

22

Այդ ատեն ալ ժողովուրդին ըսի. «Իւրաքանչիւրը իր սպասաւորին հետ Երուսաղէմի մէջ թող գիշերէ, որպէսզի գիշերը մեզի համար պահակագունդ ունենանք, ու ցերեկը գործեն»։

23

Ո՛չ ես, ո՛չ ալ իմ եղբայրներս, սպասաւորներս, եւ ինծի հետեւող պահակագունդին մարդիկը, ամենեւին մեր հագուստները չէինք հաներ. իւրաքանչիւրը իր զէնքը ունէր 15աջ ձեռքին մէջ՝՝։



1 Եբր.՝ թողո՞ւն
2 Եբր.՝ հողի
3 Եբր.՝ պատռէ
4 Եբր.՝ կապուեցաւ
5 Եբր.՝ անոնց երեսէն
6 Եբր.՝ կայնեցուցինք
7 Եբր.՝ գայթեցաւ
8 Եբր.՝ ստորին
9 Կամ՝ չոր
10 Եբր.՝ կայնեցուցի
11 Կամ՝ թուրը
12 Եբր.՝ անոնց
13 Եբր.՝ բարձրանալէն
14 Եբր.՝ ելլելը
15 Կամ՝ ջուրի երթալու ատեն