Loading...

Nehemiah 6

Ezra  «  Nehemiah 5  ‹  Nehemiah 6  ›  Nehemiah 7  »  Esther


ԴԱՒԵՐ ՆԷԵՄԻԱՅԻ ԴԷՄ

1

Երբ Սանաբաղատ, Տուբիա, արաբ Գեսամ եւ մեր միւս թշնամիները լսեցին թէ ես պարիսպը կառուցանեցի ու հոն ո՛չ մէկ ճեղքուածք մնաց, (թէպէտ մինչեւ այդ ատեն դռներուն փեղկերը տեղադրած չէի,)

2

Սանաբաղատ ու Գեսամ ինծի մարդ ղրկեցին եւ ըսին. «Եկո՛ւր, Ովնովի դաշտին գիւղերուն մէջ իրարո՛ւ հանդիպինք»։ Բայց անոնք ինծի չարիք ընել կը խորհէին։

3

Անոնց պատգամաւորներ ղրկեցի՝ որ ըսեն. «Ես մեծ 1գործով մը զբաղած եմ՝՝, ու չեմ կրնար իջնել։ Ինչո՞ւ գործը դադրի, երբ զայն թողում ու ձեզի իջնեմ»։

4

Անոնք ինծի չորս անգամ այսպիսի պատգամ ղրկեցին. ես ալ անոնց նոյն կերպով պատասխանեցի։

5

Յետոյ Սանաբաղատ հինգերորդ անգամ ինծի ղրկեց իր սպասաւորը՝ նոյն պատգամով, ու ձեռքը բաց նամակով մը,

6

որուն մէջ սա՛ գրուած էր. «Ազգերուն մէջ լսուեցաւ ու Գեսամ ալ կ’ըսէ թէ դուն ու Հրեաները ըմբոստանալ կը խորհիք. ասոր համար կը կառուցանես պարիսպը, եւ այս խօսքերուն համաձայն՝ դո՛ւն պիտի ըլլաս անոնց թագաւորը։

7

Նաեւ մարգարէներ 2նշանակած ես, որպէսզի քեզ Երուսաղէմի մէջ Հրէաստանի թագաւոր հռչակեն։ Հիմա այս խօսքերը 3թագաւորին պիտի հաղորդուին՝՝. ուրեմն եկո՛ւր որ միասին խորհրդակցինք»։

8

Ուստի անոր մարդ ղրկեցի՝ որ ըսէ. «Այդպիսի բան եղած չէ՝ ինչպէս կ’ըսես. հապա ատոնք դուն 4քեզմէ կը հնարես»։

9

(Արդարեւ իրենք բոլորն ալ կ’ուզէին մեզ վախցնել՝ ըսելով. «Անոնց ձեռքերը գործէն պիտի թուլնան, եւ ան պիտի չկատարուի»։ Ուստի հիմա, ո՛վ Տէր, ուժովցո՛ւր իմ ձեռքերս։)

10

Յետոյ Մետաբեէլի որդիին՝ Դաղայիայի որդիին՝ Սեմայիայի տունը գացի։ Ան տան մէջ փակուած էր, եւ ըսաւ. «Իրարո՛ւ հանդիպինք Աստուծոյ տունը, տաճարին մէջ, ու գոցե՛նք տաճարին դռները, որովհետեւ քեզ սպաննելու պիտի գան. անոնք գիշերը պիտի գան՝ քեզ սպաննելու»։

11

Ես ալ պատասխանեցի. «Միթէ ինծի պէս մարդը կը փախչի՞. եւ ո՞վ կայ ինծի պէս՝ որ տաճարը մտնէ ապրելու համար. չեմ մտներ»։

12

5Արդարեւ հասկցայ թէ Աստուած զինք ղրկած չէր, հապա այս մարգարէութիւնը ինքնիրմէ խօսեցաւ ինծի դէմ, որովհետեւ Տուբիա եւ Սանաբաղատ զինք վարձած էին։

13

Զինք վարձած էին՝ որպէսզի վախնամ, այդպէս ընելով՝ մեղանչեմ, ու իրենք պատճառ մը ունենան զիս անուանարկելու եւ նախատելու։

14

Ո՛վ իմ Աստուածս, յիշէ՛ Տուբիան ու Սանաբաղատը՝ այս իրենց արարքներուն համեմատ, նաեւ Նովադիա մարգարէուհին ու զիս վախցնող միւս մարգարէները։


ԳՈՐԾԻՆ ՎԵՐՋԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆԸ

15

Պարիսպը Իլուլ ամսուան քսանհինգերորդ օրը աւարտեցաւ, յիսուներկու օրուան մէջ։

16

Երբ մեր բոլոր թշնամիները լսեցին, մեր շրջակայ բոլոր ազգերը վախցան. շատ 6նուաստացան, եւ հասկցան թէ այս գործը մեր Աստուծոյն օգնութեամբ կատարուեցաւ։

17

Այդ օրերը Տուբիայի շատ նամակներ 7կ’երթային Յուդայի ազնուականներէն. Տուբիայէն ալ նամակներ կու գային անոնց։

18

Արդարեւ Հրէաստանէն շատեր անոր հետ երդումով միաբանած էին, քանի որ ան Արահեան Սեքենիայի փեսան էր, եւ անոր որդին՝ Յոհանան, Բարաքիայի որդիին՝ Մեսուղամի աղջիկը առած էր իբր կին։

19

Նաեւ իմ առջեւս անոր բարերարութիւնները կը պատմէին, ու խօսքերս անոր 8կը հաղորդէին՝՝։ Տուբիա ինծի նամակներ կը ղրկէր՝ զիս վախցնելու համար։



1 Եբր.՝ գործ մը կը կատարեմ
2 Եբր.՝ կայնեցուցած
3 Եբր.՝ թագաւորէն պիտի լսուին
4 Եբր.՝ սիրտէդ
5 Եբր.՝ Ահա՛
6 Եբր.՝ ինկան իրենց աչքերուն
7 Եբր.՝ կը շատնային
8 Եբր.՝ դուրս կը հանէին