Loading...

Nehemiah 8

Ezra  «  Nehemiah 7  ‹  Nehemiah 8  ›  Nehemiah 9  »  Esther


ԵԶՐԱՍ ԿԸ ԿԱՐԴԱՅ ՕՐԷՆՔԸ ԺՈՂՈՎՈՒՐԴԻՆ

1

Ամբողջ ժողովուրդը մէկ մարդու պէս հաւաքուեցաւ Ջուրի դրան առջեւի հրապարակը, ու Եզրաս դպիրին ըսին որ Մովսէսի Օրէնքին գիրքը բերէ, որ Տէրը Իսրայէլի 1տուեր էր։

2

Եօթներորդ ամսուան առաջին օրը, Եզրաս քահանան Օրէնքի գիրքը համախմբումին առջեւ բերաւ, ուր կային մարդիկ, կիներ, ու բոլոր իրենց լսածը 2հասկցողները։

3

Ջուրի դրան առջեւի հրապարակին մէջ՝ զայն առտուընէ մինչեւ կէսօր կարդաց մարդոց, կիներուն եւ հասկցողներուն առջեւ. ամբողջ ժողովուրդը իր ականջները Օրէնքի գիրքին ուշադիր էին։

4

Եզրաս դպիրը փայտէ 3բեմի մը վրայ կայնած էր, որ այդ 4առիթով շինած էին։ Անոր աջ կողմը կայնած էին՝ Մատաթիա, Սեմա, Անանիա, Ուրիա, Քեղկիա ու Մաասիա, իսկ ձախ կողմը՝ Փադայիա, Միսայէլ, Մեղքիա, Հասում, Ասբադանա, Զաքարիա ու Մեսուղամ։

5

Եզրաս գիրքը բացաւ ամբողջ ժողովուրդին աչքերուն առջեւ, որովհետեւ ինք ամբողջ ժողովուրդէն բարձր էր. երբ զայն բացաւ, ամբողջ ժողովուրդը ոտքի ելաւ։

6

Այն ատեն Եզրաս օրհնեց մեծ Աստուածը՝ Եհովան, եւ ամբողջ ժողովուրդը պատասխանեց. «Ամէ՜ն. ամէ՜ն», իրենց ձեռքերը վերցնելով։ Յետոյ իրենց դէմքը մինչեւ գետին խոնարհեցուցին ու Տէրոջ երկրպագեցին։

7

Յեսու, Բանի, Սարաբիա, Յամին, Ակկուբ, Սաբեթա, Ովդիա, Մաասիա, Կովղիտա, Ազարիա, Յովզաբադ, Անան, Փաղայիա եւ Ղեւտացիները ժողովուրդին կը հասկցնէին Օրէնքը. ժողովուրդը իր 5տեղը կայնած էր։

8

Անոնք Աստուծոյ Օրէնքին գիրքը յստակօրէն կարդացին, եւ իմաստը տալով կարդացուածը հասկցուցին։

9

Նէեմիա, որ 6Կառավարիչն էր, Եզրաս քահանան ու դպիրը, եւ ժողովուրդին սորվեցնող Ղեւտացիները ամբողջ ժողովուրդին ըսին. «Այս օրը Տէրոջ՝ ձեր Աստուծոյն 7սուրբ է, ուստի մի՛ սգաք ու մի՛ լաք». արդարեւ ամբողջ ժողովուրդը կու լար՝ երբ Օրէնքին խօսքերը կը լսէր։

10

Նաեւ անոնց ըսաւ. «Գացէ՛ք, 8համե՛ղ կերակուրներ՝՝ կերէք եւ քա՛ղցր ըմպելիներ խմեցէք, ու բաժիննե՛ր ղրկեցէք անոնց՝ որ ոչինչ պատրաստ ունին, քանի որ այս օրը մեր Տէրոջ սուրբ է։ Մի՛ վշտանաք, որովհետեւ Տէրոջ ուրախութիւնը ձեր 9զօրութիւնն է»։

11

Այն ատեն Ղեւտացիները ամբողջ ժողովուրդը լռեցուցին՝ ըսելով. «Լո՛ւռ կեցէք, որովհետեւ ասիկա սուրբ օր է, ու մի՛ վշտանաք»։

12

Ուստի ամբողջ ժողովուրդը գնաց ուտելու, խմելու, բաժիններ ղրկելու եւ մեծ ուրախութիւն ընելու, որովհետեւ իրենց բացատրուած խօսքերը հասկցան։


ՏԱՂԱՒԱՐՆԵՐՈՒ ՏՕՆԸ

13

Երկրորդ օրը՝ ամբողջ ժողովուրդին նահապետները, քահանաներն ու Ղեւտացիները Եզրաս դպիրին քով հաւաքուեցան, որպէսզի Օրէնքին խօսքերը հասկնան։

14

Օրէնքի գիրքին մէջ գրուած գտան թէ Տէրը Մովսէսի 10միջոցով պատուիրեր էր որ եօթներորդ ամսուան տօնին ատենը Իսրայէլի որդիները տաղաւարներու մէջ բնակին,

15

նաեւ իրենց բոլոր քաղաքներուն մէջ ու Երուսաղէմի մէջ 11քարոզեն եւ 12ծանուցանեն՝ ըսելով. «Լե՛ռը 13գացէք ու բերէ՛ք ձիթենիի ոստեր, 14վայրի ձիթենիի՝՝ ոստեր, մրտենիի ոստեր, արմաւենիի ոստեր եւ տերեւախիտ ծառերու ոստեր, որպէսզի տաղաւարներ շինէք, ինչպէս գրուած է»։

16

Ժողովուրդն ալ գնաց ու բերաւ, եւ իրենց տաղաւարներ շինեցին՝ իւրաքանչիւրը իր տանիքին վրայ, իրենց բակերուն մէջ, Աստուծոյ տան գաւիթներուն մէջ, Ջուրի դրան հրապարակին մէջ ու Եփրեմի դրան հրապարակին մէջ։

17

Գերութենէն վերադարձողներուն ամբողջ համախմբումը տաղաւարներ շինեց եւ տաղաւարներու մէջ բնակեցաւ։ Արդարեւ՝ Նաւեան Յեսուի օրերէն մինչեւ այդ օրը՝ Իսրայէլի որդիները այդպէս ըրած չէին, ու յոյժ մեծ ուրախութիւն եղաւ։

18

Ամէն օր Աստուծոյ Օրէնքին գիրքը կարդացուեցաւ, առաջին օրէն մինչեւ վերջին օրը։ Եօթը օր տօն կատարեցին, եւ ութերորդ օրը տօնախմբութիւն եղաւ՝ կանոնին համաձայն։



1 Եբր.՝ պատուիրած
2 Այսինքն՝ հասկնալու կարողութիւն ունեցողները
3 Եբր.՝ աշտարակի
4 Եբր.՝ պատճառով
5 Եբր.՝ կայանը
6 Կամ՝ Աթարսաթան
7 Կամ՝ սրբացուած
8 Եբր.՝ պարա՛րտ բաներ
9 Եբր.՝ ամրոցն
10 Եբր.՝ ձեռքով
11 Եբր.՝ լսել տան
12 Եբր.՝ ձայն անցընեն
13 Եբր.՝ դուրս ելէք
14 Եբր.՝ իւղի ծառի