Nehemiah 7
Ezra « Nehemiah 6 ‹ Nehemiah 7 › Nehemiah 8 » Esther
1
Երբ պարիսպը կառուցանուեցաւ եւ դռներուն փեղկերը տեղադրեցի, դռնապանները, երգողներն ու Ղեւտացիները նշանակուեցան։
2Եղբայրս՝ Անանին, եւ միջնաբերդին իշխանաւորը՝ Անանիան (որ հաւատարիմ մարդ մըն էր, ու շատերէն աւելի կը վախնար Աստուծմէ) Երուսաղէմի վրայ 1նշանակեցի,
3եւ անոնց ըսի. «Երուսաղէմի դռները թող չբացուին՝ մինչեւ որ արեւը տաքնայ։ Դռներուն փեղկերը 2ձեր ներկայութեա՛ն թող գոցեն ու նիգերը դնեն։ Երուսաղէմի բնակիչներէն պահապաններ թող 3նշանակեն, իւրաքանչիւրը իր պահակագունդին մէջ եւ իւրաքանչիւրը իր տան առջեւ»։
4Քաղաքը ընդարձակ ու մեծ էր, բայց մէջի ժողովուրդը փոքրաթիւ էր, եւ տուները կառուցանուած չէին։
5Իմ Աստուածս սիրտիս մէջ դրաւ որ ազնուականները, ատենակալներն ու ժողովուրդը հաւաքեմ, որպէսզի ազգահամարի մէջ արձանագրուին։ Առաջին անգամ գերութենէն Երուսաղէմ բարձրացողներուն ազգաբանութեան մէկ գիրքը գտայ, եւ անոր մէջ հետեւեա՛լը գրուած գտայ.
ՏԱՐԱԳՐՈՒԹԵՆԷՆ ՎԵՐԱԴԱՐՁՈՂՆԵՐՈՒՆ ՑԱՆԿԸ (Եզր. 2. 1-70)
6«Ահա՛ւասիկ գաւառին 4բնակիչները՝ որոնք գերութենէն 5վերադարձան, այսինքն՝ տարագիրներուն որդիները — Բաբելոնի Նաբուգոդոնոսոր թագաւորը զանոնք Բաբելոն փոխադրած էր — որոնք Երուսաղէմ ու Հրէաստան վերադարձան, իւրաքանչիւրը՝ իր քաղաքը։
7Անոնք Զօրաբաբէլի, Յեսուի, Նէեմիայի, Ազարիայի, Ռաամիայի, Նաեմանիի, Մուրթքէի, Բաղասանի, Մասփարաթի, Բագուէի, Նաւումի ու Բաանայի հետ եկան։ Ահա՛ւասիկ Իսրայէլի ժողովուրդին մարդոց թիւը.—
8Փարոսի որդիները՝ երկու հազար հարիւր եօթանասուներկու հոգի էին,
9Սափատիայի որդիները՝ երեք հարիւր եօթանասուներկու,
10Արահի որդիները՝ վեց հարիւր յիսուներկու,
11Փահաթ-Մովաբի որդիները՝ Յեսուի ու Յովաբի որդիներէն՝ երկու հազար ութ հարիւր տասնութ,
12Եղամի որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունչորս,
13Զաթուի որդիները՝ ութ հարիւր քառասունհինգ,
14Զաքքայի որդիները՝ եօթը հարիւր վաթսուն,
15Բանուիի որդիները՝ վեց հարիւր քառասունութ,
16Բեբայիի որդիները՝ վեց հարիւր քսանութ,
17Ազգադի որդիները՝ երկու հազար երեք հարիւր քսաներկու,
18Ադոնիկամի որդիները՝ վեց հարիւր վաթսունեօթը,
19Բագուէի որդիները՝ երկու հազար վաթսունեօթը,
20Ադինի որդիները՝ վեց հարիւր յիսունհինգ,
21Ատերի որդիները՝ Եզեկիայէն՝ իննսունութ,
22Հասումի որդիները՝ երեք հարիւր քսանութ,
23Բեսէիի որդիները՝ երեք հարիւր քսանչորս,
24Արիփի որդիները՝ հարիւր տասներկու,
25Գաբաւոնի որդիները՝ իննսունհինգ,
26Բեթլեհէմի ու Նետոփայի մարդիկը՝ հարիւր ութսունութ,
27Անաթովթի մարդիկը՝ հարիւր քսանութ,
286Ազամօթի տան՝՝ մարդիկը՝ քառասուներկու,
29Կարիաթարիմի, Կեփիրայի ու Բերովթի մարդիկը՝ եօթը հարիւր քառասուներեք,
30Ռամայի ու Գաբայի մարդիկը՝ վեց հարիւր քսանմէկ,
31Մաքմասի մարդիկը՝ հարիւր քսաներկու,
32Բեթէլի ու Գայիի մարդիկը՝ հարիւր քսաներեք,
33միւս Նաբաւի մարդիկը՝ յիսուներկու,
34միւս Եղամի որդիները՝ հազար երկու հարիւր յիսունչորս,
35Հարիմի որդիները՝ երեք հարիւր քսան,
36Երիքովի որդիները՝ երեք հարիւր քառասունհինգ,
37Ղովդի, Ադիդի եւ Ովնովի որդիները՝ եօթը հարիւր քսանմէկ,
38Սենաայի որդիները՝ երեք հազար ինը հարիւր երեսուն։
39«Քահանաները.— Յեսուի տունէն՝ Յեդայիայի որդիները՝ ինը հարիւր եօթանասուներեք հոգի էին,
40Եմմերի որդիները՝ հազար յիսուներկու,
