Nehemiah 5
Ezra « Nehemiah 4 ‹ Nehemiah 5 › Nehemiah 6 » Esther
ԱՂՔԱՏԻՆ ՀԱՐՍՏԱՀԱՐՈՒԹԻՒՆԸ
1Ժողովուրդին մարդիկը եւ անոնց կիները իրենց հրեայ եղբայրներուն դէմ մեծ աղաղակ բարձրացուցին։
2Ոմանք կ’ըսէին. «Մենք, մեր որդիներն ու աղջիկները բազմաթիւ ենք. կ’ուզենք ցորեն ստանալ, որպէսզի ուտենք եւ ապրինք»։
3Ոմանք ալ կ’ըսէին. «Մենք մեր արտերը, այգիներն ու տուները գրաւի կը դնենք, որպէսզի ցորեն ստանանք սովի ատեն»։
4Իսկ ուրիշներ կ’ըսէին. «Թագաւորին հարկ տալու համար՝ մեր 1արտերը եւ այգիները գրաւի դնելով՝՝ դրամ փոխ առինք։
5Թէպէտ մեր մարմինը մեր եղբայրներուն մարմինին պէս է, ու մեր որդիները՝ անոնց որդիներուն պէս, ահա՛ մենք մեր որդիներն ու աղջիկները 2ստրկութեան կը մատնենք՝՝, եւ արդէն մեր աղջիկներէն 3ստրկուհիներ կան. մեր ձեռքը կարող չէ զանոնք փրկել, որովհետեւ ուրիշնե՛ր ունին մեր արտերն ու այգիները»։
6Երբ անոնց աղաղակը եւ այս խօսքերը լսեցի, շատ բորբոքեցայ։
74Միտքիս մէջ խորհելէ ետք՝ ազնուականներն ու ատենակալները յանդիմանեցի, եւ անոնց ըսի. «Դուք բոլորդ ալ ձեր եղբայրներէն վաշխ կ’առնէք»։ Յետոյ անոնց 5շուրջ մեծ բազմութիւն մը հաւաքեցի՝՝
8եւ անոնց ըսի. «Մենք 6հեթանոսներուն ծախուած մեր հրեայ եղբայրները գնեցինք՝ մեր կարողութեան համեմատ, իսկ դուք նոյնիսկ ձեր եղբայրնե՞րը կը ծախէք. անոնք մեզի՞ պիտի ծախուէին»։ Անոնք ալ լռեցին ու 7չկրցան պատասխանել՝՝։
9Նաեւ ըսի. «Ինչ որ կ’ընէք՝ լաւ չէ. մեր Աստուծոյն վախով ընթանալու չէ՞ք, որպէսզի մեզի թշնամի եղող ազգերէն չնախատուինք։
10Ես ալ, ու իմ եղբայրներս եւ սպասաւորներս ալ կրնայինք վաշխո՛վ դրամ ու ցորեն փոխ տալ անոնց. ուստի այժմ 8շնորհե՛նք անոնց այս պարտքը՝՝։
11Ուրեմն ա՛յսօր իսկ անոնց վերադարձուցէք անոնց արտերը, այգիները, ձիթաստաններն ու տուները. նաեւ հարիւրերո՛րդը պահանջեցէք այն դրամին, ցորենին, քաղցուին եւ իւղին, որ անոնց վաշխով փոխ տուած էք»։
12Անոնք պատասխանեցին. «Պիտի վերադարձնենք, ու անոնցմէ ոչինչ պիտի պահանջենք։ Ինչպէս ըսիր՝ այնպէս պիտի ընենք»։ Այն ատեն քահանաները կանչեցի եւ անոնց երդում ընել տուի՝ որ այս խոստումը գործադրեն։
13Նաեւ 9վերարկուս թօթուեցի եւ ըսի. «Ո՛վ որ այս խոստումը 10չգործադրէ, իր տունէն ու վաստակէն Աստուած այսպէս թող թօթուէ. այսպէս թող թօթուուի եւ պարպուի»։ Ամբողջ համախմբումը ըսաւ. «Ամէն», ու Տէրը գովաբանեց. եւ ժողովուրդը այս խոստումը գործադրեց։
ՆԷԵՄԻԱՅԻ ԱՆՇԱՀԱԽՆԴՐՈՒԹԻՒՆԸ
14Այն օրէն ի վեր՝ երբ 11նշանակուեցայ անոնց կուսակալ ըլլալու Յուդայի երկրին մէջ, Արտաշէս թագաւորին քսաներորդ տարիէն մինչեւ երեսուներկրորդ տարին, տասներկու տարի՝ ո՛չ ես, ո՛չ ալ իմ եղբայրներս կուսակալի 12ռոճիկը առինք՝՝։
15Բայց ինձմէ առաջ եղող նախկին կուսակալները ժողովուրդին ծանրութիւն կ’ըլլային, եւ անոնցմէ հաց ու գինի կ’առնէին՝ քառասուն սիկղ արծաթէն զատ. անոնց սպասաւորներն ալ ժողովուրդին վրայ կը տիրէին։ Բայց ես այնպէս չըրի՝ Աստուծմէ վախնալով։
16Նաեւ այս պարիսպին գործին փարեցայ. մենք արտ չգնեցինք, եւ իմ բոլոր սպասաւորներս հոն հաւաքուած էին՝ այդ գործին համար։
17Հրեաներէն ու ատենակալներէն հարիւր յիսուն հոգի իմ սեղանէս կ’ուտէին, նաեւ շրջակայ ազգերէն մեզի եկողները։
18Ինչ որ ամէն օր ինծի համար կը պատրաստուէր՝ սա՛ էր.— արջառ մը, ու վեց ընտիր ոչխար. թռչնազգիներ ալ կը պատրաստուէին ինծի համար, ու տասը օրը անգամ մը՝ առատութեամբ ամէն տեսակ գինի։ Հակառակ այս բոլորին՝ կուսակալի ռոճիկը չպահանջեցի, որովհետեւ այս ժողովուրդին ստրկութիւնը ծանր էր։
19Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ զիս բարիքի համար՝ այս ժողովուրդին բոլոր ըրածներուս համեմատ։