41Փասուրի որդիները՝ հազար երկու հարիւր քառասունեօթը,
42Հարիմի որդիները՝ հազար տասնեօթը։
43«Ղեւտացիները.— Ովդուիայի որդիներէն՝ Յեսուի եւ Կադմիէլի որդիները՝ եօթանասունչորս հոգի էին։
44«Երգողները.— Ասափի որդիները հարիւր քառասունութ հոգի էին։
45«Դռնապանները.— Սեղղումի որդիները, Ատերի որդիները, Տեղմոնի որդիները, Ակկուբի որդիները, Ատիտայի որդիները, Սուբայի որդիները՝ հարիւր երեսունութ հոգի էին։
46«7Նաթանայիմները.— Սիայի որդիները, Ասուփայի որդիները, Տաբաւոթի որդիները,
47Կերոսի որդիները, Սիայի որդիները, Փադոնի որդիները,
48Ղաբանայի որդիները, Ագաբայի որդիները, Սաղամէի որդիները,
49Անանի որդիները, Գեդդէլի որդիները, Գահարի որդիները,
50Ռէայիայի որդիները, Ռասինի որդիները, Նեկոդայի որդիները,
51Գազամի որդիները, Ոզայի որդիները, Փասէի որդիները,
52Բասիի որդիները, Մովանիմի որդիները, Նեփուսիմի որդիները,
53Բակբոկի որդիները, Ակուփայի որդիները, Արուրի որդիները,
54Բասաղոթի որդիները, Մէիդայի որդիները, Արսայի որդիները,
55Բարկոսի որդիները, Սիսարայի որդիները, Թամայի որդիները,
56Նեսիայի որդիները, Ատեփայի որդիները.
57Սողոմոնին ծառաներուն որդիները, Սոտէի որդիները, Սոփերաթի որդիները, Փարեդայի որդիները,
58Յեղայի որդիները, Դերկոնի որդիները, Գեդդէլի որդիները,
59Սափատիայի որդիները, Ատտիլի որդիները, Փաքարաթ-Ասեբայիմի որդիները, Ամոնի որդիները.
60բոլոր Նաթանայիմներն ու Սողոմոնի ծառաներուն որդիները երեք հարիւր իննսուներկու հոգի էին»։
61Ահա՛ւասիկ Թեղմեղայէ, Թեղարսայէ, Քերուբէ, Ադդոնէ ու Եմմերէ 8վերադարձողները, որոնք իրենց 9նահապետութիւնը եւ իրենց զարմը չկրցան ապացուցանել, այսինքն՝ Իսրայէլէն ըլլալը.—
62Դաղայիայի որդիները, Տուբիայի որդիներն ու Նեկոդայի որդիները՝ վեց հարիւր քառասուներկու հոգի.
63նաեւ քահանաներէն՝ Աբայիայի որդիները, Ակկուսի որդիները, Բերզելիի որդիները, որ Գաղաադացի Բերզելիի աղջիկներէն կին առնելով՝ անոնց անունով կոչուեցաւ։
64Ասոնք իրենց ազգահամարի արձանագրութիւնը փնտռեցին, բայց չգտնուեցաւ. ուստի քահանայութենէ արգիլուեցան՝ իբր 10անմաքուր,
65եւ 11Կառավարիչը անոնց ըսաւ. «Մինչեւ որ Ուրիմով ու Թումիմով քահանայ մը չելլէ, անոնք ամենասուրբ բաներէն թող չուտեն»։
66Համախմբումը քառասուներկու հազար երեք հարիւր վաթսուն հոգի էր՝ բոլորը միասին,
67բացի անոնց ծառաներէն եւ աղախիններէն, որոնք եօթը հազար երեք հարիւր երեսունեօթը հոգի էին. անոնց մէջ երկու հարիւր քառասունհինգ երգիչներ ու երգչուհիներ ալ կային։
68Անոնց ձիերը՝ եօթը հարիւր երեսունվեց, ջորիները՝ երկու հարիւր քառասունհինգ,
69ուղտերը՝ չորս հարիւր երեսունհինգ, եւ էշերը՝ վեց հազար եօթը հարիւր քսան հատ էին։
7012Նահապետներէն ոմանք գործին համար ընծայ տուին։ Կառավարիչը հազար դրամ ոսկի, յիսուն կոնք ու հինգ հարիւր երեսուն քահանայական պատմուճան տուաւ գանձին։
71Նահապետներէն ոմանք գործի գանձին քսան հազար դրամ ոսկի ու երկու հազար երկու հարիւր մնաս արծաթ տուին։
72Մնացեալ ժողովուրդին տուածներն էին՝ քսան հազար դրամ ոսկի, երկու հազար մնաս արծաթ եւ վաթսունեօթը քահանայական պատմուճան։
73Քահանաները, Ղեւտացիները, դռնապաններն ու երգողները, ժողովուրդէն եղողները, Նաթանայիմները եւ ամբողջ Իսրայէլը իրենց քաղաքներուն մէջ բնակեցան։ Երբ եօթներորդ ամիսը հասաւ, Իսրայէլի որդիները իրենց քաղաքներուն մէջ հաստատուած էին։